ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԼԵԶՈՒՆ

Ժամանակէ մը ի վեր էական նիւթ դարձած է Հայոց լեզուի պահպանման խնդիրը: Աւելի քան տասնեակ մը շեշտ կը դրուի լեզուի պահպանման, որովհետեւ աննշմար ձեւով կամաց կամաց մեր մայրենին կը փոխարինէ օտար լեզուներ (ինչ որ մեզ յառաջդիմած ըլլալու պատրանքը կու տայ) եւ կամաց կամաց կ՚անէանայ լեզուն:

Լեզուն կը մեռնի, որովհետեւ շատեր դժբախտաբար լեզուին կը նային լոկ որպէս հաղորդակցութեան միջոց եւ ո՛չ որպէս ինքնութիւն եւ դիմագիծ: Լեզուն կը մեռնի, որովհետեւ օտարինը աւելի՛ հմայիչ կը թուի ըլլալու շատերու համար՝ քան սեփականը: Աւելի՛ն, լեզուն կը մեռնի, որովհետեւ անտարբերութեան ու անփթութեան համաճարակ մը կը թափանցէ հասակ առնող սերունդին մէջ:

Ունինք արհաւրալից սերունդ մը, որ սկսած է օտարացած բառերը հայերէն կարծել (այդ մէկը օտարինը կը հայկականացնէ՞, թէ հայինը կ՚օտարացնէ... չեմ գիտեր): Այդ մէկը շատ անգամ սովորական կը թուի ըլլալ, սակայն աննշմար ձեւով առաջին սկզբնաքայլերն են ուծացման:

Աւելի քան կէս դար առաջ, Շահան Շահնուր կ՚ուզէր մունետիկը դառնալ կանխատեսուող բօթին՝ ըսելով. «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն...» ու շարունակելով իր մարգարէական ահազանգը կը կցէ. «...Եղան հայեր, որոնք իրենց մորթը փրկելու համար վճարեցին ոսկի. եղան ուրիշներ, որոնք տուին հաւատք, կուսութիւն. եղան անոնք, որոնք լքեցին տուն, տեղ, երկինք. եղան դեռ վատեր, որ ուրացան ազգ ու լեզու...»:

Շահնուր վատ կը կոչէ կեանքի անողոք հարուածը ստացած այն հայորդիները՝ որոնք փրկելու համար իրենց կեանքը ուրացան գրեթէ ամէ՛ն բան: Սակայն այսօրուայ իրավիճակը աւելի՛ վատթար է, քան ցեղասպանութեան ժամանակահատուածին: Այն ատեն մարդիկ ուրացան՝ փրկելու համար իրենց կեանքը, ազատելու համար մահուան ճիրաններէն, սակայն այսօր հակառակ այդ աղէտի չգոյութեան, մենք կամայ կը ստանձնենք Շահնուրի թուած դերերը:

Կը կարդայի Շահնուրի «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը». գրողը այնտեղ կը ներկայացնէր Ֆրանսա ապրող հայ մը. «Եպրաքսէն կոտրտած ֆրանսերէն կը խօսի, հայերէնի եւ թրքերէնի խառնուրդով» («Յարալէզներու դաւաճանութիւնը», էջ 150): Այսօր, սակայն, երեւոյթը ամբողջութեամբ յեղաշրջուած է: Ֆրանսա ապրող Եպրաքսիները (եթէ անշուշտ այդ անունը գործածողներ մնացին) կը խօսին կոտրտած հայերէ՛ն, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ ի՛նչ լեզուի խառնուրդով որ ուզէք:

Անցեալին հայը կը մտածէր հայերէն եւ կը փորձէր իր միտքը թարգմանել ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի. այսօր հայը կը մտածէ ֆրանսերէն՝ հայերէն թարգմանելու անկարող կացութեան մէջ գտնուելով: Անցեալին հայերէն բառերու ֆրանսերէն կամ անգլերէն տարբերակները կը մտածէինք. այսօր հայերէնը գտնելու համար կը չարչրկինք: Անցեալին օտար գրութիւն մը կարդալու համար օգնութեան կը դիմէին... այսօր Հայաստան այցելող «օտարացած» հայը օգնութիւն կը փնտռէ՝ կարդալու համար հայերէն երկտող մը: Գուցէ այս բոլորին համար է, որ Խաչատուր Աբովեան լեզուի մասին խօսած ժամանակ «Ա՜խ» մը կը քաշէ եւ այսօր այդ «ա՜խ»ը պէտք է փոխարինել լաց ու կոծով:

Բոլոր այս կացութեան մեղքը մեր վրայէն նետելու համար յաճախ կ՚արտայայտուինք. «Եկեղեցին թող մտածէ...», «կուսակցութիւններուն գործը ի՞նչ է. թող իրենք հետաքրքրուին...», «ազգը փրկելը ինծի մը մնաց...»: Այո՛, այդ ազգի փրկութիւնը այսօր իմ ու քո՛ւ ձեռքդ է, որովհետեւ եթէ մենք ազգի մը զաւակներն ենք՝ մեր ճիտին պարտքն է մեր մահամերձ ծնողքին՝ լեզուին ու ազգութեան վերակենդանացման մասին խորհիլ:

