ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻՆ

Մեծ պահ­քի շրջա­նի հին­գե­րորդ Կի­րա­կին կը կո­չուի «Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կին»՝ ուր կը պատ­մուի այ­րի կնոջ մը համ­բե­րու­թեան եւ յա­րա­տե­ւու­թեան շնոր­հիւ ձեռք բե­րած բա­րո­յա­կան յա­ջո­ղու­թեան մա­սին։ Այս պատ­մու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս կը պատ­շա­ճի ա­ղօթ­քի մէջ յա­րա­տե­ւու­թեան, ան­ձանձ­րոյթ եւ անվ­հատ ըլ­լա­լու եւ ա­ռանց յու­սալ­քուե­լու շա­րու­նա­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։

Ար­դա­րեւ, կեան­քի մէջ յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք ձգե­լու անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րէն մէկն է՝ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը, որ հա­մըն­թաց՝ աշ­խա­տու­թեան հետ, ի վեր­ջոյ կը պսա­կուի յաղ­թու­թեամբ։ Ուս­տի, ինչ­պէս ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ՝ ժայռ մը ծա­կե­լու հա­մար վրան հո­սած ջու­րին ո՛չ թէ քա­նա­կը, այլ ջու­րին կա­թիլ­նե­րուն յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը պէտք է։ Մեծ քա­նա­կով ջու­րը չէ՛ որ կը ծա­կէ ժայ­ռը, այլ՝ փոքր կա­թիլ­նե­րու յա­րա­տե­ւու­թի՛ւ­նը։

Ա­ղօթ­քի մէջ ալ պա­րա­գան նո՛յնն է՝ յա­րա­տեւ ա­ղօթքն է որ կը հաս­նի իր նպա­տա­կին, կը լսուի եւ կը կա­տա­րուի՛։ Բայց պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լալ, թէ՝ կրկնու­թիւ­նը եւ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր եւ նոյ­նիսկ հա­կա­դիր ե­րե­ւոյթ­ներ են, կրկնու­թիւ­նը ձանձ­րոյթ կը պատ­ճա­ռէ եւ այդ պատ­ճա­ռով վնա­սա­կա՛ր է, լաւ ար­դիւնք չի տար, այլ յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը կը տպա­ւո­րէ, ա­ռինք­նող զօ­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ, հրա­պու­րիչ ուժ մըն է՝ որ ի վեր­ջոյ կը հասց­նէ են­թա­կան իր նպա­տա­կին։ Յա­րա­տե­ւու­թիւ­նը՝ աշ­խա­տու­թեան ար­դիւ­նա­բեր ըլ­լա­լուն ա­մե­նա­մեծ օ­ժան­դա­կը, գոր­ծա­կիցն է։ Ա­ռանց յա­րա­տե­ւու­թեան ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք ար­դիւ­նա­ւոր չ՚ըլ­լա՛ր, հա­պա թե­րա­ւարտ եւ ա­պար­դիւն կը մնայ։ Ա­սի­կա, որ­քան մարմ­նա­կան աշ­խար­հա­յին կեան­քի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, նո՛յն­քան ալ պէտք է բա­րո­յա­կան-հո­գե­ւոր կեան­քի հա­մար։

Քա­նի որ «Դա­տա­ւո­րի Կի­րա­կի»ի այս պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կը սոր­վեց­նէ ա­ղօթ­քը, ա­ղօ­թե­լու կեր­պը, ու­րեմն տես­նենք, թէ ի՛նչ է ա­ղօթ­քը։

Ա­ղօթ­քը, իր ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով, Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն է՝ Ա­նոր հետ յա­րա­բե­րուե­լու եւ կապ հաս­տա­տե­լու մի­ջոց մը։ Այս ի­մաս­տով, ա­ղօթ­քը՝ աս­տուած­ճա­նա­չու­թեան եւ հե­տե­ւա­բար աս­տուած­սի­րու­թեան ա­ռա­ջին պտուղն է։ Ուս­տի ա­ղօթ­քի նա­խա­պայ­մա՛նն է սէ­րը, եւ քա­նի որ սէ­րը յա­րա­տեւ զգա­ցում մըն է, եւ ու­րեմն ան պէտք է ըլ­լայ շա­րու­նակ, անվ­հատ, տե­ւա­կան, որ­պէս­զի ամ­բող­ջա­նայ եւ հաս­նի իր նպա­տա­կին։

