ԵԹԷ ԱՅԴՊԷՍ Է… Օ՛Ն ԴԷՊԻ ԴԺՈԽՔ

Շա՜տ շատեր կը հաւատան, որ մեղանչել ըսել է գողութիւն ընել, մարդասպան ըլլալ եւ կամ հոգեւոր արժէքները պղծել. հասարակութեան մէջ մեղքի ինչութեան մասին կազմուած է սխալ կարծրատիպ մը եւ շատ մը մեղքեր մարդու կեանքին «բնական» մէկ մասը նկատուելով դուրս եկած են մեղքի շարքէն եւ «ներում» ստացած են: Անոնց «ներում»ը կարելի է արդարացնել միայն այն ճշմարտութեամբ, որ եթէ մարդկութիւնը շարունակէր այդ բոլորը որպէս մեղք ընդունիլ՝ վստահաբար բոլորս ալ անխտիր գեհենի կրակին արժանի կը դառնայինք:

Գողութիւնը, մարդասպանութիւնը վստահաբար մեղքեր են, սակայն գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ մեղքեր, որոնք օրական դրութեամբ, վերոյիշեալ երկուքէն շա՜տ շատ աւելի գործածութիւն ունի մեր կեանքէն ներս:

Ա. Հայհոյութիւն.- երբեւէ եղա՞ծ է օր մը, որ հայհոյանք չլսէք. ցաւ ի սիրտ, հայհոյութիւնը այն մեղքերէն է, որ մարդկութեան մէջ տարածուած է եւ արդէն իսկ դուրս եկած է մեղքի իր հանգամանքէն եւ վերածուած է բնական սովորութեան մը, հակառակ այն իրողութեան, որ քրիստոնէականօրէն, նոյնիսկ մեր եկեղեցւոյ կողմէ այդ մէկը ընդունուած է որպէս մեղք:

Առաքեալը Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ոչ մէկ գէշ խօսք դուրս չի գայ ձեր բերանէն» (Եփեսացիս 4:29): Եթէ հայհոյութիւնը որպէս մեղք ընդունինք, կրնան վստահ ըլլալ, որ բոլորս ալ այսպէս կամ այնպէս մեղաւոր մըն ենք:

Սակայն անցեալին հայհոյութիւնը այսքան ալ բնական երեւոյթ մը չունէր. օրինակի համար, «Դատաստանագիրք Աստրախանի Հայոց» աշխատութեան մէջ կը տեսնենք բազմաթիւ նկատողութիւններ եւ օրէնքներ հայհոյութեան մասին. այս աշխատութեան մէջ գրուած օրէնքը կ՚ըսէ հրապարակաւ յանդիմանել ու պախարակել բոլոր այն անձերը, որոնք կը հայհոյեն եպիսկոպոսին, աբեղային, սարկաւագին, դատաւորին, պետական պաշտօնեաներուն, կիներուն, եղբօր եւ իր նմանին։ Հրապարակաւ յանդիմանութեան կողքին կը հրամայէ բանտարկութիւն՝ մինչեւ 40 օր, որպէսզի օրինակ ըլլայ այլոց, որպէսզի չհայհոյեն:

Նման օրէնք մը եթէ ի գործ դնէինք այսօր, փողոցներուն մէջ ամայութիւն պիտի տիրէր:

Աստուածաշունչին մէջ կարելի է բազմաթիւ տեղեր տեսնել հայհոյանքէ հեռու մնալու յորդորներուն. օրինակի համար, Պետրոս առաքեալ իր նամակին մէջ կը գրէ. «Ով որ կ՚ուզէ կեանքը սիրել եւ լաւ օրեր տեսնել, թող իր լեզուն չարութենէ հեռու պահէ եւ իր շրթունքը նենգութիւն չի խօսի» (հմմտ Ա. Պետրոս 3:10): Առաքեալներ հարց կու տան, թէ ինչպէ՞ս կարելի է նոյն բերանով օրհնել եւ նոյն բերանով անիծել եւ կամ հայհոյել. ինչպէ՞ս կարելի է... պէտք է պարզապէս տեսնել ու նայիլ մարդկութեան:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր կը տեսնենք, թէ հայհոյանքը բոյն դրած է շա՜տ շատերու բերնին մէջ. բնական երեւոյթ ստացած է արդէն իսկ հայհոյել բախտին, այս կամ այն անձի քրոջ եւ կամ մօր, մինչե՛ւ իսկ Աստուծոյ ու կրօնին:

