ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆՇՄԱՐԵԼ

Կատարելութիւն նշմարելը կարճատեսութիւն կը համարուի ոմանց կողմէ, նոյնիսկ կուրութիւն՝ որ ահաւոր պատասխանատուութիւն մը կը հրաւիրէ։ Ուրիշներ ալ, իրատես են՝ կը տեսնեն թերութիւններ եւ տկարութիւններ եւ կ՚աշխատին զանոնք սրբագրել եւ կատարելագործել։ Շատեր ալ, կը ներկայանան իբր կատարեալներ՝ որոնք լեզուներուն եւ գիտութեան մէջ ստացած լիակատար պաշարը կը դնէ զանոնք այն բարձր մակարդակին վրայ՝ ուր դիւրաւ պիտի կարենան մրցիլ որեւէ անձի հետ եւ գերազանցել զանոնք։

Եւ քիչ կը մնայ որ զանոնք բաղդատեն նշանաւոր եւ կատարելութեան հասած անձերու հետ։ Միամի՛տ եւ պարզամի՛տ մարդիկ՝ որոնք գուցէ այդ պանծացումներով եւ սնափառութիւններով իրենց ունայնամտութիւնը գոհացնել կը միտին եւ անոնց վրայ իրենց շռայլած գովեստներէն իրենց վրայ ալ փառքի եւ պատիւի կաթիլներ թափուած տեսնելու մարմաջը ունին։ Ինքնախաբէութեան կատարեալ իրականացում մը…

Բարեբախտաբար, կը գտնուին խելահաս, իմաստուն անձեր՝ որոնք հեգնախառն եւ սկեպտիկ ժպիտով մը կը դիմաւորեն սնափառներու ունայնամտութեան արտայայտութիւնները։ Ոչ մէկ բան այնքան ահաւոր կերպով կը մկրատէ դեռահասի մը բարձրանալուն տենչացող թեւերը, որքան ծայրայեղ գովեստները անոր կարողութիւններուն եւ ընդունակութիւններուն մասին։ Դեռահասներու մէջ շփացումը եւ յաւակնութիւնը զարգացնելու համար, ասկէ աւելի ազդու «թոյն» չի կրնար գտնուիլ։

Իրաւ է թէ դեռահասը քաջալերելու եւ զարգացնելու համար կարեւոր ազդակ մըն է, պայմանաւ որ բժիշկի մը բծախնդրութեամբ, մարդ գիտնայ ենթակային հոգեբանութիւնը եւ անոր տրուելիք այդ զօրացուցիչին քանակը։ Արդարեւ, անհրաժե՛շտ է իրապաշտ ըլլալ՝ առանց չափազանցելու եւ ծայրայեղութեան դիմելու։

Ուստի, մարդ պէտք է արտասուէ իր թերութիւններուն վրայ՝ կատարելութեան հասնելու համար։ Ահաւասիկ, այն ատեն մարդուս թերութիւնները, տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները պիտի գեղեցկացնեն, պիտի զարգացնեն եւ պիտի ազնուացնեն իրենց թաքնուած ընդունակութիւնները, կարողութիւնները եւ ծածկուած տաղանդները։

Ոչինչ այնքան կը պզտիկցնէ մէկը, որքան ստորադասներու հանդէպ անոր տուած նախանձի տգեղ եւ վատ զգացումը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն կարողութիւնը, փորձառութիւնը, տաղանդը եւ յաջողութիւնը մանրադիտակով տեսնելու տկարութիւնը եւ թերութիւնը։ Եւ ոչինչ այնքան կը կատարելագործէ մարդը իրեն ցոյց տրուած անիրաւութեան մը հանդէպ՝ որքան իր ինքնամոռացութիւնը եւ անտարբերութիւնը, զինք անիրաւողներուն հանդէպ իր ազնուական եւ արդար չքմեղանքը եւ ներողամտութիւնը։

Իրերը եւ երեւոյթները իրենց մակերեսէն աւելի խորքէն դիտել եւ դատել վարժուողներուն համար, դէպքերը որքա՛ն կ՚այլափոխուին եւ նոյնիսկ ի՛նչ հակադրութիւններ կը պարզեն։ Ի՜նչ լռութիւններ կան, որ գոռ եւ հրալեզու պերճախօսութիւններէն աւելի թափանցող եւ տպաւորիչ են։ Ընկերային եւ համայնքային կեանքին մէջ ի՛նչ բացակայութիւններ կան, որ բազմաթիւ շողշողուն ներկայութիւններէ աւելի աչքառու են եւ ազդեցի՛կ։

Բարոյական կեանքի մէջ ի՛նչ անշշուկ նախանձներ կան, որ մեծադղորդ յառաջխաղացութիւններէ աւելի փայլուն եւ սխրալի յաղթանակներ ապահոված են։ Սրտի եւ հոգիի ի՜նչ զսպումներ կան, որ զգացումներու, խօսքերու եւ գործերու հրաբորբոք պոռթկումներէն աւելի ուժ, աւելի իմաստութիւն եւ քաջութիւն կը ցուցնեն։

Եւ չկա՞ն ձախողուածքներ ալ, որոնք յաջողութիւններէ աւելի՛ շինարար եւ օրհնաբեր հանդիսացած ըլլան…

*

Հիւանդը բժիշկին կը հարցնէ.

-Ե՞րբ ճաշեմ։

Բժիշկը կը պատասխանէ.

-Եթէ հարուստ ես՝ երբ որ անօթենաս, իսկ եթէ աղքատ ես՝ երբ որ ուտելիք բան մը ունենաս։

Կեանքը, ահաւասի՛կ, այսպիսի բան մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024