ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ԷՇ ՁԵՒԱՑՈՒՐ - Ա. (Անձնական Կեանքէ)

Վերջերս ակներեւ է, որ մեր շրջանակներուն մէջ տեղի-անտեղի սկսած են ծնունդ առնել նոր Պօղոս առաքեալներ, որոնք մամուլի մէջ գրուած իւրաքանչիւր յօդուածի դիմաց իրենց բերնին մէջ ունին նոյն յանկերգը. «ո՛չ բանիւ, այլ գործով»:

Արտայայտուած լոզունգին հետ խնդիր չունինք. էապէս ճշմարիտ արտայայտութիւն, սակայն խնդիրը լոզունգասացներուն եւ անոնց արտայայտութեան ոճի եւ արտայայտաձեւին մէջն է: Այպանական ոճով մը կը փորձեն ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ իրենք կատարելապէս խօսքը դրած մէկ կողմ՝ լծուած են գործի, իսկ ուրիշներ կը բաւականանան խօսքերով: Այսպիսով կ՚ուզեն բանող ու գործող անհատի մը ազդեցութեան դրոշմ ունենալ կեղծել:

Առ այդ, անարժանաբար վերոյիշեալ մաշուած լոզունգին արժանացած գրչեղբայրներուս համար կ՚ուզեմ անձնական կեանքէս մի քանի տողեր մրոտել...:

Տակաւին 20 տարեկան էի, երբ Եւրոպայի երկիրներէն մէկուն ղեկավարը (բառին ամբողջական իմաստով) ամէ՛ն անգամ զիս տեսնելուն «քեզ մեր երկիր պիտի տանիմ» կ՚ըսէր, որուն շարունակ ժպիտով կը պատասխանէի: Խօսքը կատակ չէր. տարի մը ետք արդէն տոմսը, բնակութեան վայրը, երկիր մուտքի վաւերագիրը պատրաստ էր:

Գործը քարքարուտ՝ սակայն դուրեկան էր. պիտի երթայի մի քանի շրջաններէ կազմուած քաղաք մը, ուր հայկական դպրոց գոյութիւն չունի: Պիտի դասաւանդէի Հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, երաժշտութիւն: Միաժամանակ պիտի զբաղուէի երգչախումբի կազմութեամբ, Համազգայինով եւ մշակութային գործերով:

Ազգին ծառայելու եւ վերոյիշեալ էակներուն լոզունգներուն յագեցում տալու հրաշալի՜ պատեհութիւն:

Այսպիսով գացի Եւրոպա:

Նախքան գործուղղուած քաղաքս մեկնիլը, երկրին մէջ այցելութիւն տուի այն ղեկավարին՝ որ ինձ հրաւիրած էր: Նախքան մեկնիլս հետեւեալ խրատականը տուաւ. «Դուն քեզի էշ ձեւացուր. եթէ հարցնեն «այս կամ այն ինչը ընել գիտե՞ս» ո՛չ ըսէ, նորութիւններ մի՛ ըներ...»:

Ի՞նչ... բայց ինչո՞ւ համար. չէ՛ որ մեր լոզունգասացներուն համար պէտք է նուիրուիլ, պէտք է գործել: Ինչեւիցէ:

Մեկնեցայ քաղաք՝ սակայն ես տակաւին քաղաք չհասած, տակաւին բան մը չըրած հակառակորդներ ունէի... ինչպէ՞ս. քահանան զիս թիրախաւորած էր որպէս մրցակից՝ հաւանական յաջորդ քահանայ մը (գուցէ աւետարանէն ու եկեղեցական օրէնքներէն բան մը չգիտնալու «շնորհքին» պատճառով), թաղական անդամներ եւ կարգ մը ղեկավարներ «լրտես»ի տպաւորութիւն ունեցած էին. կու գայի քաղաք՝ որպէսզի իրենց գործ չընելը գուցէ տեղեկացնելու զիս գործուղղած ղեկավարներուն: Այս մթնոլորտին մէջ հասայ քաղաք՝ տոգորուած ազգին ծառայելու երանելի աշխատութեան ոգիով:

 Սակայն «էշ ձեւացնելու» տեսութիւնը այնքան ալ ըմբռնած չէի. ինչո՞ւ էշ ձեւանալ, երբ հայրենասիրութեան խանդով վառուած եկած ես հայկական դպրոց չունեցող հայորդիներուն հայերէն սորվեցնելու, խօսելու մեր պատմութեան մասին, զանոնք մօտիկ պահելու հայկականութեան:

Էշ չձեւացայ... չէշացա՛յ: «Ոչ բանի՛ւ, այլ գործով» կարգախօսին համաձայն ուզեցի գործել: Եւ ահաւասի՛կ արդիւնքը:

Ա.- ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ: Կը հաւատա՞ք, որ ես ի սկզբանէ ո՛չ հայերէնի, ո՛չ կրօնի, ո՛չ ալ հայոց պատմութեան դասեր տուի. քահանան փոխանցեց, որ մինչեւ միւս տարի գաղութիս ղեկավարութիւնը պատշաճ կը տեսնէ, որ դուն չդասաւանդես, միաժամանակ գաղութի ղեկավարներուն համոզելով՝ որ «Հրայրը տակաւին պատրաստ չի զգար ու ժամանակ կ՚ուզէ դասաւանդութիւններ կատարելու»: Բայց իրողութիւնը ո՞վ կրնար հասկնալ, երբ գաղութի ժողովները կը գումարուէր երկրի տեղական լեզուով... ժողով՝ ի նպաստ հայութեան, սակայն՝ օտար լեզուով. պատահական:

Այս մէկը ընկճումի պատճառ չեղաւ, որովհետեւ որոշած էի «աստուածային» օրէնքին հակառակ էշ չձեւանալ:

•շարունակելի

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԴԱՒԻԹ ԹՐԵԱՆՑ
(1840-1898)

Մեր թուականէն 181 տարիներ առաջ՝ 26 օգոստոս 1840 թուականին Պոլսոյ մէջ ծնած է դերասան Դաւիթ Թրեանց (Թուրեան):

Դաւիթ նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու վարժարանին մէջ եւ 1858 թուականին մեկնած է Վենետիկ, ուսումը շարունակելու Մխիթարեաններու Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ: Սակայն, դժբախտաբար, հիւանդութեան պատճառով առանց ուսումը ամբողջացնելու  վերադարձած է Պոլիս եւ զբաղուած՝ նկարչութեամբ:

Թրեանցի բեմական գործունէութիւնը սկիզբ առած է Պոլսոյ «Արեւելեան թատրոն»ին մէջ, 1861 թուականին, ստանձնելով «Երկու յիսնապետներ» թատերախաղի Գուստաւի դերը: Ապա անցած է Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան թատրոն»՝ 1868-1878 թուականներուն, միաժամանակ դերեր ստանձնելով նաեւ Պետրոս Մաղաքեանի թատերախումբին մէջ: Թրեանց աշխատակցած է նաեւ թատերական գործիչներ՝ Սերովբէ Պենկլեանի եւ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի հետ՝ երթալով Թիֆլիզ եւ Պաքու: Զանազան թատերական խումբերու հետ ներկայացումներ ունեցած է Պուլկարիոյ, Պոլսոյ, Թիֆլիզի, Եգիպտոսի եւ Պաքուի մէջ:

Դերասանութեան կողքին փորձ կատարած է նաեւ բեմադրութեան, պատրաստելով Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» եւ «Պաղտասար աղբարը»: Միաժամանակ շարունակած է զբաղուիլ նկարչութեամբ, որպէս նկարիչ աշխատելով հայ ճարտարապետ եւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի յայտնի քանդակագործ Սարգիս Պալեանի մօտ:

Դաւիթ Թրեանց մահացած է 20 օգոստոս, 1898 թուականին, Թիֆլիզի մէջ: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021