«Ուս­տի հա­մար­ձակ կեր­պով կը դի­մենք Աս­տու­ծոյ, այն վստա­հու­թեամբ՝ որ երբ իր կամ­քին հա­մա­ձայն բան մը խնդրենք՝ կը լսէ մեզ։ Եւ երբ գի­տենք թէ մեր խնդրանք­նե­րը կը լսէ, գի­տենք նաեւ՝ թէ պի­տի ստա­նանք ի՛նչ որ կը խնդրենք իր­մէ» (Ա. ՅՈՎՀ. Ե 14-15)։­

Ա­ղօթ­քը մտքին եւ հո­գիին ա՛չքն է, ո­րուն մի­ջո­ցով կը մտա­ծենք Ի­մաս­տու­թեան մա­սին եւ կը զգանք Հո­գիին ներ­կա­յու­թիւ­նը մեր հո­գիին մէջ։ Եւ որ­քան մեծ է սէ­րը, այն­քան զօ­րա­ւոր կեր­պով կ՚ար­տա­յայ­տուի ա­ղօթ­քը եւ այն­քան վե՛ր կը սլա­նայ եւ կը մօ­տե­նայ Աս­տու­ծոյ։ Եւ քա­նի որ սէ­րը յա­րա­տեւ է, ու­րեմն ա­ղօթքն ալ պէտք է յա­րա­տեւ ըլ­լայ։

Սէ­րը բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու աղ­բիւրն է, եւ ու­րեմն ա­ղօթ­քին ալ նա­խա­պատ­ճա՛ռն է ա­նի­կա։

Ու­րեմն ա­ղօթ­քը անհ­րա­ժեշտ է հո­գիին ե՛ւ մտքին հա­մար, ո­րոնք պա­հանջ­քը ու­նին հետզ­հե­տէ ազ­նուա­նա­լու եւ զար­գա­նա­լու, ա­սոր հա­մար ալ պէտք է հա­ղոր­դակ­ցիլ Հո­գիին հետ եւ Ի­մաս­տու­թեան հետ՝ ո­րոնք Աս­տու­ծոյ նկա­րա­գիրն են, Աս­տու­ծոյ բնու­թիւ­նը, Աս­տուած Ի՛նք։ Ուս­տի ա­մէն ժա­մա­նակ եւ ա­մէ­նու­րեք, ինչ վի­ճա­կի եւ կա­ցու­թեան մէջ ալ ըլ­լայ մարդ, ա­ռողջ կամ հի­ւանդ, յա­ջո­ղած կամ ձա­խո­ղած, պէտք է մտքին ու սրտին մէջ զգայ Աս­տուած, ապ­րի Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը, փա­ռա­ւո­րէ զԱյն, գո­վէ եւ օրհ­նէ։ Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, այս կը նշա­նա­կէ՝ «ա­ղօ­թե՛լ»։ Ար­դա­րեւ սէ­րը յա­րա­տեւ յայտ­նե­լով է որ միշտ վառ ու կեն­դա­նի՛ կը մնայ։

Բազ­մա­թիւ ա­ղօթ­քի ձե­ւեր, բա­նա­ձե­ւեր կան, բայց ո՜ր­քան պարզ եւ ազ­դո՛ւ է Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի «Հա­ւա­տով խոս­տո­վա­նիմ»ը՝ ա­մէ­նօ­րեայ յա­րա­տե­ւու­թեան մը հրա­շա­լի՜ օ­րի­նա­կը։

Նաեւ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Ա­ղօ­թա­կան Մա­տեան»ը՝ հիա­նա­լի՜ տի­պար մըն է ա­ղօթ­քի։

Այս ի­մաս­տով, ա­ռանձ­նա­կան ա­ղօթ­քը շատ օգ­տա­կար է եւ նպա­տա­կա­յար­մա՛ր։ Մարդ ա­ռանձ­նու­թեան մէջ ա­ւե­լի կրնայ մտեր­մա­նալ, հասկ­նալ եւ հասկ­ցուիլ, իր հո­գիին մէջ խո­րա­նալ եւ հոն գտնել Հո­գին, որ ա­մէն ա­ռա­քի­նու­թեան, ա­մէն բա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան ստեղ­ծի՛չն է։ Մար­դուս հո­գին քա­նի որ շունչն է Սուրբ Հո­գիին, ա­նոր մաս­նի­կը, ա­պա ու­րեմն պէտք է հա­ղոր­դակ­ցի Ա­նոր հետ եւ զօ­րա­նայ ու գո­յա­տե­ւէ Ա­նոր զօ­րու­թեամբ։