Բ. Բամբասանք.- որպէսզի բամբասանքի մեղքի տարողութիւնը աւելի պարզ ըլլայ մեզի համար, յայտնենք, որ Աստուածաշունչին մէջ բամբասանքը հաւասար է մարդասպանութեան եւ պոռնկութեան (հմմտ Հռովմէացիս 1:29). եթէ այդպէս է, կ՚արժէ մտածել, թէ ինչքա՜ն շատ են մեր շուրջ մարդասպաններն ու պոռնիկները: Առաքեալներուն համաձայն բամբասելը ծոյլ ու անպէտք մարդոց գործ է:

Այս ազգերու մօտ չեմ գիտեր, սակայն հայութիւնս այս մեղքին մէջ առաջնահերթ դիրք մը կրնայ գրաւել, որովհետեւ բամբասելը մեր առօրեայ ազգային նկարագրին մաս կազմել սկսած է: Գրեթէ մեր բոլոր կիները, ինչու չէ նաեւ տղամարդիկ, «ես բամբասել չեմ սիրեր» լոզունգին տակ այնքա՜ն կը բամբասեն, որ իրենք իրենց սուտին անգամ չեն հաւատար:

Մեր եկեղեցւոյ հայրապետներէն Յովհան Մանդակունի իր «Յաղագս բամբասողաց եւ չդատելոյ զվարդապետսն» ճառին մէջ կ՚ըսէ. «Եւ արդ մի՛ զմիմեանս բամբասեսցուք. զի ըստ իւրաքանչիւր գործոց կալոց եմք առաջի Աստուծոյ»: Աւելին «Դատաստանագիրք Աստրախանի Հայոց» օրինագիրքին մէջ բամբասելը միայն ներելի կը նկատուի խենթերուն, որովհետեւ այդ ժամանակուան համոզումով մտապէս առողջ մարդը հեռու կը մնայ բամբասանքներէ:

Մեղքի հասկացութիւնը աւելիով ճանչնալու համար կ՚արժէ կարդալ մեր եկեղեցւոյ հայերու կողմէ հաստատուած «Մեղայի աղօթք»ը. այդտեղ կարելի է գտնել բազմաթիւ երեւոյթներ՝ որոնք այսօր որպէս մեղք չենք ընդունիր. յիշենք նման մի քանի մեղքեր.-

Մեղանչեցի... ծաղրով, անիծելով, տրտնջալով, դժգոհելով, բամբասելով, հայհոյելով, վիճաբանելով, ծուլութեամբ, ագահութեամբ մինչե՛ւ անգամ յօրանջելով:

Վերոյիշեալ երեւոյթներէն մէկը եւ կամ երկուքը եթէ բաւարար է դժոխքի գեհենին արժանանալու, վստահ ենք, որ բոլորս ուշ կամ կանուխ պիտի հանդիպինք այդտեղ, որովհետեւ այդ բոլորը մեր առօրեայ բնական կեանքին մաս կը կազմեն այսօր. բոլորը կը հայհոյեն, կը տրտնջան, կը ծուլանան եւ մանաւանդ կը բամբասեն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար ծխելը վնասակար է:

Պատասխան. Ծխելը մարդու առողջութեան վրայ վնասակար ազդեցութիւն մը ունի. ծխելը պատճառ կը դառնայ շնչառական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ կրնայ թոքերու քաղցկեղի պատճառ դառնալ: Բարձր է հաւանականութիւնը, որ ծխող մարդիկ ունենան սրտի հետ կապուած խնդիրներ: Կրնայ պատճառ դառնալ թոքերու, բերանի խոռոչի եւ կոկորդի հետ կապուած հիւանդութիւններու:

Բացի ներքին առողջութենէն ծխելը կ՚արագացնէ մարդու մաշկի ծերացումը. առողջ ապրելակերպի մը համար պէտք է չծխել, որովհետեւ ծխելու սովորութիւնը ձգելէ ետք մարդու մարմինը կը սկսի վերականգնիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2023