ՎԱԽԻ ԶԳԱՑՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

Վախի զգացումը ընդոծին հակազդեցութիւն մըն է որեւէ իրական կամ ենթադրական վտանգի մը հանդէպ։

Հաւանական վտանգ մը վախ կը պատճառէ եւ կերպով մը ահազանգ կը հնչեցնէ, ենթական զգուշութեան կը հրաւիրէ։ Այս իմաստով վախը տրուած բնական ազդանշան մըն է։ Վախը իր այս հանգամանքով, բնատուր զգացում մըն է։ Բայց «վախկոտութիւն»ը, որպէս բնաւորութիւն, ժառանգուած բնաւորութիւն մըն է, որ կ՚արտայայտուի երբ պարագան ներկայանայ։

Թէ ե՞րբ դիեցիկ՝ ծծկեր մանուկը իր կեանքին մէջ առաջին անգամ վախի զգացումը կ՚ունենայ՝ ատիկա կախում ունի ծնողներուն զինքը խնամելու եղանակէն։

Ինչպէս կ՚ըլլայ որ շատ մը տղաներ, որոնք թէեւ կատուի, շունի եւ ուրիշ անասուն կենդանիներու վտանգաւոր կողմերը չեն ճանչցած տակաւին, սակայն կը վախնան անոնցմէ։ Երկինքի որոտման ձայնը լսելով, շատ տղաք կու լան, կը պոռչտան. չենք գիտեր սակայն թէ ինչո՞ւ։

Տղաք կան, որոնք աղմուկներէ կը վախնան. զոր օրինակ՝ յաճախ դիտուած է, որ նոյնիսկ երբ ծանր կարասի մը քշուի տան մէջ, անկէ յառաջ եկած աղմուկը կրնայ պատճառ ըլլալ, որ վախէն պոռան մանուկները։

Յայտնի իրողութիւն է, թէ անասուն կենդանիներու վրայ ուսումնասիրութիւններ կատարելով կարելի կ՚ըլլայ շատ մը մարդկային հոգեբանական կէտեր լուսաբանել։

Անգլիացի գիտնական մը՝ Սբոլտինկ (Spalding) հետեւեալ փորձերը կատարած է հաւի մը վրայ, 19-րդ դարու վերջերը։

Գիտնականը՝ հաւի մը առջեւ, որ իր մէկ շաբաթուան ձագուկներովը շրջապատուած էր, յանկարծ բազէ մը թռցուց։ Ակնթարթի մը մէջ բոլոր ձագուկները խոտերուն եւ մացառներուն ետեւները պահուըտեցան, եւ երբ թռչունը մի քանի մեթր իրենցմէ հեռուն՝ գետին իջաւ կենալու համար, հաւը իսկոյն ցատկեց, իր պահուըտած տեղէն եւ բազէին վրայ յարձակեցաւ զայն սպաննելու համար։ (Ծանօթ.- «բազէ»՝ գիշատիչ մեծ թռչուն մը՝ կոր սուր կտուցով. «şahin»)։

Եւ երբ միեւնոյն փորձը կրկնուեցաւ, դարձեալ նոյն արդիւնքները ստացաւ Սբոլտինկ, այս անգամ սա տարբերութեամբ, որ հաւը ձագուկներուն քովը չէր, եւ անոնք իրենք իրենց հետ, մինակ էին, երբ բազէն ցոյց տրուեցաւ։ Առաջին անգամ ձագուկները չնշմարեցին բազէն, բայց երբ վերջինը ձայն հանեց, յանկարծ անոր ներկայութիւնը նշմարելով, այդ 24-25 օրուան ձագուկները իրենց գտնուած տեղը անշարժ մնացին, քանի որ բազէին թեւերէն բռնուած էր. բայց երբ բազէն թեւերէն բռնողները զայն ազատ կը ձգէին՝ ձագուկները բոլոր ուղղութեամբ, հոս հոն կը վազվռտէին, պահուտելու տեղ մը գտնելու համար։

Նոյն ձագուկները իրենց 25 օրուան կեանքին մէջ տակաւին նոյնօրինակ փորձառութիւն մը չէին ունեցած եւ հիմա իրենց մայրն ալ իրենց քովը չէր, որպէսզի ներկայ վտանգին լրջութիւնը հասկցնէ անոնց։

