ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՄԷՋ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ

Ամէն նոր իր հետ կը բերէ նոր յոյսեր, նոր հորիզոններ, նոր տեսիլքներ եւ այս բոլոր «նոր»երը կը պահանջեն վերանորոգութի՛ւն։ Առանց վերանորոգութեան կարելի չէ՛ վայելել նորը, քանի որ «հին»ին վրայ փակցուած նորը աւելի եւս կը մաշեցնէ հինը։

Ահաւասի՛կ, Ամանորը՝ Նոր տարին ալ՝ որպէս «նոր» հանգրուան մը կեանքի բնական ընթացքին, կը կարօտի նորոգման՝ նորով նորոգուելու եւ այդ նորոգութիւնը կը կատարուի նոր յոյսերով, նոր եւ թարմ ակնկալութիւններով եւ տեսիլքներով։

Արդարեւ, նորով նորոգուիլ անհրաժե՛շտ է մարդուս համար, քանի որ բնութիւնը տեւական նորոգման մէջ է եւ որպէս բնութեան մէկ տարրը՝ մարդն ալ պարտի այդ նորոգման քայլ յարմարցնել, ապա թէ ոչ՝ դասալիք կ՚ըլլայ կեանքէն։ Այս պատճառով իսկ, մարդ պէտք է բնութեան նորոգումներուն քայլ յարմարցնէ ապրելու համար՝ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար։

Սիրելի՛ բարեկամներ, երբ Կաղանդի ոգեւորութիւնը կ՚ապրինք, խանդավառ կերպով, բոցաշունչ ոգիով կը դիմաւորենք Նոր տարին, պարտինք նորին իմաստին թափանցել՝ նորոգութեան կարեւորութեան եւ վերանորոգումի անհրաժեշտութեան անդրադառնալ։

Վերանորոգումը՝ նախ սկիզբ կ՚առնէ ինքնաճանաչումով։ Այս անձնական անկեղծ ինքնաճանաչումը կը կատարուի ինքնաքննութեամբ՝ իր իսկ ներքին աշխարհը ճանչնալով։ Ուստի մարդ պէտք է հարց տայ ինքն իրեն, թէ ի՞նչ չափով կը ճանչնայ ինքզինք։ Ուստի, մեր հաւատքն ալ ա՛յս կը պահանջէ՛, ինչ որ Յիսուս կը պատուիրէ։ «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ, փորձեցէ՛ք ձեր անձերը… հաւատքի մէ՞ջ էք», կը հարցնէ Պօղոս առաքեալ։

Քրիստոսէ առաջ, Սոկրատ ասպարէզ կը կարդար «իմաստուն» եւ «գիտուն» ճանչցուած մարդկութեան. «Ծանի՛ր զքեզ»։ Արդարեւ, այս ինքնաքննութենէն եւ ինքնաճանաչումէն ետք, կը պատահի վերանորոգութիւնը, վերազարթօնքը։

Վերանորոգումը, արդարեւ, կը պսակուի մտքի վերանորոգումով։ Մտքի վերանորոգումով՝ կը վերագտնուին եւ կը վերահաստատուին թարմացած եւ զօրացած նոր ուժեր, նոր տեսիլքներ։ Եւ նաեւ՝ նոր մտածելակերպ, քանի որ մտքի վերանորոգումը վերանորոգում է նաեւ հոգիի եւ բարոյական աշխարհի։ «Նորոգուեցէ՛ք ձեր մտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը…», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (ՀՌՈՄ. ԺԲ 2)։

Եւ ուրեմն, քանի որ միտքը իր սնունդը կ՚առնէ առաւելաբար Գիրքէն՝ գիրք, մամուլ, համակարգիչ, հեռատեսիլ եւ նման հաղորդակցութեան միջոցներէ, որոնք «բաց գիրք» են նոյնպէս, ապա ուրեմն պէտք է բծախնդրութեամբ զանազանել՝ զտել բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը, որպէսզի վերանորոգումը կատարեալ ըլլայ եւ նպատակայարմա՛ր։

Ուստի, եթէ ծառը պտուղէն կը ճանչցուի, այն ատեն, գործնական կեանքի մէջ, իրագործուած մտային եւ հոգեւոր նորոգումի մը ապացոյցը եւ արտայայտութիւնները պէտք է տեսնուին ընտանիքի, համայնքի, ընկերութեան, ժողովուրդին մէջ։ Որովհետեւ այս հոգեմտաւոր վերանորոգութիւնը միայն անձնական եւ անհատական իրողութիւն մը չէ՛։ Այս վերանորոգումը պէտք է ըլլայ հասարակական եւ իմաստաւորուի, արժեւորուի եւ արդարացուի ամէն մէկ անհատի կողմէ՝ հաւաքաբա՛ր։

Վերանորոգման յաջողութիւնը կախում ունի մարդոց իրարու հանդէպ անկեղծ սէրէն, հաւատարիմ եւ հաստատակամ խաղաղութեան մը իրագործումէն եւ, անշո՛ւշտ, աւելի եւս բարութեան եւ ճշմարտութեան ձգտումէն։

Աշխարհի այս ճգնաժամային օրերուն, աւելի եւս վերանորոգումի կը կարօտի մարդկութիւնը։ Պէտք ունինք զօրութեան, իմաստութեան, իմացականութեան, իրերօգնութեան եւ աջակցութեան ու սիրո՛յ։ Հարցերը մարդկային իմաստութեամբ չեն լուծուիր՝ մարդկային կարողութենէն շատ վեր են անոնք։ Այս իսկ պատճառով, մարդ պէտք ունի նորոգուելու նաեւ իր հաւատքին մէջ, քանի որ մարդ պէտք ունի ապաւէնի մը՝ պէտք ունի Աստուծոյ, պէտք ունի Անոր զօրութեան, Անոր առաջնորդութեան, Անոր իմաստութեան։ Ուստի, մարդ պէտք է զգայ իր տկարութիւնը, թերութիւնները՝ ինքնաքննութեամբ եւ ինքնաճանաչումով եւ փնտռէ զԱստուած՝ Որուն վստահի եւ ապաւինի։ Այն ատեն, ահաւասիկ, մարդ կրնայ վերանորոգուիլ եւ վերագտնել ինքզինք։

