ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ - Ա -

«Եւ հրաման ըրաւ որ ժողովուրդը խոտին վրայ նստեցնեն։ Հինգ նկանակը եւ երկու ձուկը առաւ, դէպի երկինք նայելով օրհնեց եւ կտրելով նկանակները աշակերտներուն տուաւ եւ աշակերտները՝ ժողովուրդին։

Ամէնքը կերան եւ կշտացան եւ տասներկու կողով լեցուն աւելցած կտորուանքները վերցուցին։ Անոնք որ կերան, հինգ հազարի չափ այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 19-21)։

Աւետարանի մէջ հացի բազմացման դէպքերը, որ վերոյիշեալ հատուածը կ՚ակնարկէ առաջինին, կ՚արմատաւորուին մարգարէական գործերուն վերաբերող աւանդութեան մէջ, գործեր, որոնցմով Աստուած իր բարեացակամութիւնը եւ վեհանձնութիւնը կ՚արտայայտէ մարդոց նկատմամբ։

Հին կտակարանը կը յիշատակէ համանման դէպք մը, որ կատարուած է Եղիսէ մարգարէի կողմէ Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դարուն։

Կոչնականները թիւով աւելի քիչ էին, իսկ ողջերթի կերակուրը՝ աւելի առատ, սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ եւ ինչպէս Աւետարանի մէջ, անոնց առջեւ դրուած կերակուրի քանակը բնականաբար չէր թոյլատրեր, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կշտանայ։ Եղիսէն՝ Աստուծոյ մարդը, իր սպասաւորին կը յայտնէ Աստուծոյ կամքը. «Թող ուտեն եւ թող աւելնա՛յ»։ Ահա այդ դէպքը։

«Բահաղ-Սաղիսայէն մարդ մը եկաւ եւ Աստուծոյ մարդուն երախայրիքէն շինուած հացեր, քսան հատ գարեղէն հաց եւ թարմ հասկեր բերաւ իր պարկովը։ Եղիսէ ըսաւ.- Ժողովուրդին տուր, որպէսզի ուտեն։ Անոր ծառան ըսաւ.- Այս ի՞նչ է որ հարիւր մարդոց առջեւ դնեմ։ Բայց Եղիսէ ըսաւ.- Ժողովուրդին տո՛ւր, որպէսզի ուտեն, քանզի Տէրը այսպէս կ՚ըսէ.- Պիտի ուտեն եւ պիտի աւելնայ։ Եւ անոնց առջեւ դրաւ եւ կերան եւ Տէրոջը ըսածին պէս աւելցաւ». (Դ ԹԱԳ. Դ 42-44)։

Այսպէս, գարիի ընտիր ալիւրէ պատրաստուած հացերու բազմացման կը վկայէ Եղիսէ մարգարէն։

Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի կատարածը մօտ է անոր, որ բոլորը կերան կշտանալու, յագենալու աստիճան եւ տակաւին ուտելիք աւելցուեցաւ։ Այն ձեւը՝ որով պատմուած է այս դէպքը, առանձնակի նշանակութիւն կու տայ անոր։

Եթէ իրօք «հրաշք» կայ, ասիկա աւելի է, քան հրա՛շքը։

Ճաշը՝ որուն հիմնական սնունդը հա՛ցն է, շարունակութիւնը կը կազմէ ուսուցման մը։ Նախորդ դրուագը եւ ասիկա ներկայացուած են որպէս պատարագի մը երկու կարեւոր պահերը, խօսքի ծէս. (ՄԱՐԿ. Զ 30-34), որուն կը յաջորդէ Հաղորդութեան ծէսը։ Հացերու օրհնութեան համար գործածուած բառապաշարը շատ մօտ է այն բառապաշարին, որ Աւետարանիչը գործածած է Վերջին ընթրիքին համար, երբ Յիսուս սեղան նստած է իր տասներկու աշակերտներուն հետ Աւագ հինգշաբթի օրը, երեկոյեան. «Եւ մինչ դեռ կ՚ուտէին, Յիսուս հաց վերցնելով՝ օրհնեց եւ կտրեց, տուաւ անոնց եւ ըսաւ.- Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս». (ՄԱՐԿ. ԺԴ 22)։

Հացի բազմացման այս դրուագին մէջ աշակերտներ նոյնպէս Սուրբ Հաղորդութեան մերձեցման ի նպաստ դեր կը կատարեն։

Արդարեւ, Յիսուս սկզբնաղբիւր է այն կերակուրին՝ որմէ կ՚օգտուին ներկայ բոլոր անձերը. իսկ աշակերտները միջնորդներն են։

Սկիզբէն անոնք կողմնակից կ՚երեւին, որ բազմութիւնը ետ դառնայ, որովհետեւ չէին պատկերացներ, թէ ինչպէս կը կարողանան կշտացնել եւ գոհացում տալ այդքան ժողովուրդին. «Արձակէ ժողովուրդը որպէսզի երթան բոլորտիքը ագարակները եւ գիւղերը եւ իրենց հաց գնեն, վասնզի ուտելու բան մը չունին». (ՄԱՐԿ. Զ 36)…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•Պիտի շարունակուի…

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024