Բայց այս փորձէն բաւական ատեն վերջ, երբ ընտանի աղաւնի մը կը նետուէր նոյն ձագուկներուն վրայ, նորէն միեւնոյն կը վախնային ձագուկները եւ ծակէ ծակ կը փախչէին։ Իսկ նոյն ձագուկները, երբ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը լսէին իրենց քով գտնուող աքաղաղի մը բարձր ձայնով պոռալը՝ գագացիւնը, բնաւ չէին խրտչեր։ Եւ այս բոլորը կարելի է անով բացատրել, որ իրեն թշնամի կենդանիներու գիտակցութիւնը, ժառանգութեամբ՝ ծինային դրութեամբ ձագերուն կ՚անցնի։

Ուրեմն կը հետեւի, որ «վախկոտութիւն»ը եւ «յանդգնութիւն»ը միեւնոյն տեսակին պատկանող կենդանիներու մէջ անհաւասար կերպով բաժնուած են։

Եւ այս փորձերով կը հաստատուի, թէ «ժառանգական վախկոտութիւն» մը գոյութիւն ունի։

Արդարեւ, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է կենդանիներու ձագերուն համար, պէտք է նաեւ ճշմարտութիւն ըլլայ մանկան հոգեբանութեան մէջ։ Ուստի, մանուկն ալ զանազան վտանգաւոր եւ անվտանգ բաներէ կը վախնայ, առանց տակաւին վախի գոյութեան մասին գիտակցած եւ առանց տակաւին մօրը վախի զգացում մը իրենց թելադրած ըլլալու։ Այն համոզումը, թէ՝ մանուկ մը, մինչեւ իրեն չթելադրուի, վախի զգացումին ի՛նչ ըլլալը չի գիտեր, բոլորովին սխա՛լ է։

Իրաւ է, թէ մօր մը վախկոտութիւնը եւ կամ յանդգնութիւնը իր տղուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, քանի որ վախկոտ մայրերը «վախկոտ» տղաք կ՚ունենան եւ աներկիւղ մայրերը «աներկիւղ» տղաք կ՚ունենան ընդհանրապէս, միայն հետեւողութեան՝ «imitation» օրէնքով։ Բայց մանուկներու քով, վախկոտութեան եւ աներկիւղութեան այնքա՜ն օրինակներ կան, առանց մօր կողմէ թելադրուած ըլլալու, որ ակամայ պէտք է ենթադրենք, թէ ի՛նչպէս կենդանիներու ձագերը, որ փորձուած են՝ անոնց ձագերու՝ նմանապէս մանուկներու վախի եւ աներկիւղութեան զգացումներուն մէջ ժառանգական՝ ծնային՝ «génétique» բան մը գոյութիւն ունի։

Այս ուղղութեամբ, հոգեբան բժիշկի մը իր տղուն վրայ կատարած փորձերէն հետեւեալը յատկանշական պարագայ մէն է։ Յիշեալ հոգեբոյժին տղան, որ հազիւ 9 ամսուան կար, առաջին անգամ ըլլալով վախի արտայայտութիւնը ցոյց կու տար դէմքին վրայ, երբ սենեակին մէջ, մէկ անկիւնը անսովոր աղմուկ մը իր ուշադրութիւնը գրաւէր. նախ աչքերը խոշոր խոշոր կը բանար, եւ յետոյ կը սկսէր պոռալով լալ։ Ասկէ գրեթէ ամիս մը վերջ, իրեն այն տեսակ խաղալիկ մը կը տրուէր, որ ճնշուած ատեն մօտաւորապէս միեւնոյն ձայնը կը հանէր. ա՛յն ձայնը, որ ամիս մը առաջ սենեակին մէջ յառաջ գալով տղան վախցուցած էր։

Տղան այս վերջին ձայնը լսելով նորէն, վախէն սկսաւ լալ եւ պոռալ, եւ իւրաքանչիւր անգամ երբ նոյն խաղալիկը իրեն ցոյց կը տրուէր, կու լար։ Բայց քանի մը օրեր անցնելէ վերջ, երբ ինքն ալ վարժուեցաւ խաղալիկը սեղմելու, եւ սեղմելով նոյն ձայնը հանելու, աւելի կ՚ուրախանար, քան թէ կը վախնար, երբ իրեն կը տրուէր խաղալիկը խաղալու համար։

