ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՆԵՐԸ

Արդէն իսկ հինգերորդ ամիսն է կը տեսնեմ տասնմէկ ամեայ պատանի մը, ամէ՛ն օր Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար մը եւ կամ փոքր թաշկինակի ծրար մը ձեռքին ցուցալոյսին տակ կեցած կը սպասէ կարմիր լոյսին՝ որպէսզի ինքնաշարժներուն մօտենալով գումար խնդրէ: Պատահեցաւ այդ վայրէն անցնիմ ուշ գիշերով. հակառակ ցուրտին դարձեալ այդտեղ էր:

Վստահաբար, դժուար թէ նման տարիքի մանուկ մը ինքնակամ ամէն գիշեր դուրս գայ նման «գործ»ի, եթէ զինք պարտադրող եւ կամ առաջնորդող չըլլայ: Ու այսպէս ամէն անգամ որ կը տեսնեմ՝ նոյն անպատասխան հարցումները կ՚ընեմ ես ինծի. յաջորդ օրը դպրոց չունի՞, ծնո՞ղքը կը պարտադրէ, որ դուրս գայ մուրացկանութիւն ընելու, Հայրենիքի մէջ ընկերային ծառայողներ գոյութիւն չունի՞ն հետաքրքրուելու այս մանուկին ու անոր ընտանիքին վիճակով. չե՛մ գիտեր:

Անցեալին ճիտը ծուռ մուրացկանութեան դրամագլուխը բարեմաղթութիւնն էր, սակայն այսօր անոր աւելցած է առաջինէն շատ աւելի վտանգաւոր ու սպառնացող մանուկներու շահագործումը, որովհետեւ անոնք քաջատեղեակ են, որ անհատ մը աւելի գութ կ՚ունենայ մուրացիկ մանուկի մը դիմաց՝ քան մեծահասակին:

Դժբախտաբար, ինչպէս պոռնիկութիւնն ու մարմնավաճառութիւնը, այնպէս ալ աղքատութիւնն ու մուրացկանութիւնը դժուար թէ վերանայ աշխարհի երեսէն, որ այսօր ոչ թէ կարիքի, այլ գործի ու արհեստի կարգավիճակ ստացած է՝ նիւթաբեր առօրեայ զբաղմունք մը, որուն զոհը կը դառնան մանուկներն ու անչափահասները:

Միաւորուած Ազգերու կազմակերպութեան (United Nations) փոխանցած տուեալներուն համաձայն, աշխարհի երեսին գոյութիւն ունին աւելի քան 160 միլիոն մուրացկանութեամբ զբաղուող անապահով ընտանիքներ, որոնք կ՚ապրին փողոցները եւ այդ ցուցակին առաջին տեղը կը գրաւէ Սուրիան:

Հոգեբանական վերլուծութեան համաձայն՝ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ մանուկ կ՚ուզէ մուրացկան դառնալ (թէեւ այդ տարիքին տակաւին արժանապատուութեան գիտակցութիւնը այնքան ալ զարգացած չ՚ըլլար անոնց մէջ). մուրացկանութիւն ընող մանուկներուն մեծամասնութիւնը կը մուրան ծեծի, սպառնալիքի ու պատիժի վախի ազդեցութեամբ: Ենթակայ կ՚ըլլան այս բարբարոսութեանց, որովհետեւ փաստացիօրէն մանուկ մուրացկան մը շա՛տ աւելի դրամ կրնայ հաւաքել, քան չափահաս մը, մանաւանդ երբ մանուկը հիւանդ կամ մարմնապէս վնասուած է: Շատ անգամ ծնողներ անմարդկային ու դրամապաշտ զգացումներէ մղուած վնասուածքներ կը յառաջացնեն մուրացկանութեան առաջնորդած իրենց զաւակներու մարմիններուն վրայ, որովհետեւ մարմնական վնասուածք ունեցող մանուկ մը առողջ մանուկէն եռապատիկ աւելի գումար կը վաստակի:

Այս շահաբեր տուեալները պատճառ կը դառնան, որ աշխարհի երեսին աճ արձանագրէ մանուկներու առեւանգումը. օրինա՝ Հնդկաստանի կառավարութեան տուեալներուն համաձայն, Հնդկաստանի մէջ կ՚առեւանգուի տարեկան 40 հազար մանուկ, որոնցմէ միայն 25 առ հարիւր տոկոսը կը գտնուի, իսկ մնացածը ծեծի, նոյնիսկ թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ կ՚առաջնորդուին մուրացկանութեան: Այդ մանուկները կը մեծնան մարդկային չափանիշներէ հեռու միջավայրի մը մէջ՝ անտուն, անօթի եւ հեռու դպրոցէն եւ ուսումէն, իսկ ժամանակ մը ետք պարտադրուած մուրացկանութեան «արհեստ»ը կը փոխեն գողութեամբ:

