ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Եթէ կ՚ուզէք հայ ժողովուրդի դժբախտ իրականութիւնն ու մտքի փտածութիւնը չտեսնել, հեռո՛ւ մնացէք համացանցէն, ուր մսավաճառն ու կօշկակարը, վարորդն ու այգեգործը, դարբինն ու բանուորը դարձած են քաղաքագէտ, դիւանագէտ ու խորհրդական:

Բանաստեղծ, գրող, թարգմանիչ Գէորգ Էմին տասնամեակներ առաջ «Զգոյշ խօսիր Հայաստանում» խորագրեալ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէր. «Մենք գահ ու թագ չենք ունեցել, եւ արքայ է ամէն մի՛ հայ». հիմա դիւանագէտ ու քաղաքագէտ չունինք, որովհետեւ բոլորի՛ն տրուած է հիմա այդ պաշտօնը:

Ընդհանրապէս այն կարծիքը կայ, որ կեանքի ընթացքը երկու տարբերակ ունի իր դիմաց. կա՛մ սեւ կամ սպիտակ, կա՛մ ընդդիմադիր կամ կողմնակից, սակայն հայ ժողովուրդի պարագային տարբերակները այլազան են եւ գոյնի տարբերակները զանազան: Ու այս լաբիւրինթոսին մէջ է, որ կեանքի կու գայ Վրացեանի այն խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Քաղաքականութեան մէջ բարեկամ ու թշնամի գոյութիւն չունի. կայ միայն հաշիւ ու շահ»:

Ու այդ շահերու հետապնդումը ազգն ու ազգին մէջ գոյութիւն չունեցող միութիւնը առաւել եւս կորուստի կը տանի, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր մէջ գոյութիւն չունի քննադատութիւն, որ կը շինէ ու կը կերտէ։ Քննադատութիւնը այսօր կործանող ու աւերող է մեր մէջ: Ուրբաթ, 6 օգոստոս 2021-ի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւին մէջ գրեցինք «Ծայրայեղութենէ ծայրայեղութիւն» խորագրեալ յօդուած մը, որուն մէջ շեշտեցինք, թէ հայ ժողովուրդը չէ՛ կրցած իր միջինը ունենալ. մի՛շտ առաջնորդուած է ծայրայեղութենէ՛ ծայրայեղութիւն:

Հայ պատմաբան ու հայագէտ Կարէն Իւզպաշեան իր «Աւարայրի ճակատամարտից դէպի Նուարսակի պայմանադրութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Տեսականօրէն թագաւորը կը վայելէ անսահմանափակ իշխանութիւն. ժամանակակից լեզուով ըսած, պետական ոչ մէկ մարմին իրաւունք ունի սահմանադրական կարգով քննադատել անոր կամ ուղղում տալ անոր գործունէութեան»: Ի՜նչ խիստ օրէնք, որ նոյնիսկ պետական գործիչներ իրենց առաջնորդին գործերը քննադատելու եւ կամ կարծիք յայտնելու իրաւունք չունէին: Հայկական սովորութեան համաձայն՝ յօնք շտկելու տեղ աչք հանեցինք ու հասանք այն վիճակին, որ ամենապարզ ու հասարակ քաղաքացին անգամ ամենէն գռեհիկ ու ստորին ձեւով ինքզինքին իրաւունք կը վերապահէ «քննադատել»ու գրեթէ ամէ՛ն բան: Քննադատութիւնը կը չակերտենք, որովհետեւ իրենց կատարածը հեռո՜ւ է քննադատութենէն, որովհետեւ քննադատութիւն մը կրթիչ ու շահեկան բան մը կ՚ունենայ իր մէջ, մինչ իրենց ըրածը ցեխարձակումէ տարբեր բան մը չէ:

Մանկապարտէզի մթնոլորտ կը տիրէ թէ՛ հայկական քաղաքականութեան եւ թէ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Այնպէս ինչպէս մանկապարտէզի մէջ մանուկը բարկութիւն ստանալէ ետք «օրիորդ ինքն ալ ըրաւ» ըսելով իր մեղքի բեռը կ՚ուզէ թեթեւցնել, այսօր նոյն հոգեբանութեամբ ղեկավարներ ու առաջնորդներ նոյն կեցուածքը կ՚որդեգրեն իրենց ըրած սխալներու բացայայտման դիմաց:

Համացանցի վրայ անձ մը կը խօսէր միւս կուսակցութեան անդամներէն մէկուն նիւթական իւրացման մասին, իսկ դիմացինը պաշտպանելու համար իւրացնողը կը մատնանշէր այլ իւրացնող մը, առանց տրամաբանելու, որ եթէ երկուքն ալ նիւթական իւրացումներ ըրած են՝ երկուքն ալ սխալ են: Այս մէկը կը կոչուի կեղծ քաղաքականութիւն, որովհետեւ ամենէն լաւ քաղաքականութիւնը ճշմարտութիւնն է, իսկ այնտեղ՝ ուր շուկայական հաշիւներ կը կատարուին՝ սկզբանէ նեխած ու հոտած է ընկերութիւնը այդտեղ: 