Եւ Ամանորը, որ մեր խորհրդածութիւններու նիւթը կը կազմէ սա պահուս, արդարեւ, գեղեցիկ աւանդութիւն է, մարդուս անցեալէն ժառանգութիւնը՝ կտակով նւիրուած՝ ժամանակը նորոգել գիտցող մարդկութեան։ Բայց եւ դժբախտաբար, ան այսօր վերածուած է «անկենդան ծառ»ի մը խորհուրդին եւ դադրած է «ոգի» մը ըլլալէ եւ շեղած՝ իր իմաստէն։

Ամանորը, Ամանորի ոգին՝ Կաղանդը դարձած է պարզապէս զուարճութեան առիթ, փոխանակ վերաքննութեան եւ վերանորոգման առիթ ըլլալու։ Աւանդութիւնը խափանուած է սովորութիւններով եւ հեռացած է իր բուն եւ իսկական իմաստէն ու նպատակէն։ Կ՚անցնին տարիները, կը հալածեն աւանդութեան թողած բարիքները, կը յափշտակեն մարդուս հոգիներէն խանդը եւ խորհուրդը, կ՚իջեցնեն մարդոց մէջ հոգեխռով տարակոյսը անծանօթին։

Եւ շատեր չեն անդրադառնար վերանորոգումի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։ Եւ շատեր ալ այս վերանորոգումը կ՚ըմբռնեն՝ իբրեւ նիւթական վերանորոգութիւն՝ միայն գիտական, արուեստագիտական, դրամական եւ ասպարէզային վերանորոգութիւն եւ յառաջդիմութիւն։ Բայց տնտեսական վերանորոգութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը միայն նիւթական աշխարհի յատուկ չէ՛, այլ եւ մանաւանդ՝ հոգեմտաւոր ներքին աշխարհի՛։

Մարդ այն ատեն միայն կրնայ քակել անցաւորին կնիքը, երբ կը յաջողի նորոգելու ինքզինք։

Արդարեւ, ի՛նչ որ չի նորոգուիր, մեռա՛ծ է։

Նոր տարին հասկացողութիւն մըն է ժամանակի, որուն իւրաքանչիւր վայրկեանը կտոր մը յաւիտենականութիւն է, եթէ լեցուի մեր կեանքէն եւ իրագործումներէն։ Սակայն ժամանակը անբովանդակ գաղափար մը պիտի մնար առանց մտքին, որ հոս կը նշանակէ բոլոր ապրումներու գումարը՝ այն չափով, որով յաջողած է անոնց մեծ եւ անիմանալի, անհասանելի գաղտնիքին բովանդակածէն քիչ մը բան սեւեռել։

Արդարեւ, կեանքը երկու բաժին ունի, կրկնուող բաժինը եւ նորոգող բաժինը եւ անոնք, որոնք կ՚անդրադառնան կեանքին նորոգող բաժնին, անոնք են, որոնք կը յառաջդիմեն, կը բարեփոխուին եւ կը սուրան դէպի իրենց կոչումին իրականացումը՝ կեանքի նպատակին։ Այո՛, ինչպէս ըսուած է վերը, ինչ որ չի նորոգուիր, մեռա՛ծ է։ Կրօնաւորը, արուեստագէտը, գիտնականը, որոնք չեն կրնար եկող ամէն օրուան մէջ նորոգել իրենց միտքը, ոճը, ոգին եւ չեն նորոգուիր, դատապարտուած են հոգեպէս եւ մտապէս մեռնելո՛ւ։ Ուստի, Նոր տարուան սեմին՝ նորոգման անհրաժեշտութեան անդրադարձները պիտի կարողանան շարունակել կերտել ապագան։ Եւ անոնք, որոնք չեն նորոգուիր՝ անոնք, չըսելու համար թէ ապագայ չունին, դատապարտուած են ապրելու մութ եւ խաւար ապագայի մը մէջ։

Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, պէտք է յաւերժը փնտռել ո՛չ անցեալի մէջ եւ ո՛չ ալ դէպի ապագան, այլ զայն պէտք է որոնել ներկա՛յին մէջ։ Եւ ահաւասիկ, պատեհ առիթը՝ Կաղանդը, Ամանորը՝ գտնելու յաւերժը, գտնելու ինքզինք եւ ճանչնալու, ծանօթանալու եւ հաշտուելու ինքզինքի հետ։ Մարդուս ներքին խաղաղութիւնը կը սկսի ինքնաճանաչումէ եւ ինքն իրեն հետ հաշտուելէ։

Յաւերժը՝ յաւիտենականը եւ մշտնջենաւորը ներկային իսկութիւնն է։ Եւ մարդուն վերջնական նպատակը չէ՞ յաւերժը, յաւիտենականը։ Ահաւասի՛կ, սիրելիներ, պատեհ առիթն է Ամանորը՝ նոր յոյսերու, նոր տեսիլքներու սկիզբը, նորոգենք ամէն ինչ, վերանորոգուինք եւ յաւիտենականին հասնինք։ Ահաւասի՛կ առիթը…

Շնորհաւո՜ր Նոր տարի…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023