Շատ մը պետութիւններու կողմէ մուրացկանութեան դէմ մղուած պայքարին դիմաց մանուկներուն կը տրուի փոքր թաշկինակներ՝ մուրացկանութեան երեւոյթէն դուրս բերելու կատարուածը, որովհետեւ ստացած գումարին դիմաց եթէ թաշկինակ տայ՝ այդ մէկը կ՚ըլլայ առեւտուր, այլապէս՝ մուրացկանութիւն:

Անյստակ է, թէ ինչո՞ւ համար պետութիւններ հնարքներու եւ լուծումներու մասին չեն մտածեր, հետապնդելու անոնց ուսման ընթացքը, մինչեւ որոշ տարիք պատսպարելու զանոնք եւ փրկելու փողոցի ճիրաններէն: Մարդ արարածը պէտք չէ՛ լուռ մնայ. պետութիւններու կողքին մարդկութիւնը եւս մեծ դեր ունի կատարելիք, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, կան շատեր, որոնք ատելութեամբ ու պժգանքով կը նային մուրացկան մանուկներուն:

Վերոյիշեալ շահադիտական ձեւերը ժամանակի ընթացքին պատճառ դարձան, որ մարդ արարածը սկսի գիտակցիլ, որ մուրացկանութիւն ընողներէն շատեր աղքատութեան ու չքաւորութեան համար չէ, որ մուրացկանութիւն կը կատարէ. վստահաբար շատերու կողմէ լսած էք «մեզմէ հարուստ են» արտայայտութիւնը:

Եւ իրապէս ալ հարուստ են, շատ անգամ մեր երեւակայածէն իսկ աւելի: Այսպէս. տարիներ առաջ Արաբական Էմիրութեան մէջ մահացաւ Էյշա (Այշէ) անունով պառաւ մը, որ աւելի քան յիսուն տարի մուրացկանութիւն կատարած էր: Պառաւի մահէն ետք յայտնուեցաւ, որ ան տէր է չորս բնակարաններու եւ աւելի քան մէկ միլիոն տոլար հարստութեան: Ամերիկացի մուրացկան Իրուին Կորէյը (Irwin Corey), որ 17 տարի մուրացկանութիւն ըրած է, ոստիկանութեան յայտնած տուեալներուն համաձայն՝ կ՚ապրի 3 միլիոն տոլար արժող հրաշագեղ տունի մը մէջ. նոյն այս մուրացկանը իր ունեցուածքին մեծ մասը նուիրած է մարդասիրական կազմակերպութիւններու: Պատկերացուցէք. բարերար մուրացկան մը...:

Համեմատած Միջին Արեւելքի՝ մեր Հայրենիքին մէջ քիչ է անոնց թիւը, սակայն ակնյայտ է, որ օրէ օր կ՚աւելնան ու կը բազմանան. պէտք է լրջօրէն մտածել:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ
(1926-2016)

Մեր թուականէն 95 տարիներ առաջ՝ 4 դեկտեմբեր 1926-ին, Պոլսոյ մէջ ծնած է դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան:

Ֆազլեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանէն ներս եւ ապա ընդունուած է Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը. միաժամանակ մասնակցած է քաղաքապետարանի թատրոնի դասընթացքներուն եւ 1944 թուականէն սկսեալ նոյն թատրոնին մէջ ունեցած է իր առաջին ներկայացումները:

Ֆազլեան 1951 թուականին տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր 1959 թուականին հիմնած է «Փափազեան» թատերախումբը, որուն ղեկավարութիւնը կատարած է մինչեւ 1971 թուականը։ 1963 թուականին հայկական թատերախումբի կողքին հիմնած է արաբական «Ազատ բեմ» թատերախումբը եւ բազմաթիւ թատերախաղեր ներկայացուցած՝ լիբանանցի եւ լիբանանահայ հանդիսատեսին: Դերասանը 1976-ին տեղափոխուած է Գանատա, ուր հիմնած է «Հայ բեմ» թատերախումբը եւ զանազան ներկայացումներ ունեցած՝ Գանատայի եւ Ամերիկայի տարբեր շրջաններուն մէջ: Ֆազլեան իր թատերական գործունէութեան ընթացքին բեմադրած եւ ներկայացուցած է բազմաթիւ թատրերգութիւններ. ինչպէս՝ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ը, Շէյքսփիրի «Ամառային գիշերուայ երազը», Կոկոլի «Ամուսնութիւն»ը, Կոլտոնի «Երկու տիրոջ ծառայ»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար»ը եւ այլ ներկայացումներ, որոնց մէջ ինք եւս ստանձնած է դերեր: Թատրերգութեան կողքին Պերճ Ֆազլեան դերեր ստանձնած է լիբանանեան եւ եգիպտական տարբեր ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ են «Մատանի վաճառողը», «Պահակի աղջիկը» եւ ուրիշներ:

Ֆազլեան մահացած է 15 փետրուար, 2016-ին, Պէյրութի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021