ԴԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵԶՐԱՀԱՆՈՒՄ

Մարդ՝ մտածող եւ նաեւ ենթադրութիւններ ընող բանաւոր էակ մըն է։ Եւ դարձեալ մարդ, ապաւինելով իր մտային կարողութեան, ենթադրութիւններով կ՚ուզէ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ ըստ այնմ որոշումներ տալ։ Բայց խնդրական է, թէ իր ենթադրութիւնները ո՛րքան ճիշդ են, եւ իր յանգած եզրակացութիւնները՝ որչափ նպատակայարմար։ Մտածող մարդը, արդարեւ պէտք չէ կանխակալ ըլլայ, այլ պէտք է բազմաթիւ ենթադրութիւններու մէջ զանազան հաւանականութիւններ նկատի առնելով առողջ եզրակացութեան մը յանգելու համար ջանք թափէ։

Պէտք չէ՛ մոռնալ, որ կեանքը լեցուն է անակնկալներով եւ բազմաթիւ հաւանականութիւններու մէջէն ճիշդ ճամբան գտնելով է, որ կրնայ իր նպատակին հասնիլ։ Եւ պէտք չէ՛ մարդ անմիջապէս որոշում մը տայ…։

Գիւղի մը մէջ ծերունի մը կ՚ապրէր։ Ան շատ աղքատ էր, սակայն թագաւորներ անգամ կը նախանձէին զինք, քանի որ ան հրաշալի՜ սպիտակ ընտիր ձի մը ունէր։ Շատեր գնել կ՚ուզէին այդ ձին եւ ծերունիին մեծ գումարներ կ՚առաջարկէին, բայց ան կ՚առարկէր ըսելով. «Այս ձին ինծի համար միայն ձի չէ, այլ անհատականութի՛ւն։ Ինչպէ՞ս կարելի է վաճառել մէկու մը համար իր ընկերը»։ Եւ այդ պատճառով ալ այդ աղքատ ծերունին չէր համարձակեր վաճառել իր այնքան սիրելի սպիտակ ընտիր ձին։

Առաւօտ մը, ծերունին նկատեց, որ ձին մսուրին մէջ չէ։ Ուստի հաւաքուեցաւ ամբողջ գիւղը եւ բոլորն ալ սկսան քննադատել ծերունին։ «Դուն յիմար ես», կ՚ըսէին անոր, եւ կը շարունակէին. «մենք արդէն գիտէինք որ օր մը պիտի գողցուի քու ընտիր ձիդ։ Լաւ չէ՞ր ըլլար որ վաճառէիր զայն»։

Այս քննադատութիւններուն պատասխանեց ծերունին եւ ըսաւ գիւղի հաւաքուած բնակիչներուն. «Ես չեմ գիտեր այդ ամբողջ պատմութիւնը։ Չեմ գիտեր, տեղեակ չեմ, թէ ձին հեռացա՞ծ է, թէ գողցուած-տարուած է ան։ Կայ փաստ, իսկ մնացածը՝ պարզապէս ենթադրութիւն է։ Արդեօք սա դժբախտութի՞ւն է, թէ օրհնութիւն, չեմ գիտեր, որեւէ գաղափար չունիմ այդ մասին, որովհետեւ սա միայն իրողութեան մէկ մասն է, եւ ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ այս եղելութենէն յետոյ»։

Գիւղացիները ծիծաղեցան ծերունիին վը-րայ։ Անոնք գիտէին, որ ծերունին տարօրինա՛կ է։

Այս դէպքէն 15 օր վերջ ձին անսպասելի կերպով ետ դարձաւ՝ իր հետ բերելով 4 քուռակ՝ ձիու ձագ։

