Ե՞ՐԲ ՄԱՐԴ ՊԻՏ՛ ԸԼԼԱՆՔ

Հայաստանը շատ մը հայերու համար ինչքան ալ յետամնաց, անհաճոյ վայր մը թուի ըլլալ, օտարներու համար կը շարունակէ գեղեցիկ ու զմայլելի վայր մը ըլլալ: Այդ մէկը փաստելու համար բաւարար է նայիլ վիճակագրութիւններուն. 2022 թուականին պետական յայտարարութեան համաձայն, Հայաստան մուտք գործած էր մօտաւորապէս 1.670.000 զբօսաշրջիկ, սակայն 2023 թուականի վիճակագրութիւններու համաձայն այդ թիւը բարձրացած է 31 առ հարիւր տոկոսով, հասնելով մօտաւորապէս 2.200.000-ի:

Սակայն հայկական գետնի վրայ վիճակը մտահոգիչ է. յաճախ կը խօսինք արտագաղթի մասին եւ այդ մէկը լոկ լոզունգ կը նկատուի, սակայն օրէ օր հայը կը հեռանայ իր հայրենիքէն եւ հայրենիքին հետ միասին կը հեռանայ նաեւ ինքնութենէն: Այդ դժբախտ երեւոյթը դարձեալ կարելի է փաստել վիճակագրութեամբ։ Անցեալ չորս տարիներուն Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան վիճակագրութիւնը արտագաղթի դժբախտ երեւոյթը կը դնէ մեր դիմաց. այսպէս.

2019 - 2.821.000 բնակիչ

2020 - 2.806.000 բնակիչ

2021 - 2.791.000 բնակիչ

2022 - 2.780.000 բնակիչ

2023 - 2.777.000 բնակիչ

Եթէ այսպէս շարունակուի, օր մը պիտի գայ, որ պիտի ունենաք Հայաստան՝ առանց հայու, որովհետեւ տարուէ տարի աճելու եւ բազմանալու փոխարէն կը հայաթափուինք, բնակչութեան թիւը աւելնալու փոխարէն կը պակսի ու կը պակսի։ Այս դժբախտ երեւոյթին դիմաց կ՚արժէ աչքէ մը անցընել նաեւ հակառակորդ պետութեան վիճակագրութեան, որ նոյն տարիներու ընթացքին իր բնակչութեան թիւը աւելցուցած է 4 առ հարիւր տոկոսով: Վերոյիշեալ վիճակագրութեան դիմաց կը մտածեմ, թէ ինչ տեսք պիտի ունենայ 2030-ի եւ կամ շատ աւելի վատը՝ 2040-ի վիճակագրութիւնները՝ անշուշտ եթէ աշխարհի երեսին գոյութիւն ունենայ Հայաստան եւ հայ՝ կորուստի ճամբու մէջ գտնուող հասարակութեամբ:

Հակառակ այս վիճակագրական տխուր պատկերներուն, բազմաթիւ օտարներ կը շարունակեն գալ Հայաստան՝ շատեր նոյնիսկ ապրելու եւ հաստատուելու, սակայն այս երեւոյթին դիմաց ի յայտ կու գայ հայկական տարօրինակ ու արտասովոր երեւոյթ մը։ Իր հայրենիքէն արտագաղթել ուզող հայը դէմ է այն գաղափարին, որ օտարներ գան եւ հաստատուին Հայաստան։ Մի քանի տարիներ առաջ Հայաստանի մէջ քննադատութան առարկայ էր ռուսերու ներգաղթը Հայաստան։ Հայաստանի մէջ ապրիլ չուզող հաւաքականութիւն մը չէր ուզեր նաեւ որ ռուսեր գան, հաստատուին եւ ապրին Հայաստանի մէջ: Նոյն այդ քննադատութեան ալիքը այժմ եւս ծայր տուած է, սակայն այս անգամ հնդիկներու դէմ, որոնք կու գան Հայաստան նոր կեանքի մը սկսելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան գաղթականներու պատասխանատու Նելլի Դաւթեանի յայտարարութեան համաձայն, 2015 թուականէն մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ կեցութեան իրաւունք ստացածներուն թիւը աւելցած է 90 առ հարիւր տոկոսով:

Կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդը այն եզակի ժողովուրդներէն մին պէտք է ըլլայ, որ գաղթականներու մասին ըսելիք մը չունենայ, որովհետեւ աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի ազգ մը, որ աւելի գաղթականներ ունեցած ըլլայ՝ քան հայ ժողովուրդը:

