ԼՈՅՍԸ ԿԸ ԼՈՒՍԱՒՈՐԷ

Լոյսը կեանք է, ուստի լոյսին էական նպատակը լուսաւորել է, այսինքն՝ ամէն ինչ երեւան բերել եւ ճշմարտութիւնը ցոյց տալ այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Արդարեւ, առանց լոյսի ամէն ինչ ծածուկ, գաղտնի պիտի մնար եւ շատ գաղտնիքներ պիտի չլուծուէին։

Արեւին, արեգակին, ելեկտրականութեան, ճրագին կամ մոմին տուածը նոյն լոյսն է՝ իրարմէ զօրութեան տարբերութեամբ։ Լոյսին բնական կամ արհեստական ըլլալը տարբերութիւն չ՚ըներ, քանի որ բոլորն ալ ի վերջոյ «լոյս» են։ Լոյսը արագ կ՚ընթանայ։

Լոյսը ամենէն արագ, սրընթաց էութիւնն է եւ այս իսկ պատճառով, լոյսը ամէն տեղ է՝ անժամանակ եւ անարգե՛լ։ Գործնականօրէն, մութը եւ խաւարը չեն կրնար խափանել լոյսը, բայց լոյսին փոքր մէկ շողը կը թափանցէ մութին եւ խաւարին եւ կը փարատէ, կը վանէ, կ՚անհետացնէ զանոնք։

Խաւարին ամենէն վտանգաւորը մտային եւ հոգեւոր խաւարն է եւ անոր զօրաւոր դեղթափը՝ լո՛յսն է, մտային եւ հոգեւոր լո՛յսը…

Լոյսը, լուսաւորութիւնը մարդկային ցեղին յառաջդիմութեան, ազատութեան, երջանկութեան երաշխիքը, հաւաստիքն է։

Զարմանալի չէ՞ որ մէկ արեւը ամբողջ տիեզերքը կը լուսաւորէ եւ ճրագ մը, մոմ մը սենեակ մը ամբողջ կրնայ լուսաւորել՝ բոլոր իրերը եւ դէմքերը կամ դէպքերը ճանաչելի եւ հասկնալի դարձնելով։ Ուրեմն, լոյսին յատկութիւնը վեհ է եւ զօրաւոր։ Լոյսը, ահաւասիկ, այս իմաստով կեանք է՝ կեանք ապահովող, կեանքին գոյատեւումը պահպանող կենսական եւ էական անվիճելի ճշմարտութիւն մըն է։

Լոյսը խափանել խաւարը նախընտրել կը նշանակէ, ինչ որ համազօր է չարամտութեան։ Անգամ մը որ մարդուն սիրտը մարած ճրագին եւ կամ նուաղած մոմին նմանի, հոն բոյն կը դնեն չարամտութիւններու բոլոր տեսակները։

Եթէ մարդ իր մարմնին անյարմար հագուստ հագնի, անճոռնի, այլանդակ երեւոյթ մը կը ներկայացնէ եւ լոյսին առջեւ անվայել տեսքը կը պարզուի։ Ասոր նման եթէ անձնասէր մարդն ալ իրեն չվերաբերող առաքինութիւններով եւ յատկութիւններով օժտել եւ զարդարել ուզէ իր անձը, անվայել եւ անյարմար հագուստի նման տարօրինակ երեւոյթ մը կը պարզէ։ Իրեն չվերաբերողը իր անձին եւ իր կեանքին չի յարմարիր մարդուն։

Ամէն մարդու հոգեւոր տարազը իր նկարագիրն է եւ իր մտաւոր պատկերը իր խելքը եւ զարգացումն է։

Ո՛չ ոք իր մտային կարողութենէն եւ տարողութենէն (capacité) աւելի իմացական լոյս կրնայ տալ եւ հոգեւոր զօրութենէն աւելի սրբակեաց, մաքրամաքուր կեանք կրնայ ապրիլ։ Երեւոյթները կրնան ժամանակաւոր կերպով պարագաները ծածկել ծածկող քօղի մը նման, բայց անոր վերցուելովը երեւան կու գան, կը յայտնուին։ Քանի որ. «Չկայ ծածուկ բան որ չյայտնուի եւ ոչ գաղտնիք մը՝ որ երեւան չելլէ». (ՄԱՐԿ. Դ 22)։

Մեղքը հոգւոյն խաւարն է եւ ըստ էութեան ծածուկ վատ արարք մըն է, զոր մարդս մթութեան կը մատնէ։ Սակայն ամէն խաւար ի վերջոյ կը պարտուի լոյսին եւ ճշմարտութիւնը երեւան կ՚ելլէ։

Մարդ, եթէ անդրադառնայ ճշմարտութեան՝ ի՛նքն է լոյսը. «Դուք էք աշխարհի լոյսը». (ՄԱՏԹ. Ե 14)։ Մարդ եթէ անդրադառնայ իր լոյսին…

Ուղղամտութիւնը, արդարադատութիւնը լուսաւոր նկարագիր մըն է եւ ճշմարտութիւնը կը նմանի այն ճրագին, որուն էութիւնը «լո՛յս» ըլլալով՝ նպատակն ալ լուսաւորել է։ Եւ մարդուն էական կոչումն է լուսաւորել, լոյսը տարածել շուրջիններուն եւ փարատել խաւարը։ Եւ վատութիւններ, մեղքեր որքան ալ ծածկուած ըլլան, օր մը հրապարակ կու գան ճշմարտութեան եւ արդարութեան արեւին լոյսին տակ։ Եւ մարդ լոյս է, քանի ունի զԱստուած…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024