ԿԱՂԱՆԴ ՉՈՒՆԵՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

Իւրաքանչիւր տարեմուտի դիմաց կը զգամ, որ մարդուս սիրտէն աւելիով խոյս տուած են յոյսերն ու երազները եւ տարի մը նորոգելով հինցուցած ենք այն ամէնը, ինչ որ սուրբ ու վսեմ էր: Իւրաքանչիւր տարեմուտի հետ քիչ մը աւելիով կը փնտռենք երբեմնի միամտութիւնը եւ կ՚ուզենք հաւատալ, թէ տակաւին ողջ է ա՛յն Կաղանդ պապան՝ որ մատղաշ կուրծքերու տակ պառկող երազներուն կենդանացում կու տար:

Դեկտեմբերեան ցուրտ ձմեռ մըն է դուրսը. ցուրտ՝ ինչպէս իւրաքանչիւր հայու ներաշխարհը. ցուրտ՝ հայրենիքի տան ծխնելոյզին կարօտ, որուն մէջ երբեմնի կրակը անմար ըլլալ կը թուէր: Ու այսպէս ցուրտին մէջ, խաբէական երազներով նորին մէջ հիները գտնել կը փորձենք՝ կամաց-կամաց գիտակցելով, որ Նոր տարուան նորութիւնը երաշխաւորուած է մեր «նոր»երու հինութեամբ: Նորին հիներու հաշւոյն ունեցած յաղթանակը ինքնախաբէութեան պատրանքը կու տայ պարզապէս՝ նորին մէջ գտնելու համար մարդկայինը, որուն պակասութիւնը կը զգանք մեծապէս:

Ակամայ կը մտածեմ, թէ ի՞նչ հրապոյր ունին փողոցներու զարդերն ու լոյսերը, երբ անոնք միայն մարդու աչքերուն հրճուանք կը պատճառեն եւ ո՛չ հոգւոյն: Կար ժամանակ, որ «Նոր տարի» եւ կամ «Կաղանդ» բառերը նոյնիսկ բաւարար էին ուրախութիւն պատճառելու. այդ բառերուն շուրջ էր, որ կը հիւսուէին երազները այնպէս, ինչպէս մանկունակ հոգիներուն՝ նոյնպէս մեծահասակներուն: Գրչեղբայրներով ինչքա՜ն պիտի ուզէինք Նոր տարուան կապակցութեամբ դրական ու շէն մթնոլորտով մը գրէինք բոլոր այն լաւատեսութեանց մասին, որոնց գոյութեան մանկութեան կը հաւատայինք ու կը վստահէինք, թէ նորը պիտի գայ հինէն շա՛տ աւելի լաւ ու բարւոք. ո՞ւր գացին այդ երազները: Ինչո՞ւ համար ցնդաւ այն լաւատեսութիւնը, որ մեր մէջ սերմանել փորձեցին երբ մանուկ ու պատանի էինք. լոկ նուէրներ ու զուարճութիւն բերող Նոր տարին, ինչպէ՞ս եղաւ, որ սկսաւ իր հետ բերել նաեւ տառապանք, մորմոք ու կսկիծ:

Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, իւրաքանչիւր նոր տարի, նոր ցաւ մը բարդեց մեր ազգի գլխուն. իւրաքանչիւր տարի բառին ամբողջական իմաստով եղաւ նոր, սակայն ո՛չ նոր իր յոյսերով ու բարիքներով, շնորհքներով ու օրհնութեամբ, այլ նոր՝ իր վիշտերով, մտահոգութիւններով ու անբուժելի վէրքերով:

*

Լուրջ տագնապի եւ շփոթի մէջ է այս տարի նաեւ Կաղանդ պապուկը. ինչպէ՞ս գայ, երբ տակաւին բազմահազարներ կը շարունակեն մնալ անտուն եւ անօթեւան. ինչպէ՞ս գայ, երբ այժմ բազմահազար մանուկներու սիրտին ու հոգիին մէջ խաւար է պարզապէս. ինչպէ՞ս գայ, երբ յուսահատութիւնը այնպէս ինչպէս իրենց հոգիներուն, նոյնպէս դէմքերուն վրայ խտացած է: Ինչպէ՞ս գայ, երբ շա՜տ մը տուներ ո՛չ տօն ունին եւ ո՛չ ծառ եւ այդ ծառին հետ միատեղ չունին նաեւ յոյս: Ինչպէ՞ս գայ, երբ բազմահազար մանուկներու նամակները Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» հոտը ունին եւ Մասիսի կողքին սեփական տան կարօտը կը բուրեն. ինչպէ՞ս գայ՝ երբ անկարող է բերել այն բոլորը, որոնք հայու երջանկութեան կարեւորագոյն մասը կը կազմեն: Ինչպէ՞ս գայ, երբ բազմահազար արցախահայեր, ուրախ երգերու եւ պարերու փոխարէն վշտաբեկ աչքերէն հոսող կաթիլ-կաթիլ արցունքներով պիտի դիմաւորեն զինքը:

Այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ուրիշ ազգերու Նոր տարին օրհնութիւն կը թափէ, սակայն հայունը՝ անբախտութիւն՝ անվերջ շարունակականութեամբ մը:

«Զարգացած» երկիրներու մէջ հոգեբանական ու մանկավարժական սկզբունքներու հիման վրայ կ՚արգիլեն, որ մանուկներ դիտեն պատերազմական ժապաւէններ եւ կամ արեան տեսարաններ. ի՞նչն էր տարբերութիւնը անոնց եւ արցախցի հայ մանուկին, որ ո՛չ միայն դիտեց ու ականատեսը եղաւ, այլ մասնակիցը դարձաւ այդ բոլորին՝ հեռու ամէն տեսակ հոգեբանական ու մանկավարժական սկզբունքներէ… Է՜հ, չէ որ հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն եւ գրեթէ «ութիւն»ով վերջացող շատ մը արժէքներ հայուն համար չէ՛ որ ստեղծուած են. անոնք բաժինն են «խոստացեալ երկիր»ի բնակիչներուն, որոնց համար Նոր տարին կը շարունակէ ունենալ դրական ու տօնական մթնոլորտ: Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ, որ շրջուի բախտի անիւը եւ այդ Նոր տարին մեր ազգին համար եւս բերէ այն բոլորը՝ ինչ որ ուրիշներուն կը պարգեւէ անդադար: Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ, որ Նոր տարին եւս ուրախութեան ու հրճուանքի ժամանակաշրջան մը ըլլայ՝ հեռու ամէն տեսակի ցաւերէ եւ վիշտերէ. երնէ՜կ:

Մուշեղ Իշխան իր նամակի առաջին տողին մէջ «մեր տան ծանօթ հին ուղին» կը խնդրէր Կաղանդ պապուկէն. նոյն այդ երազն ու բաղձանքը քանի՞ հայ մանուկի հոգիին մէջ գոյութիւն ունի այսօր. այդ ճամբու կողքին այսօր բազմաթի՜ւ մանուկներ Կաղանդ պապուկէն կը խնդրեն իրենց յաւերժականութեան ճամբորդ հայրերն ու եղբայրները. իրենց երբեմնի տունը, ուր լոյս աշխարհ եկած են. տունը՝ ուր առաջին բառերը թոթոված, առաջին քայլերը սկսած են նետել. Կաղանդ պապուկին պարկը ունի՞ այդ բոլորը իր մէջ տեղաւորելու յատկութիւնը. եթէ ոչ, ապա ինչո՞ւ համար գայ եւ ի՞նչ երեսով:

Ամբողջ մէկ տարուան ընթացքին Քրիստոս կը ծնի, կը չարչարուի, կը խաչուի եւ յարութիւն կ՚առնէ, սակայն մեր պարագային տակաւին չարչարանքի եւ խաչելութեան ընթացքն է, որ կը շարունակուի եւ կարծես անժամանակ. մեզ ո՛չ կը սպաննեն եւ ո՛չ ալ կը թաղեն, նոյնիսկ յարութեան առիթը չեն տար: Իւրաքանչիւր նոր տարի, նոր գամ մը կը մխրճէ մեր ափերուն մէջ, որպէսզի չըլլայ յանկարծ որ կանգ առնէ դարաւոր արիւնը, որ ցայսօր լիապէս կը հոսի:

Տարիներ առաջ գրած էի յօդուած մը՝ «Ազգ՝ որուն հասցէն անծանօթ է բախտին» խորագրով. այդ նոյն հասցէն կարծես անծանօթ է նաեւ Նոր տարուան ու Կաղանդ պապուկին, որոնց համար եւրոպացին եւ կամ ամերիկացին աւելիո՛վ մարդ է՝ քան հայաստանցին եւ կամ ափրիկեցին:

Ահաւասիկ քանի՛ տարիէ, որ ո՛չ միայն հայոց լեռներուն, այլ նաեւ հայոց սիրտերուն մէջ եւս կը ձիւնէ՝ կարօտ այն ջերմութեան, որ ատենօք ունէինք:

Մօտեցող այս Նոր տարին թող յոյսի շող մը տայ բոլո՛ր այն մանուկներուն, որոնք իրենց աչքերը լոյս աշխարհ բացին պատերազմի մէջ ու տակաւին անբարբառ սկիզբ տուին իրենց գոյամարտին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023