Տարօրինակ է հայը. կ՚ուզէ գաղթել, կ՚ուզէ ուրիշի կողմէ յարգանքով դիմաւորուիլ, սակայն չ՚ուզեր ընդունիլ ու դիմաւորել օտարը։ Կ՚ուզէ հայկականութիւն մը ստեղծել օտար ափերու մէջ, սակայն չ՚ուզեր, որ հնդիկը եւ կամ ռուսը իր մշակոյթն ու աւանդութիւնները ապրեցնէ: Կ՚ուզէ ու կը փորձէ օտարութեան մէջ հայերէն խօսիլ, հայերէն լեզուն պահել, սակայն կը նեղանայ երբ ռուսը ռուսերէն եւ կամ հնդիկը հնդկերէն խօսի եւ արտայայտուի: Այս մէկը անձնասիրութիւն մը չէ՞ արդեօք:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ լրատուական միջոցներ անցեալ մի քանի օրերուն հրապարակեցին հետեւեալ խորագրով լրատուութիւն մը. «Հնդիկները Հանրապետութեան հրապարակում քէֆ են անում»։ «Ազատութիւն»ի խոստովանութեամբ՝ հայեր քննադատութեամբ կը մօտենան այս երեւոյթին:

Այստեղ կու գանք հարցնելու «ԻՆՉՈ՞Ւ» կարեւոր հարցը. եթէ հնդիկներուն Հայաստանի մէջ ունեցած ուրախութիւնը նեղութիւն կը պատճառէ հայերուն, ուրեմն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերը եւս թող ուրախութիւններ չկազմակերպեն։ Կրնա՞ք պատկերացնել, եթէ ամերիկացի ժողովուրդը քննադատէ հայերու կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած քէֆերն ու ուրախութիւնները. հայը մարդ է, իսկ հնդիկը ո՞չ: Ցեղասպանութեան ժամանակ Սուրիա, Լիբանան, Եւրոպա մեզ պիտի ընդունի, սակայն Ռուսաստանի պատերազմի ժամանակ մենք պիտի չընդունի՞նք ռուսերը: Այս տրամաբանութեամբ կ՚ապրի այսօր հայը եւ այս ազգը խելքի հրաւիրելու լաւագոյն ձեւը գուցէ օր մը օտար երկիրներէ վտարուին եւ իրենց երեսի ջուրով վերադառնան Հայաստան:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, այսօր Հայաստանի մէջ կ՚ապրին մօտաւորապէս 3-4 հազար հնդիկներ։ Ի տարբերութիւն այս թիւին, յայտնենք, որ ԱՄՆ-ի մէջ ապրող հայերու թիւը 34285 առ հարիւր տոկոսով աւելի է՝ քան Հայաստանի մէջ ապրող հնդիկներու թիւը։ Այսօր ԱՄՆ-ի մէջ կ՚ապրի աւելի քան 1.200.000 հայ։ Այդ մէկը խնդիր չէ, սակայն 4 հազար հնդիկի Հայաստան հաստատուիլը մեծ խնդիր մըն է:

Ոչինչ, տակաւին «մարդ» ըլլալու համար ժամանակ ունինք, սակայն ո՛չ յոյս:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Աշխարհի մէջ հիւանդութեան քանի՞ տեսակ գոյութիւն ունի:

Պատասխան. Անընդհատ կատարուող բժշկական հետազօտութիւններու եւ քննութիւններու պատճառով դժուար է գոյութիւն ունեցող հիւանդութիւններու ճշգրիտ թիւը ըսել: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը եւ այլ առողջապահական կազմակերպութիւններ հազարաւոր հիւանդութիւններ յայտնաբերած են եւ կը շարունակեն յայտնաբերել:

Հիւանդութիւններու միջազգային կազմակերպութիւնը կազմած է տարբեր հիւանդութիւններու ուսումնասիրութիւններ, որոնց մէջ կատարուած է հիւանդութիւններու պատճառները, բուժման հաւանական միջոցները եւ այլն. այդ ցանկին համաձայն գոյութիւն ունի աւելի քան 14 հազար տեսակ հիւանդութիւններ: Սակայն 14 հազարը ամբողջութեամբ իրարմէ տարբեր հիւանդութիւններ կրնան չըլլալ. շատ մը հիւանդութիւններ իրենց մէջ ունին տարբեր բաժանումներ, այդ իսկ պատճառով շարունակուող ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ այդ թիւը կրնայ փոփոխութիւն կրել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024