ՕՐՄԱՆԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան, 16 Յու­լիս 1913 թուա­կա­նի՝ «Քա­հա­նա­յից լսա­րան»ի իր դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, «Հայ Ե­կե­ղե­ցին ինք իր մէջ. Բա­րե­կար­գու­թիւ­նը ի՞նչ ուղ­ղու­թեամբ պէտք է ըլ­լայ» նիւ­թով, ի մէջ այ­լոց կ՚ը­սէ, թէ՝ ծէ­սե­րու եր­կա­րու­թեան եւ կա­նոն­նե­րու խստու­թեան առ­թիւ, պէտք է ըն­դու­նիլ որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին քա­ղա­քա­կան պատ­ճա­ռով հար­կադ­րուեր է եր­բեմն տե­ղի տալ շատ մը պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու։ Նախ նշա­նա­կե­լի է Յու­նա­կան յար­ձա­կու­մը։ Միւս կող­մէ կը սկսէին յար­ձա­կիլ Հա­գա­րա­ցի­նե­րը, ո­րոնց դի­մադ­րե­լու հա­մար Հա­յե­րը կը հար­կադ­րուէին Յոյ­նե­րու օգ­նու­թիւ­նը խնդրել. բայց Յոյ­նե­րը ի­րենց այդ օգ­նու­թիւ­նը ըն­ձե­ռե­լու հա­մար, կրօ­նա­կան կամ դա­ւա­նա­կան պայ­ման­ներ կը դնէին, կը սա­կար­կէին պար­զա­պէս։ Այս պատ­ճա­ռով է որ ծէ­սե­րու եւ կա­նոն­նե­րու մէջ ա­ւե­լադ­րու­թիւն­ներ ե­ղան։

Ու­րեմն երբ ներ­կայ հարց մը կը փոր­ձուի լու­ծել, պայ­ման է այդ հար­ցին ան­ցեա­լը ու­սում­նա­սի­րել՝ պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ նկա­տի ու­նե­նալ եւ ըստ այնմ վա­րուիլ կամ շար­ժիլ՝ ար­դիւ­նա­ւոր եզ­րա­կա­ցու­թեան մը եւ շի­տակ լու­ծու­մի մը հաս­նե­լու հա­մար ընդ­հան­րա­պէս։

Այս ուղ­ղու­թեամբ տես­նենք, թէ ի՛նչ կ՚ը­սէ բա­րե­կար­գու­թեան մա­սին Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան։

«Արդ, ե­թէ կ՚ու­զուի բա­րե­կար­գու­թիւն, պէտք է հի­նը փնտռել. դառ­նալ նախ­նա­կան, սկզբնա­կան կէ­տե­րուն, պէտք է վերց­նել վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րու ա­ւե­լադ­րու­թիւն­նե­րը։ Սի­մոն Կա­թո­ղի­կոս -Տէր ո­ղոր­մեա- մը եր­գեր է մաս­նա­ւոր պա­րա­գա­յի մը առ­թիւ. ա­սի­կա քա­նի մը ան­գամ եր­գուեր է, եւ յե­տոյ հաս­տա­տուն սո­վո­րու­թիւն ե­ղեր է՝ իբ­րեւ թէ Լու­սա­ւոր­չա­ւանդ ծէս ըլ­լար։ Նոյն­պէս Շնոր­հա­լին եր­գեր է շատ կտոր­ներ, ո­րոնք մնա­ցեր են Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, հե­տե­ւա­պէս հարկ չեմ տես­ներ ը­սել, թէ պէտք է բա­րե­կար­գու­թիւն ը­նել դա­րուս ո­գիին հա­մա­ձայն, այլ լա­ւա­գոյն կը սե­պեմ ը­սել թէ պէտք է վեր­ջին պա­տուաս­տում­նե­րը եւ ա­ւե­լորդ­րու­թիւն­նե­րը զեղ­չել։

«Ծէ­սե­րը եւ կա­նոն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար, բա­ւա­կա՛ն է հին Կա­նո­նա­գիր­քե­րը զտել, եւ Ե­կե­ղե­ցին հասց­նել իր հնա­ւանդ հաս­տա­տու­թեան օ­րե­րուն, ինչ որ ա­ւե­լի օ­րի­նա­կան է. եւ մեր Ե. դա­րու Ե­կե­ղե­ցին շատ ա­ւե­լի պարզ է, քան ինչ­չափ որ այժմ պար­զել կ՚ու­զուի, եւ շատ դիւ­րին բան է պա­տա­հա­կան յա­ւե­լուած­նե­րը հետզ­հե­տէ խա­փա­նել։

