ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Կոյսն այսօր կը ծնի Յաւիտենականը
«Եւ երկիրը քարայր մը կ՚ընծայէ Անմատչելիին։
«Հրեշտակներն ու հովիւները կը գովաբանեն զԻնք
«Եւ մոգերը կը յառաջանան աստղին հետեւելով,
«Որովհետեւ մեզի համար ծնար,
«Փոքրիկ Մանուկ, Աստուած յաւիտենական»։

ՍՈՒՐԲ ՌՈՄԱՆՈՍ ԵՐԳԵՑՈՂ

Երկինքէն իջնող հրեշտակները Յիսուսի ծնունդը կ՚աւետէին հովիւներուն հետեւեալ բառերով. «Փա՜ռք Աստուծոյ բարձունքներուն, եւ երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։ Հովիւները անակնկալ այս տեսիլքի լուսաշող յայտնութենէն սթափելով, որոշեցին երթալ Բեթլեհէմ՝ այնտեղ տեղեկանալու կատարուած հրաշքի ստուգութեան։ Հասնելով ծննդեան այրը, հովիւները երկիւղածութեամբ երկրպագեցին Մեսիային մսուրին առջեւ եւ փառաբանեցին Աստուած՝ իրենց շնորհուած այս անիմանալի, անպատմելի եւ անհաշուելի պարգեւին համար։

Տիրոջ ծննդեան օրէն, ահաւասիկ, անցած է շուրջ երկու հազարամեակ, եւ սակայն Անոր ծննդեան լուսաշող իրականութիւնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի հոգիին մէջ կը շարունակէ ապրիլ իբրեւ փրկութեան մշտանորոգ խորհուրդ։ Արդարեւ, Յիսուսի անձով մարմնացաւ եւ մարդացաւ Աստուած, երբ արդէն հասած էր աստուածայայտնութեան շնորհաբեր պահը, երբ մարդկութիւնը ճշմարտութիւնը ճանչնալու իր բոլոր հնարաւոր միջոցները սպառած եւ փրկութեան յոյսը կորսնցուցած՝ կը խարխափէր անյուսութեան խաւարի բաւիղներուն մէջ։

Յիսուսի ծնունդով Աստուած Իր լուսաւոր դէմքը բացաւ մարդկութեան՝ իբրեւ անսահման սիրոյ արտայայտութիւն։ Այս իմաստով՝ Աստուծոյ Որդիին մարմնացումը՝ Սիրոյ մարմնացումն է միանգամայն։ Յիսուսի ծնունդով՝ Սէրը վերածնուեցաւ մարդոց մէջ, իր հետ բերելով խաղաղութիւնը եւ Աստուծոյ հաճութիւնը։

Հին աշխարհի մարդիկ Յիսուսի ծնունդէն առաջ չէին գիտեր Ճշմարտութիւնը։ Այս կամ այն կրօնի ճամբով անոնց տրուած էր միա՛յն նշոյլ մը Ճշմարտութեան։ Ուստի անծանօթ էին անոնք Ճշմարտութեան։

Հին աշխարհի մարդիկ չէին կրնար բանալ իրենց սիրտերը՝ հոգիները եւ չէին կրնար տեսնել ամբողջութեամբ աստուածային գթասրտութիւնը։ Անոնք չէին կրնար ըմբռնել Հայրական ողորմածութեան արժէքը։ Աստուծոյ անհուն սէրը եւ Աստուծոյ անիմանալի ողորմութիւնը իր ստեղծած մարդոց հանդէպ, մինչեւ Յիսուսի ծնունդը անծանօթ էր անոնց։

Ահաւասիկ, այդ անհուն սէրը եւ անիմանալի ողորմածութիւնը եւ այդ հայրական ազնիւ զգացումը այն մեծագոյն պարգե՛ւն է, որ Աստուածորդին տուաւ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին։ Բայց սա յստա՛կ է, որ Յիսուսի ծնունդը «պատմութիւն» մը չէ, այլ՝ մշտնջենաւոր եւ մշտանորոգ Ճշմարտութեան մը ներկայացո՛ւմը։

Եւ այսպէս, Աստուածորդին ծնունդ առաւ Մարիամ կոյսէն, իսկապէս մա՛րդ դարձաւ՝ կատարելապէս մա՛րդ, եւ որպէս մարդ ապրեցաւ այս աշխարհի վրայ 33 տարի։

Յիսուս իր ծնունդով բերաւ Աստուծոյ՝ Հօր հաշտութիւնը մարդկութեան, նոյնիսկ Ինք ուսուցանեց մարդկութեան բոլոր կրօններու վսեմագոյն պատուէրը. սիրել մարդիկ, սիրել մեր նմանները…։

Աստուած Սէր է. եւ Աստուած Իր մարդեղութեամբ, մարմնանալով՝ յիշեցուց սէրը, որ մարմնացաւ, տեսանելի դարձաւ համայն մարդկութեան։ Սէրը ո՛չ թէ վերացական, այլ իրական արժէքը ստացաւ Յիսուսի ծնունդով։