Քաղաքականութիւնը հայրենիքի շահերը պաշտպանելու եւ հետապնդելու մէջ է, սակայն այսօր մեր ընկերութիւնը իր հետեւած ու ընդունած կուսակցութեան շահերը պաշտպանելը քաղաքականութիւն կը կարծէ, մոռնալով որ այդ կուսակցութիւններն ու անոնց ընդունած գաղափարները միջոցներ են հասնելու նպատակին՝ Հայրենիքի հզօրացման: Հարցականի տակ դրուած է հիմա. Կուսակցութեան շահե՞րը գերադասել, թէ Հայրենիքի:

Վերջապէս պէտք է համոզուիլ, որ թէ՛ երկիրի ղեկավարները, թէ՛ կուսակցութեան առաջնորդները բոլորն ալ մարդիկ են, հետեւաբար պապի անսխալականութեան ըմբռնումով պէտք չէ նայիլ անոնց: Եթէ այս կամ այն կուսակցութեան անդամ ես ու նոյնինքն այդ կուսակցութեան մէջ սխալ կը տեսնես ու կը լռես՝ նկատի ունենալով, որ դուն ալ այդ կուսակցութեան անդամ ես, այդ մէկը կեղծաւորութենէն ու «մեծերու» աչքին հաճելի երեւելէ տարբեր երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ արդարութիւնը եթէ իրապէս արդար է՝ չի՛ կրնար լուռ մնալ:

Եթէ հարազատ եղբայրդ անգամ դէմ կը գործէ Հայրենիքի շահերուն, իրաւունք չունի՛ս լռելու, իսկ լռելու պարագային ալ իրաւունք չունի՛ս ուրիշին ըրածը քննադատելու:

Քննադատութիւնը մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ. աշխարհի ամենէն լաւ ու օգտակար գործն ալ կատարես, անպայման պիտի ունենաս քննադատողներ, որովհետեւ անկարողները կը քննադատեն, մինչ կարողները աւելի՛ լաւը ընելու կը ձգտին:

Այնպէս ինչպէս երբ տունին մէջ հայր ու մայր անդադար կռուին, զաւակներու հոգեկանը կը վնասուի, նոյն տրամաբանութեամբ մեր նոր սերունդի հոգեկան վիճակը քայքայուած է: Բանաստեղծութեան բառերուն համաձայն ներկայիս «ով է սխալ ով է ճիշդ... էլ ոչ ոք չի հասկանում». ո՛չ ալ կը հասկնանք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՀՐԱՄ ԳԱՅՖԷՃԵԱՆ
(1879-1960)

Մեր թուականէն 61 տարիներ առաջ՝ 30 նոյեմբեր 1960-ին, Երեւանի մէջ մահացած է նկարիչ եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վահրամ Գայֆէճեան:

Գայֆէճեան ծնած է 14 ապրիլ, 1879-ին, Պոլսոյ մէջ: Կրթութիւնը ստացած է Լազարեան ճեմարանէն ներս՝ 1892-1901 թուականներուն, ապա 1901 ընդունուած է Մոսկուայի համալսարանի բժշկական եւ իրաւաբանական բաժինները, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1910 թուականին. միաժամանակ հետեւած է գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետական դասընթացքներու:

Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է իր ծննդավայրը եւ 1912-1923 թուականներուն զբաղուած է արուեստով ու նկարչութեամբ եւ մասնակցած՝ «Հայ արուեստագէտներու միութեան» Թիֆլիզի մէջ ապա 1924-1929 թուականներու միջեւ՝ որպէս տնօրէն:

Գայֆէճեան հիմնականին նկարած է բնանկարներ, դիմանկարներ եւ գեղանկարներ. իր գործերէն յատկանշական է զբօսայգիներու, սրճարաններու եւ դիմակահանդէսներու պատկերները:

Մեր թուականէն ինն տարիներ առաջ՝ 2012-ին Ախալցխայի մէջ բացումը կատարուած է Վահրամ Գայֆէճեանի նուիրած յուշատախտակին, որ տեղադրուած է այն տան ճակատին, ուր ծնած է նկարիչը:

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս տեղադրուած է Վահրամ Գայֆէճեանի գործերէն շատեր, որոնցմէ են «Արեւոտ առաւօտ»ը, «Ամպամած օրը» եւ ուրիշներ: Նկարիչը 1954 թուականին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչման:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021