ԱՐԱԳԱՄԻՏ ԲԱՅՑ ԽՈՀԵՄ

Արագամտութիւնը ձիրք մըն է, արժէքաւոր յատկութիւն մը, որ մարդս արագաշարժ կ՚ընէ որոշելու եւ իր որոշածը անմիջապէս գործադրելու, մտադրած նպատակին հասնելու։ Արագամտութեան ձիրքով օժտուած մէկը կրնայ իսկոյն ըմբռնել կացութիւնը եւ իր պահանջները եւ կտրուկ որոշում տալ։ Արդարեւ, կացութիւնը ըմբռնել եւ որոշում տալ՝ յաջողութեան առաջնակարգ պայմաններէն է։ Մարդ որոշում տալով յաջողութիւն կ՚ապահովէ, երբ ուրիշներ կը վարանին եւ կը դանդաղին… եւ իրենց աչքին անմիջապէս առջեւ գտնուող պատեհութիւնը կը կորսնցնեն։

Բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ, արագամտութիւնը պէտք չէ՛ կանխէ խոհեմութիւնը։

Արագամտութիւնը ձիրք մըն է, այո՛, բայց ինչպէս ամէն ձիրք արդիւնբեր կ՚ըլլայ երբ լաւ տնտեսուի, լաւ գործադրուի։ Այս իմաստով, արագամտութիւնը սակայն, չի նշանակեր անխորհուրդ եւ հապճեպ գործել, կիրքերէ մղուած՝ բաղձանքներէ եւ երեւոյթներէ տարուելով յախուռն քայլեր առնել՝ առանց հաշուելու, թէ ո՛ւր պիտի յանգին եւ ի՛նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները։

Արդարեւ, արագամտութեան պէտք է ընկերակցի նախատեսութիւնը՝ որ ան ալ ձիրք մըն է։ Ուստի այս երկու ձիրքերը ունենալ եւ գործածել յաջողութեան համար անհրաժեշտ է։ Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ կեանքը պայքա՛ր մըն է։ Եւ այս պայքարէն յաղթական դուրս կարենալ ելլել՝ լոկ խոհեմ նախատեսութեամբ կ՚իրականանայ։ Աշխարհը լեցուն է «ապականիչ մթնոլորտ»ով՝ կործանիչ արարքներով, մեղսաթաթախ ճամբաներով, նախանձոտ, ատելութեամբ լեցուած դիմակաւոր կեղծ բարեկամներով եւ ամէն տեսակ չարամիտներով։

Այս բոլորին դէմ կայ նաեւ մաքրակենցաղ ապրում, կրօնաբոյր միջավայր, անկեղծ բարեկամութիւններ, զոհողութիւն, սէր, մաքուր մտածում, անշահախնդիր բարոյական փոխյարաբերութիւններ, ծառայասիրութիւն եւ գերբնական երջանկութիւն։ Բայց ասոնց ճանապարհը երկար է եւ դժուարին։ «Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն» (ՄԱՏԹ. Է 13-14)։

Ուստի մարդուս կը մնայ ձիրքերը օգտագործել, զանոնք գործածելու եղանակը եւ ձեւը գիտնալով։

Արագամտութիւնն ալ արժէք կը ստանայ եւ արդիւնաբեր կ՚ըլլայ, երբ ան գործածուի գիտակցաբար՝ նախատեսութեամբ եւ իմաստութեա՛մբ։

Իմաստուն մարդը, որեւէ գործի մը ձեռնարկելէն առաջ, նկատի կ՚առնէ այդ ուղղութեամբ իր ունեցած կարողութիւնները, կարելիութիւնները եւ ապա կը սկսի. «Եթէ ձեր մէջէն մէկը ուզէ աշտարակ մը շինել, նախ չի նստիր եւ ծախսերը չի՞ հաշուեր, տեսնելու համար թէ գործը վերջացնելու չափ դրամ ունի՞։ Այլապէս, երբ հիմը նետելէ ետք՝ չկարենայ աշտարակը աւարտել, բոլոր տեսնողները պիտի սկսին ծիծաղիլ իր վրայ, ըսելով.- Այս մարդը շինել սկսաւ, բայց չկրցաւ աւարտել», (ՂՈՒԿ. ԺԴ 28-30)։

Ուրեմն արագամտութեան պէտք է ընկերակցին նաեւ հեռատեսութիւնը եւ խոհեմութիւնը։

Կան մարդիկ որոնք իրենց գործունէութիւններուն մէջ երբեք նկատի չեն առներ իրենց իմացական, բարոյական եւ նիւթական կարողութիւնները, մարմնական, մտային տարողութիւնը, եւ իրենց ուժէն աւելի ծանրութիւն վերցնել փորձելով՝ տակը կը մնան։ Պատճառը պարզապէս այն է, որ երբեք նախահաշիւ չեն ըներ, գալիքի մասին չեն մտածեր։

Ինչպէս նիւթական շէնք մը կառուցանելու համար նախահաշիւը անհրաժե՛շտ է զայն կատարեալին հասցնելու համար, ա՛յնպէս ալ հոգեւոր շէնք մը կամ մտաւոր կառոյց մը, յօրինուածք մը ստեղծելու համար հաւատքը եւ ապրումը անհրաժեշտ է։

Անխորհուրդ գործողը անձնապէս ձախողութեան կը բախի, հանրային կեանքի մէջ ալ ուրիշներու դժբախտութեան պատճառ կը հանդիսանայ։

Հազուադէպ յաջողութիւնը պատահական է՝ պարզապէս պատահար մըն է, եւ շատ անգամ ալ խաբուսիկ կ՚ըլլայ։ Ճի՛շդ է, այսօրուան գործը վաղուան պէտք չէ՛ ձգել, բայց երբ ճամբադ կը տեսնես, ճամբադ յստակ կ՚երեւի։ Գիտես թէ ո՛ւր կ՚երթաս, այն ատեն ընելիքդ ալ որոշ է։ Բայց վտանգաւոր է անորոշութեան մէջ նետուիլ, պէտք է քննել եւ խորհիլ միշտ, նախահաշիւ մը ունենալ, հեռատես ե՛ւ նախատես ըլլալ։

Եւ բոլոր այս մտային աշխատութիւնները պէտք է գիտակից պատասխանատուութեամբ կշռել, ինչպէս ամէն հաւանականութիւն, եւ այդպէս տալ որոշում մը, որպէսզի առողջ ինքնավստահութեամբ եւ հանդարտ աշխատութեամբ կարելի ըլլայ յանգիլ արդիւնքի մը։

Արագամտութիւնը, ահաւասիկ կ՚իրականանայ, երբ այս բոլորը արագ կատարուին։

Ով որ կը խորհի որոշում տալու եւ գործի ձեռնարկելու մասին, պէտք է գիտնայ սպասել, որ զինք մոլորեցնող, սխալեցնող տպաւորութիւններ եւ կիրքեր անցնին, եւ այն ատեն միայն կարելի պիտի ըլլայ ստոյգ արդիւնք ապահովել։

Խոհեմութեամբ շարժող արագամիտ մարդը եթէ երբեք ակնկալած նպատակին չհասնի իսկ, մտադրած յաջողութիւնը չգտնէ իսկ, զղջալու եւ խղճահար մնալու պատճառ չ՚ունենար ամենեւին, քանի որ ան կարելին ըրած է արդէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 14, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2019