Ժամանակին կատարուած ուրիշ փորձ մը կատարուած էր չորս տարեկան աներկիւղ տղու մը վրայ։

Չորս տարեկան աներկիւղ այս տղան, իրմէ աւելի տարիքոտ երկու երեք տղոց դէմ կրնար դնել։ Այս փորձը ցոյց տուած է, թէ ամէն ինչ հետեւողութեան (imitation) պէտք չէ վերագրել, ինչպէս՝ մանուկներու պզտիկ կենդանիներէ վախնալու պարագային։ Այս փորձը բացորոշ փաստարկում մը կարելի է ընդունիլ այս մասին։ Յիշեալ մանկան 9 ամսուան եղած ատենը կը դիտուէր, որ ի տես պզտիկ շան մը, որ կը հաչէր եւ զոր կաթընտու կինը իրեն կը ցուցնէր, կը սկսէր լալ, պոռալ. միեւնոյն բանը կը պատահէր շարունակաբար մինչեւ իր 17-րդ ամիսը։

Երկուքուկէս տարեկան եղած ժամանակն ալ տղան միշտ կը վախնար շունէ, թէեւ մինչեւ այն օրը որեւէ շուն մը իրեն վնաս մը չէր հասցուցած։

Երեք տարեկանի մօտ կը սկսէր կամաց կամաց վարժուիլ շան եւ յետոյ օր մը երբ շունը իրեն ձեռքէն խնձորը կը յափշտակէր, ինքը կատարեալ յանդգնութեամբ կ՚երթար եւ շան բերնէն կ՚առնէր խնձորը։

Պէտք է նաեւ սա ալ գիտնալ, որ ո՛րքան ուշ յաջողինք տղան շուներուն վարժեցնելու, այնքան իր հանդէպ շունին ունեցած «վախ»ը կը տարածուի կամաց կամաց միւս անասուն վայրի եւ կամ ընտանի բոլոր կենդանիներուն վրայ ալ։

Օր մը երբ միեւնոյն տղան, որ արդէն քսանեօթ ամսական եղած էր, հաճոյք մը պատճառելու համար խոզի ձագեր ցոյց կը տրուէին. ի տես այդ անասնիկներուն, տղան կը ստանար արդէն լուրջ կերպարանք մը, եւ երբ անոնք կը սկսէին իրենց մօր ծիծերէն կախուիլ, այն ատեն մանուկը կը սկսէր պոռալով լալ, զինք գրկողին փաթթուիլ եւ վախէն երեսը միւս կողմ դարձնել։ Յետոյ կը հասկցուէր, որ տղան կարծեր է, թէ այդ անասնիկները իրենց մայրը կը խածնեն։

Եւ ահաւասիկ, ասոր համար իւրաքանչիւր անգամ երբ տղան կը մօտեցուէր այդ անասնիկներուն, վախի միեւնոյն վիճակին մէջ կ՚իյնար տղան։

Մանկան այս վախը իր չորրորդ եւ հինգերորդ տարիներուն այնքան կը զարգանար, որ նոյնիսկ գիշերը քունին մէջէն պոռալով կ՚արթննար, կարծելով թէ խոզ մը կ՚ուզէր զինք խածնել։ Ան այնպէս կ՚երեւակայէր, թէ կենդանին հո՛ն էր, եւ հակառակ սենեակը լուսաւորուելուն, եւ զինք համոզելու համար կատարուած բոլոր ջանքերուն, չէր համոզուեր, թէ խոզը գոյութիւն չունի սենեակին մէջ։

Հեղինակ մը նմանօրինակ պարագաներ կը բացատրէ անով որ գիշերը, զոր օրինակ, տղան որեւէ մէկ տեղը քերուըտուք մը զգալով, այդ զգացողութեան հետեւանքով, իր երեւակայութեան միջոցաւ իր մտքին մէջ կը գոյացնէ, կը կազմէ անասունը։ Բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ եթէ բոլորովին հանդարտ քնացող տղայ մըն ալ յանկարծ քունին մէջէն կը պոռայ, նոյնիսկ առանց արթննալու, ուրեմն քերուըտուքի հետ առընչութիւն ունեցող պատճառներ կան՝ որով տղուն աչքին պատկերներ կամ տեսարաններ կ՚երեւին։

Ուրեմն, վտանգի անգիտութիւնը եւ անոր վարժուիլը անվա՛խ կ՚ընէ մարդը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 19, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018