Եւ Սուրբ Ծնունդով, մարդկութիւնը հաղորդ դարձաւ իր անցեալին, քրիստոնէական աւանդութեան։ Եւ մենք եւս Սուրբ Ծննդեան տօնին կը հաղորդուինք մեր հոգեւոր անցեալին, հաւատքի աւանդութեան, Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութեան։ Եւ այդ սրբազան հաղորդութեան պահուն մենք անգամ մը եւս կ՚անդրադառնանք եւ անգամ մը եւս բացայայտ կերպով կը տեսնենք, թէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը ի՜նչպիսի հրաշալի բարիքներու, երջանկութեան, եղբայրսիրութեան, մարդասիրութեան եւ ընդհանրապէս սիրոյ բարեպատեհ առիթ հանդիսանալով մարդկութեան համար կը հանդիսանայ նաեւ այսօր։ Արդարեւ Յիսուսի ծնունդը մշտանորոգ, մշտակայ եւ անվերջ երջանկութեան աղբիւր մըն է նաեւ այսօր եւ միշտ, այնքան ատեն որ մարդկութիւնը գոյատեւէ։

Յիսուսի ծննդեան տօնին Աստուածային պատգամը ամէն մարդու հոգիին մէջ կրկին կը հնչէ՝ ժամանակ առ ժամանակ յիշեցնելու համար անոր, որ ան այս աշխարհի վրայ առանձին, լքուած էակ մը չէ, այլ ամբողջութեան մը մէկ մասնիկն է, եւ այդ իսկ պատճառով ամէն մէկ անհատ պարտաւո՛ր է սիրել իր նմանները, իր շրջապատին պարգեւել խաղաղութիւն, հաշտութիւն, համերաշխութիւն, սէր եւ եղբայրութի՛ւն։

Յիսուս ծնաւ ախոռի խոնարհութեան մէջ, աղքատ ընտանիքի մը ծոցը. (ՂՈՒԿ. Բ 6-7)։ Պարզ հովիւներն են այդ իրադարձութեան առաջին վկաները։ Այս աղքատութեան մէջն է, որ երկինքի փառքը կը յայտնուի. (ՂՈՒԿ. Բ 8-20)։ Ուստի՝ «Աստուծոյ նկատմամբ մանկանալ»ը Արքայութիւն մտնելու նախապայմա՛նն է. առ այս՝ հարկ է խոնարհիլ, մանկանալ, դեռ աւելի՝ հարկ է ծնիլ ի վերուստ. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 3-4), (ՄԱՏԹ. ԻԳ 12), (ՅՈՎՀ. Գ 7), (ՅՈՎՀ. Ա 13), ըլլալու համար «Աստուծոյ որդիներ». (ՅՈՎՀ. Ա 12)։

Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը մեր մէջ կը կատարուի երբ կը կերպարաւորուի Քրիոստոս մեր մէջ. (ԳԱՂ. Դ 19)։ Ծնունդը խորհուրդն է այս սքանչելի՜ եւ անիմանալի փոխանակումին։ Այս սքանչելի՜ փոխանակումով՝ մարդկային ցեղին Արարիչը մարմին եւ հոգի առնելով, հաճեցաւ ծնիլ՝ մարմնանալ կոյսէ մը եւ առանց մարդու մը միջամտութեան մարդ դառնալով, Իր Աստուածութիւնը մեզի պարգեւեց։

Յիսուսի Աստուածայայտնութիւնը՝ Անոր յայտնութիւնն է իբրեւ Մեսիա Իսրայէլի, իբրեւ Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի։

Յորդանանի մէջ Յիսուսի մկրտութեան եւ Կանայի հարսանիքին հետ. (ՅՈՎՀ. Բ 1-12), Յայտնութիւնը կը տօնախմբէ նաեւ արեւելքէն եկած մոգերուն երկրպագութիւնը Յիսուսի. (ՄԱՏԹ. Բ 1)։ Այս մոգերուն մէջ, որոնք ներկայացուցիչներն են շրջանի հեթանոսական կրօններուն, Աւետարանը կը տեսնէ երախայրիքը այն ազգերուն՝ որոնք կ՚ընդունին Մարդեղութեամբ կատարուած փրկութեան Աւետարանը։

Մոգերուն Երուսաղէմ գալուստը՝ «յարգանք ընծայելու համար հրեաներուն Թագաւորին». (ՄԱՏԹ. Բ 2), ցոյց կու տայ, թէ Դաւիթի աստղին մեսիական լոյսին մէջէն. (Թիւք. ԻԴ  17), (ՅԱՅՏ. ԻԲ 16) անոնք Իսրայէլի մէջ կը փնտռեն Ան, որ պիտի ըլլայ ազգերուն թագաւորը. (Թիւք. ԻԴ 17-19)։ Անոնց գալուստը կը նշանակէ, թէ հեթանոսները չեն կրնար գտնել Յիսուսը եւ երկրպագել Անոր իբր Որդի Աստուծոյ եւ Փրկիչ աշխարհի՝ եթէ ոչ դառնալով դէպի հրեաները. (ՅՈՎՀ. Դ 22) եւ ընդունելով անոնցմէ անոնց տրուած մեսիական խոստումը, այնպէս ինչպէս ան բովանդակուած է Հին Կտակարանին մէջ. (ՄԱՏԹ. Բ 4-6)։

Աստուածայայտնութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «հեթանոսներուն լիութիւնը» մուտք կը գործէ նահապետներուն ընտանիքին մէջ, եւ ձեռք կը ձգէ «Իսրայէլեան պատուաստիճան»ը։

Առաքեալը կ՚ըսէ. «Բայց երբ հասաւ լրումն ժամանակներուն, Աստուած առաքեց Իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքին հպատակները եւ պարգեւէ մեզի որդեգրութեան շնորհքը». (ԳԱՂ. Դ 4-5)։

Ահաւասիկ, «Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին բարի լուրը». (ՄԱՐԿ. Ա 1)։ Աստուած այցելեց Իր ժողովուրդին. (ՂՈՒԿ. Ա 68)։ Կատարեց ամէն ակնկալութենէ անդին. Ան առաքեց Իր «սիրելի Որդին». (ՄԱՐԿ. Ա 11). կատարեց Աբրահամի եւ անոր սերունդին տրուած խոստումները ամբողջութեամբ. (ՂՈՒԿ. Ա 55)։

Դա՜րեր են անցած, երկա՜ր դարեր Աստուածայայտնութեան այս երանելի օրերէն։

Այնպէս կը կարծուէր, թէ մարդկութիւնը կը փոխուէր, աստուածաճանաչումը նոր ոգիով կ՚առաջնորդէր անոր։ Բայց այդ լուսաւոր ուղին շատերուն անտեսանելի մնաց։ Մարդոց սրտին մէջ բոյն դրին քէնը եւ ատելութիւնը, անարդարութիւնը եւ ընչաքաղցութիւնը, նիւթապաշտութիւնը, ինքնամոլութիւնը հաստատուեցան անոնց առօրեային մէջ եւ անոնք նախընտրեցին ատելութիւնը, թշնամութիւնը փոխանակ սիրոյ։ Եւ մարդիկ, այսօր, տակաւին պէտքը եւ պահանջքը կը զգան Սուրբ Ծննդեան աւետաբեր խաղաղութեան եւ հաճութեան։

Այսօր եւս կեանքը լեցուն է դժուարութիւններով, նեղութիւններով եւ ալեկոծութիւններով, եւ տակաւին մարդիկ կ՚անտեսեն սէրը, գութը, ողորմութիւնը՝ մարդասիրութիւնը եւ իրերօգութեան անհրաժեշտութիւնը։ Եւ այսօր ո՜րքան կարեւոր է որ մարդիկ իրար հասկնան, իրարու հետ իրենց անձին պէս վարուին, համակրական հասկացողութիւնը տիրէ իրենց կեանքին մէջ, եղբայրասիրութեան ազնիւ զգացումով սիրեն զիրար։

Այսօր կարծէք Բաբելոնի աշտարակի շինութեան շրջանը կ՚ապրինք. երբ մէկը սիրոյ եւ խաղաղութեան մասին կը խօսի, միւսը ատելութիւն կը հասկնայ, որովհետեւ կասկածը տիրած է մարդոց հոգիներուն, արդարութիւնը եւ սէրը կարծես ընդմիշտ լքուած է մարդոց կողմէ։ Եւ ո՜րքան անհրաժեշտ է որ մենք՝ քրիստոնեաներս աւելի սրտեռանդ աղօթենք, աւելի մտերմանանք Աստուծոյ հետ, որպէսզի Աստուած մեր ձայնը եւ աղերսը, աղօթքը լսէ. լսէ եւ փափկացնէ, քաղցրացնէ այն մարդոց սրտերը՝ որոնք չեն զգար աստուածային Խօսքին քաղցրութիւնը, թէեւ իրենք զիրենք «քրիստոնեայ» կը կոչեն։ Թող Տէրը մեր աղօթքներու միջոցով անոնց սրտի դռները բանայ՝ զգալ տալու համար անոնց որ այս աշխարհը Աստուծոյ ստեղծած աշխարհն է, եւ այս աշխարհն ալ մարդիկ կ՚ապրին այնպէս, ի՛նչպէս Աստուած կը կամենայ։ Ուստի, եթէ կ՚ուզենք Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը վայելել՝ բանանք մեր սրտերը մեր նմաններուն՝ առանց խտրութեան եւ կատարենք Աստուծոյ կամքը, սիրե՛նք զիրար…։

Սիրելի՜ներ. փորձենք մեր սիրտերուն մէջ զգալ Տէր Յիսուս մանուկը՝ որպէս մսուրի մէջ դրուած մանուկ Յիսուսը եւ ապրի՛նք այդ պահը, շնչենք նոյն մթնոլորտը։

Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 25, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 5, 2021