Գիւղացիները դարձեալ հաւաքուեցան եւ ըսին. «Դուն իրաւացի էիր, ճիշդը կը խօսէիր ծերունի՛։ Այդ դժբախտութիւն չէր, այլ՝ օրհնութի՛ւն»։ Եւ ծերունին կրկին պատասխանեց. «Ես ամբողջ պատմութեան տեղեակ չեմ։ Գիտեմ, որ ձին չկար, բայց յետոյ ան ետ եկաւ։ Ո՞վ գիտէ. սա օրհնութի՞ւն է, թէ՝ ո՛չ։ Եթէ դուք միայն նախադասութեան մէկ բառը կարդացեր էք, ինչպէ՞ս կարող էք պատկերացում կազմել ամբողջ գիրքի վերաբերեալ»։

Սակայն, մարդիկ, այնուամենայնիւ, կը կարծէին, որ ծերունին սխա՛լ է. չէ՞ որ աւելի շատ ձի ունի հիմա։

Ծերունին մէկ հատիկ որդի մը ունէր։ Որդին սկսաւ քշել այդ քուռակներէն մին եւ շաբաթ մը վերջ ինկաւ եւ ոտքը վիրաւորուեցաւ։ Եւ գիւղացիները նորէն ըսին ծերունիին. «Ինչպիսի՛ դժբախտութիւն։ Քու մէկ հատիկ զաւակդ զրկուեցաւ քալելէ. ան հնարաւորութիւնը չունի քալելու, չէ՞ որ ան քու միակ յենարանդ էր։ Լաւ չէ՞ր ըլլար, որ ձին վաճառէիր, գոնէ հիմա գումար մը կ՚ունենայիր»։

Եւ ծերունին կրկին պատասխանեց. «Դուք համակուած էք սխալ ենթադրութիւններ ընելով։ Այդքան հեռու մի՛ երթաք։ Ես գիտեմ, որ որդիս ինկած եւ ոտքը վիրաւորած է։ Ոչ ոք գիտէ՝ թէ այդ դժբախտութի՞ւն է, թէ՛ օրհնութիւն»։

Եւ այնպէս պատահեցաւ, որ մի քանի շաբաթ յետոյ պատերազմ սկսաւ այդ երկրին մէջ, եւ ամբողջ երիտասարդութիւնը բանակ կանչուեցաւ։ Միայն ծերունիին որդին կենդանի մնաց, քանի որ հաշմանդամ էր եւ չէր կրցած մասնակցիլ պատերազմին։

Բոլորը լացուկոծի մէջ էին, որովհետեւ պատերազմի մէջ երկիրը պարտութիւն էր կրած եւ մեծաքանակ երիտասարդներ զոհուած էին։ Ժողովուրդը եկաւ ծերունիի մօտ եւ ըսաւ. «Դուն ճիշդ էիր, պարզուեցաւ, որ այդ օրհնութիւն էր ձեզի համար, որովհետեւ թէպէտեւ քու որդիդ հաշմանդամ է, բայց քու մօտդ է, իսկ մեր որդիները ալ չեն վերադառնար»։

Եւ կրկին ծերունին ըսաւ անոնց. «Դուք կը շարունակէք դատել եւ ենթադրութիւններ ընել։ Ես չեմ գիտեր ամբողջ պատմութիւնը, եւ ո՛չ ոք գիտէ։ Դատողութիւն կամ եզրահանում ընելը մտքի սառած, կանգ առած վիճակն է։ Մի՛ դատէք, այլապէս դուք երբեք կարող չէք բոլորի հետ մէկ ամբողջութիւն ըլլալ։ Իրականութեան մէջ ճանապարհորդութիւնը երբեք չ՚աւարտիր։ Մաս մը կ՚աւարտի, իսկ միւսը՝ կը սկսի։ Դուռ մը կը փակուի, միւսը՝ կը բացուի։ Դուք կը հասնիք գագաթին, բայց կը յայտնուի ուրիշ մը՝ աւելի բարձր գագաթ մը։ Կեանքը անվերջանալի ճանապարհորդութիւն մըն է»։

Ահաւասիկ ծերունիի մը տուած կեանքի հրաշալի՜ դասը. երբ դուռ մը կը փակուի, այդ կը նշանակէ որ ուրիշ դուռ մը անպայմա՛ն պիտի բացուի, ինչպէս երբ այս կեանքը վերջանայ՝ նո՛ր կեանք մը կը սկսի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 26, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2020