«Ե­կե­ղե­ցա­կան բարձր աս­տի­ճան­ներ վա­նա­կան­նե­րուն ի­րա­ւուն­քը չէին, այլ քա­հա­նա­նե­րուն. վար­դա­պե­տու­թիւն չի հա­մա­րուիր քա­հա­նա­յա­կան աս­տի­ճան­նե­րուն մէջ։

«Տա­կա­ւին ձեռ­նադ­րու­թեանց մէջ ե­պիս­կո­պո­սա­ցուն քա­հա­նա­յա­կան շուր­ջա­ռով եւ սա­ղա­ւար­տով կը ներ­կա­յա­նայ, եւ ձեռ­նադ­րո­ղը կը կո­չէ զայն ուղ­ղա­կի.- Ի քա­հա­նա­յու­թե­նէ յե­պիս­կո­պո­սու­թիւն։ Ըստ այսմ, կու­սակ­րօ­նու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան յա­ւե­լ­­ուած մըն է ե­պիս­կո­պո­սա­նա­լու հա­մար։ Խնդի­րը իր հիմ­նա­կան ձե­ւին դարձ­նել դժուար չէ, բայց պէտք է ժո­ղովր­դա­կան նա­խա­պա­շա­րում­ներն ալ հա­շի­ւի առ­նել։ Ես ան­ձամբ քա­նիցս ու­զե­ցի քա­հա­նա­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դա­կան պաշ­տօն տալ, բայց ժո­ղո-վըր­դա­յին նա­խա­պա­շար­ման բաղ­խե­ցայ։

«Պա­տա­հած ալ է որ բա­րե­պաշ­տա­կան պարզ սո­վո­րու­թիւն մը ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մէջ դար­ձեր է օ­րէ՛նք։

«Սի­մոն Կա­թո­ղի­կո­սի -Տէր ո­ղոր­մեան-՝ ինչ­պէս յի­շե­ցի, Լու­սա­ւոր­չի չափ հին կարծուեր է։ Օրհ­նու­թեան տա­սը պատ­կեր քա­ղուա­ծը Մով­սէս Տա­թե­ւա­ցիէն է, այն ալ -ե­թէ կա­միս ա­սել՝ ա­սա- պայ­մա­նով, բայց ան­խու­սա­փե­լի պարտք է դար­ձեր։ Սա­հա­կին եւ Ման­դա­կու­նիին ժա­մա­գիր­քը եւ Մաշ­տո­ցը շատ ա­ւե­լի հա­մա­ռօտ են։

«Կի­րա­կի օ­րե­րու ժա­մեր­գու­թիւ­նը եր­կա­րելն ալ իր բա­ցատ­րու­թիւ­նը ու­նի։ Գի­տենք որ հրա­մա­յուած է Կի­րա­կին սուրբ պա­հել եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ամ­բողջ օ­րը հո­գե­ւոր գոր­ծե­րով կը զբա­ղին։ Այս նկա­տու­մով Ե­կե­ղե­ցին ու­զած է եր­կա­րել կի­րակ­նօ­րեայ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հի­մա­կուը­նէ ալ ա­ւե­լի էին, զի ե­թէ հին պա­տուէր­նե­րու հե­տե­ւէինք, պէտք էր կար­դալ Ճա­ռըն­տիր, Յայս­մա­ւուրք, Սաղ­մոս ե­ւայլն, որ­պէս զի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը հո­գե­ւո­րով զբա­ղեց­նե­լու դիւ­րու­թիւն ճա­րուի։ Այ­սօր ա­սոնք հա­մա­ռօ­տուած են, եւ կրնան ա­ւե­լի ալ հա­մա­ռօ­տուիլ, զի կար­ծես թէ այ­սօր ժո­ղո­վուր­դը -սուրբ- օ­րը -ան­սուրբ- ը­նե­լու ե­տե­ւէ է։

«Միւս կող­մէ Կի­րա­կիէն դուրս ու­րիշ օ­րեր տօն պա­հե­լու սո­վո­րու­թիւն չու­նէր Հայ Ե­կե­ղե­ցին, եւ Տէ­րու­նա­կան տօ­ներ Կի­րա­կի օ­րե­րու կը փո­խադ­րուէին, ինչ­պէս Այ­լա­կեր­պու­թիւն, Վե­րա­փոխ­ման եւ Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւար­նե­րը։ Ս. Աս­տուա­ծած­նի տօ­նե­րէն ա­նոր Ծնուն­դը, Յղու­թիւ­նը եւ Ըն­ծա­յու­մը վեր­ջին դա­րե­րու մէջ մտած են։ Հին Տօ­նա­ցոյ­ցե­րու մէջ Ս. Աս­տուա­ծած­նի Ծնուն­դը նշա­նա­կուած է Խա­չի Բա­րե­կեն­դա­նի Կի­րա­կին։ Ա­ւե­տումն ալ օ­տար­նե­րու հե­տե­ւո­ղու­թեամբ լուր օ­րուան կը մնայ։ Նոյն իսկ Քրիս­տո­սի Համ­բարձ­ման տօ­նը բուն Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զար­դին կը տօ­նուէր, ինչ­պէս ժա­մեր­գու­թեանց կար­գա­ւո­րու­թե­նէն, եւ նա­խա­տօ­նակ չըլ­լա­լէն կը քա­ղուի։

«Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան հա­մար ալ նշան­ներ կան թէ Կի­րա­կիի փո­խադ­րուէր։ Ար­դէն Հայ Ե­կե­ղե­ցիին հա­մար ան­սո­վոր է Եր­կու­շաբ­թիէ զատ օ­րէ շա­բա­թա­պահ­քը սկսիլ, ինչ­պէս հի­մա կ՚ըլ­լայ Ծնուն­դի պահ­քին։ Ծննդեան Դ. օ­րուան շա­րա­կա­նը՝ «Այ­սօր Գաբ­րիէլ եր­գեաց սրբոյ կու­սին ա­ւե­տիս»՝ բա­ցա­յայտ է որ Դշ. օ­րուան հա­մար գրուած է, որ Ա. օ­րը Կի­րա­կի հա­շուե­լով Դ. օր կ՚ըլ­լայ։ Նոյն­պէս Զ. օ­րուան Ղա­զա­րու Ա­ւե­տա­րան կար­դա­ցուի­լը նշան է թէ Ուր­բաթ օ­րուան կը զու­գա­դի­պէր, ո­րուն մէջ միշտ ննջե­ցե­լոց յի­շա­տակ կ՚ըլ­լայ։ Ը. օ­րը սո­վո­րու­թիւն ու­նինք տօն կա­տա­րել, որ Կի­րա­կիի զու­գա­դի­պե­լուն մէկ ա­պա­ցոյցն է։ Իւ­ղա­բե­րից յա­տուկ երգ ու­նե­նա­լը ա­ռա­ջին օ­րուան Կի­րա­կի ըլ­լա­լուն նշանն է։

«Սա­կայն ա­սոնք մաս­նա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թեանց նիւ­թեր են…։

«Այս­պէս, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մէջ ներ­քին պատ­ճառ­նե­րով կամ ար­տա­քին ազ­դե­ցու­թեանց հե­տե­ւան­քով ե­ղած են ա­ւե­լոր­դադ­րու­թիւն­ներ։

«Ա­հա­ւա­սիկ, այս բո­լոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը յստա­կօ­րէն կը հաս­տա­տեն, թէ կարգ մը ծի­սա­կան յա­ւե­լում­նե­րը Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյն մէջ, իբր երկ­րոր­դա­կան կէ­տեր, պէտք կ՚ըլ­լայ զտել, մաք­րել, եւ Ե. դա­րու պար­զու­թեան վե­րա­ծել։

«Բայց այս ձեռ­նար­կը պէտք է կա­տա­րել շատ մեծ խո­հե­մու­թեամբ, շրջա­հա­յեաց զգու­շու­թեամբ, այն ալ աս­տի­ճա­նա­բար կար-­գադ­րել, եւ ո՛չ ա­մէն­քը մէ­կէն, զի «Զտկա­րու­թիւն տկա­րացն բառ­նալ» օ­րէ՛նք է ա­ռա­քե­լա­կան։

«Մենք ալ կ՚ըն­դու­նինք թէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին պէտք ու­նի բա­րե­կար­գու­թեան, բայց վեր­ջա­մուտ եւ օ­տա­րա­մուտ մա­սե­րը յա­պա­ւե­լու սկզբուն­քով, ո՛չ թէ «Դա­րուս ո­գիին պատ­շա­ճեց­նե­լու» այլ իր նախ­նա­կան պար­զու­թեան դարձ­նե­լու հա­մար, թէեւ ար­դիւն­քը ժա­մա­նա­կիս պա­հան­ջած թե­թե­ւու­թիւն­նե­րը ար­տադ­րէ։ Այդ պար­զու­թեան դառ­նա­լու հա­մար, թէ­պէտ պէտք է ա­ւե­լորդ եւ օ­տա­րո­տի պա­տուաստ­նե­րը վերց­նել, բայց ո՛չ ա­մէն մարդ իր խել­քով կրնայ ը­նել այդ բա­նը…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Մարտ 16, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017