Եւ երբ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը յայտ­նուի ա­ռանձ­նա­կան ա­ղօթ­քին, ա­սի­կա եր­բեք չի նշա­նա­կեր ան­տե­սել հա­ւա­քա­կան-հա­սա­րա­կաց ա­ղօթ­քին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, քա­նի որ Յի­սուս Ի՛նք կը վկա­յէ ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թեան երբ կ՚ը­սէ. «Եւ կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ե­թէ ձեզ­մէ եր­կու հո­գի երկ­րի վրայ միա­բա­նեն ո­րե­ւէ խնդրան­քի հա­մար, ի՛նչ որ ալ խնդրեն՝ երկ­նա­ւոր Հայ­րը պի­տի կա­տա­րէ ա­տի­կա։ Ո­րով­հե­տեւ ուր որ եր­կու կամ ե­րեք հո­գի հա­ւա­քուին իմ ա­նու­նովս, ես հո՛ն եմ՝ ա­նոնց մի­ջեւ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 19-20)։ Եւ այս խօս­քը բա­ւա­րա՛ր է յայտ­նե­լու հա­ւա­քա­կան ա­ղօթ­քին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը եւ զօ­րու­թի՛ւ­նը։

Ու­րեմն հա­ւա­քա­կան ա­ղօթ­քը ան­տե­սել, կա­տա­րե­լու մէջ յու­լա­նալ եւ բա­ւա­րա­րուիլ ա­ռանձ­նա­կան ա­ղօթ­քով, կա­տա­րեալ ինք­նա­խա­բէու­թիւն մըն է, եւ թե­րա­ցում Աս­տու­ծոյ հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ։

Ա­ռանձ­նա­կան ա­ղօթ­քը եւ հա­ւա­քա­կան ա­ղօթ­քը զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նեն եւ կը կազ­մեն կա­տա­րեալ եւ ար­դիւ­նա­բեր հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը Աս­տու­ծոյ հետ։

Պօ­ղոս Ա. Ադ­րիա­նու­պոլ­սե­ցի Պատ­րիարք (1815-1823), «Խրա­տի թան­գա­րան»ին մէջ կ՚ը­սէ.

«Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րը՝ աշ­խար­հի վրայ ծա­գած ա­րե­ւի լոյ­սին կը նմա­նին։ Սա­կայն ինչ­պէս որ լոյ­սը վա­յե­լե­լու հա­մար աչ­քը անհ­րա­ժեշտ է, այն­պէս ալ Աս­տու­ծոյ շնորհ­նե­րը ըն­դու­նե­լու եւ ա­նոնց ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար ա­ղօթ­քը անհ­րա­ժեշտ է, քա­նի որ ա­ղօթ­քը՝ մտքի եւ հո­գիի ա՛չքն է»։­

Ուս­տի, ինչ­պէս որ մարդ, իր աչ­քը յա­րա­տեւ կը գոր­ծա­ծէ եւ եր­բեք պահ մը չի դադ­րիր զայն գոր­ծա­ծե­լէ, այն­քան ա­տեն որ կեանք ու­նի եւ կ՚ապ­րի, եւ կ՚ու­զէ հա­ղորդ ըլ­լալ աշ­խար­հի բա­րիք­նե­րուն հետ, ա՛յն­պէս ալ հո­գիին եւ մտքին հա­մար, մարդ պէտք է մշտա­պէս հա­ղոր­դուի Աս­տու­ծոյ հետ՝ կեան­քին, ի­մաս­տու­թեան ակ­նաղ­բիւ­րին հետ։ Ա­ղօթ­քի մէջ յա­րա­տե­ւու­թեան ի­մաս­տը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ այս ի­րո­ղու­թեան մէջ, եւ այն պա­հանջ­քին՝ թէ ա­ղօթ­քը սի­րոյ հե­ւե­տանք է եւ սէ­րը ինք­նին ան­վերջ, յա­րա­տեւ ե­րե­ւոյթ մըն է եւ կ՚ա­ճի յա­րա­տե­ւու­թեան մէջ։

Հո­գե­ւոր ա­մէն ար­ժէք տե­ւա­կան է՝ մշտնջե­նա­ւո՛ր եւ ու­րեմն ա­նոնք կը կազ­մա­ւո­րուին յա­րա­տե­ւու­թեան մէջ, ան­դա­դար եւ անվ­հատ աշ­խա­տան­քով, գոր­ծե­լով՝ ապ­րե­լով եւ ապ­րեց­նե­լո՛վ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 17, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017