Սակայն ինչպէ՞ս մեղադրել ժողովուրդը, երբ մամուլը, որպէս առաջատար պահպանիչը լեզուի, ի՛նք կը սկսի օտարանալ: Ինչպէ՞ս լուռ մնալ, երբ պետութիւնը ներկայացնող կառոյցներ կը հրատարակեն հետեւեալ լուրերը. «Վարչապետը ընդունեց Ֆրանսայի Հումանիտար պատուիրակութիւնը», «Վարչապետը էկոնոմիկայի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարարին», որովհետեւ մենք չունինք տնտեսութիւն բառը: Ինչպէ՞ս ընդունիլ, երբ պետութեան մէջ կը ստեղծուի «Սպորտի եւ Կուլտուրայի նախարարութիւն», երբ ունինք մարզանք-մարզական ու մշակոյթ բառերը: Եւ եթէ սխալմամբ արեւմտահայ ես... պիտի ստիպուիս հայերէնէ հայերէն թարգմանիչ մը ունենալ, կարենալ հասկնալու համար:

***

Երբ ուսուցչութեան պաշտօնով գործուղղուեցայ Յունաստան, տեսայ հետեւեալ երեւոյթը: Հայ ընտանիքի մը մէջ կը ծնի մանուկ մը. ծնած օրէն մինչե՛ւ պատանեկութիւն մանուկին հետ կը խօսին յունարէն լեզուով: Պատճա՞ռ... «թող լեզուն շուտ սորվի...»: Այդպիսիները կը փորձէի այսպէս համոզել. մանուկը երբ սկսի մանկապարտէզ երթալ, դպրոց յաճախել, ուզէ կամ չուզէ պիտի սորվի տեղի յունարէն լեզուն (մանաւանդ որ գործուղղուած շրջանիս մէջ հայկական վարժարան չկար): Հետեւաբար չէ՞ք կարծեր, որ հայերէն լեզուի իմացութիւնը առաւելութիւն պիտի ըլլայ այդ մանուկին համար, որովհետեւ օտարութեան մէջ ապրելով կամայ թէ ակամայ արդէն իսկ պիտի սորվի օտարինը:

Անիմա՛ստ ու ցնորական մատնանշում:

Կը նահանջէ՜ լեզուն... լուծո՞ւմ.

Մեզ պէտք են ակտիվիստներ, որոնք կարենան օբյեկտիվ ձեւով լուծեն հոսպիտալացված մեր պացիենտի՝ հայերէն լեզուի ինֆեկցիոն հիւանդութիւնները: Պարտաւոր ենք գտնել էֆեկտիվ ու կոմպետենտ ջահելներ, որոնք օրինակելի մոդելներ պարտին դառնալ ապագայ սերունդներու համար: Պէտք է ստեղծել կրեդիտային կամ հիպոթեքային համակարգ, ֆինանսաւորելու մամուլը՝ որպէսզի հաստատ տեմպերով աշխատի լեզուի պահպանման համար: Թող Սպորտի եւ կուլտուրայի նախարարութիւնը լիցենզիա տայ, որպէսզի փրկենք լեզուն սպիտակ գենոցիդէն:

Ողբամ զքեզ հայոց աշխարհ...:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ
(1903-1947)

Մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 1903 թուականին Սկիւտարի մէջ ծնած է հայ գրող եւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին հանդիսացող Շահան Շահնուր (բուն անունով՝ Շահնուր Քերեսթենեան):

Շահնուր նախնական կրթութիւնը ստացած է նախ Սկիւտարի Սէմէրճեան դպրոցին, եւ ապա Պէրպէրեան վարժարանին մէջ: Տակաւին աշակերտական տարիներէն Շահնուր օժտուած էր նկարելու եւ գծելու ձիրքով: Շահնուրի գրական փորձերը սկսած են տակաւին իր աշակերտութեան ժամանակ: 1921 թուականին շահած է վարժարանի գրական մրցանակը՝ «Լացի գիշեր» խորագրով արձակ բանաստեղծութեամբ:

1922 թուականին հաստատուած է Փարիզ, որպէս հրապարակախօս աշխատակցած է «Յառաջ», «Արեւ», «Ապագայ», «Անահիտ» պարբերականներուն, ինչպէս նաեւ Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը» տարեգիրքին:

Անոր ամենէն նշանաւոր վէպերէն մէկն է «Նահանջը առանց երգի» աշխատութիւնը, որ առաջին առթիւ որպէս թերթօն լոյս տեսած է «Յառաջ»ի մէջ, ապա 1929 թուականին հրատարակուած՝ առանձին հատորով, որուն յաջորդած է «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» պատմուածքներու ժողովածոն:

Շահան Շահնուր բացի հայերէն գրելու կողքին, գրած է նաեւ ֆրանսերէնով բանաստեղծութիւններ, հրապարակախօսութիւններ, յօդուածներ, գրաքննադատութիւններ եւ պատմուածքներ:

Ան իր ֆրանսերէն գրութիւնները կը ստորագրէր Արմէն Լիւբէն գրչանունով, իսկ հայերէնները՝ որպէս Շահան Շահնուր: Դպրոցական տարիներուն Շահնուրի տնօրէնը եղած է Շահան Պէրպէրեան, որուն հանդէպ մեծ սէր ունէր Շահան Շահնուր եւ այդ տեղէն ծնունդ առած է իր գրչանունը:

Մեր թուականէն 47 տարիներ առաջ՝ 20 օգոստոս 1974 թուականին Ս. Ռաֆայէլ քաղաքին մէջ մահացած է սփիւռքահայ մեծագոյն գրողներէն Շահան Շահնուր:

***

«Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»։

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 3, 2021