ԵՐԱՆԻ՜ ԽՈԶԵՐՈՒՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին Լոնտոնի մէջ խումբ մը «անգործ» բուսակերներ վիրաւորուած ու վնասուած կովերուն եւ ոչխարներուն հասնող «ցեղասպանութիւն»ներէն մուտք գործած են թուրք յայտնի խոհարար Նուսրեթի ճաշարանը եւ բարձրաձայնած են «բոյսերով ապահովուած ապագայ» լոզունգը: Նմանատիպ այլ խումբ մը երկու շաբաթ առաջ բողոքի ցոյց կազմակերպած է Աւստրալիոյ մէջ. ցուցարարները իրենց ձեռքին ունենալով խոզի նկարներ, փորձած են անոնց համար արդարութիւն աղերսել եւ աղերսելէ անդին պահանջել, որովհետեւ վերջապէս այդ խոզերն ալ պաշտպան մը պիտի ունենային: Մարդոց գութը շաժելու համար ցուցարարներ միացուցած են չարչարուող ու տանջուող խոզի ձայներ, որպէսզի ունկնդիրը լաւապէս հասկնայ անոնց ցաւն ու մտահոգութիւնը:

Այս բոլորին դիմաց կամայ թէ ակամայ «Երանի՜ խոզերուն» մը կ՚ըսեմ, այն ինքնավստահութեամբ որ իմ կամ քու մահդ իրենց համար այնքան ցաւ պիտի չդառնայ՝ ինչքան բարբարոսաբար կոտորուող խոզերունը:

Բուսակերներու հանդէպ ատելութիւն մը կամ թշնամանք մը չունիմ, որ անոնց միս չուտելը որպէս անտրամաբանական արարք կը դիտեմ, սակայն ցաւ ի սիրտ, կը տեսնեմ, որ անոնց կենդանիներուն հանդէպ ունեցած վերաբերմունքն ու սէրը շա՜տ շատ աւելի է դէպի մարդ տածած իրենց սէրէն ու հետաքրքրութենէն եւ փաստօրէն մորթուող մէկ խոզ մը շա՜տ աւելի արժէքաւոր է աշխարհի չորս ծագերուն մէջ անհաւասարութեան եւ անարդարութեան պատճառով իրենց աչքերը առյաւէտ փակողներէն:

Տակաւին երկու շաբաթներ առաջ ՄԱԿ-ը յայտարարեց, որ Թահիթիի մէջ աւելի քան 200 հազար մանուկներ սովամահ ըլլալու վտանգին առջեւ կը գտնուին եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը աղքատութեամբ եւ անօթութեամբ կը տառապի: Նոյն հարցը կը դիմագրաւեն Հնդկաստանի, Ափրիկէի, Աֆղանիստանի մէջ եւ այլուր։ Խոզերու առողջութեամբ մտահոգուողները երբեւէ փողոցներուն մէջ բարձրացուցին այդ մահացող մանուկներու նկարները եւ անոնց համար արդարութիւն պահանջեցի՞ն. երբեւէ անոնց մահուան ու սովամահ վիճակին համար ցաւեցա՞ն այնքան՝ ինչքան խոզին մորթուելուն: Կամաց կամաց կու գամ այն եզրակացութեան, որ մարդոց համար կենդանիները նոյնինքն մարդոցմէ աւելի կարեւորութիւն կը սկսի ներկայացնել. շարք մը «բախտաւոր» շուներու եւ կատուներու համար մսխուած կերի ծախսով հաւանաբար կարելի կրնար ըլլալ տասնեակ մը ափրիկեցիներ եւ կամ հնդիկներ կշտացնել:

Գնահատելի է մարդոց կենդանիներուն նկատմամբ ունեցած փափկանկատութիւնը, սակայն ինչո՞ւ համար նոյնը չեն ունենար մարդու նկատմամբ. վերջերս «BBC» լրատուական ընկերութիւնը հարցազրոյց մը կ՚ունենայ Աֆղանիստանի մէջ սովամահութեան սահմանի մէջ գտնուող ընտանիքի մը հետ. ընտանիքին հայրը հետեւեալը կ՚ըսէ. «Անօթի զաւակներու թմրամիջոց կու տամ՝ որպէսզի կարենան քնանալ»: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ այսօր Աֆղանիստանի մէջ շատ մը ընտանիքներ իրենց անչափահաս աղջիկները կնութեան համար «ծախու» կու տան իրենցմէ շա՜տ շատ աւելի տարեց մարդոց՝ այդ «շահ»ով իրենց փորը կշտացնել կարենալու համար: Այսօր Աֆղանիստան լեցուն է իր մարմնի անդամներէն մասեր ուրիշ հիւանդներու նուիրաբերել ուզողներով, որոնք կ՚ուզեն այդ ստացած գումարով իրենց կեանքը ապահովել: Բացէ՛ք ու կարդացէ՛ք «BBC»ի հաղորդագրութիւնը. բազմահարիւր ընտանիքներ որպէս իրենց օրուան ճաշ կ՚ունենան չոր հաց, իսկ գիշերը ջուր կը խմեն՝ իրենց փորը լեցուն զգալու եւ նուազագոյնը կարենալ քնանալու համար:

Ընտանիք մը անօթութենէն չմեռնելու համար պարտքի կը դիմէ՝ իր ընտանիքին որոշ ուտելիք ապահովելու համար, սակայն վերջաւորութեան չկարենալով վճարել այդ գումարը պարտատիրոջ իր աղջիկը կը «նուիրէ»՝ իբր փոխադարձ իրենց տրուած նպաստին: Վստահ կրնա՛ք ըլլալ, որ այս բոլորը մեծ պատկերին մէկ փոքր մասն է:

Այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի երեք տեսակ ուտել.

Ա.- Ուտել՝ կշտանալու համար

Բ.- Ուտել՝ հաճոյք ստանալու համար

Գ.- Ուտել՝ գոյատեւելու համար

Սովամահութեան սահմանը գտնուողները այսօր վերջին խումբին կը պատկանին:

Երազս է, որ աշխարհի վրայ ամէ՛ն մարդ նախ իր կեդրոնացումը դնէ մարդո՛ւն վրայ, որովհետեւ խոզը ախոռներու մէջ կարելի է բազմացնել  ու ապրեցնել, սակայն պէտք է տեղ մը մարդը տարբերել խոզէն. մարգարիտները խոզերուն դիմաց մի՛ նետէքով ապրելու կոչուած ժողովուրդ մը Աստուծոյ համար ամենէն սուղը՝ մարդ արարածը խոզերուն դիմաց կը նետէ:

Արհեստագիտութեան զարգացումէն ետք միշտ արծարծուեցաւ, թէ կրնայ ըլլալ ապագային մեքենաները մեր վրայ իշխեն, սակայն հեռու չէ նաեւ այն ենթադրութիւնը, որ կենդանիները մեր տէրերը դառնան՝ այնպէս ինչպէս դարեր առաջ անոնց հանդէպ պաշտամունք կը կատարէինք. ինչպէ՞ս լուռ մնալ երբ հազարաւոր մանուկներ անօթի կը մեռնին, մինչ տիկին մը իր շան համար յատուկ բժիշկ, մատնայարդար, վարսավիր կ՚ունենայ: Հաւանաբար անհաւատալի թուի, սակայն տարի մը առաջ Ամերիկայի մէջ կին մը դատ բացած էր իր դրացիին եւ անոր շունին դէմ, մեղադրելով որ անոնց պատճառով կատուն ունեցած է հոգեկան խանգարումներ:

Փաստօրէն մեծագոյն հոգեկան հիւանդները մենք ենք... որովհետեւ մարդ մը մարդու հանդէպ տմարդ չի՛ կրնար ըլլալ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -114-

Տարիներ առաջ հայրս մեծահարուստի մը մօտ գործի ընդունուեցաւ։ Մեծահարուստը հակառակ իր ունեցած հարստութեան (ինչպէս յաճախ բոլորը), մեծ ուշադրութիւն կը տածէր իր առարկաներուն հանդէպ։ Չէր ձգեր մէկը աղտոտ ոտքերով կոխկռտէ սուղնոց գորգերուն։

Սակայն ունէր տկար կէտ մը. մայրը զինք ժառանգ ձգած էր շուն մը՝ որ միւս բոլորին հակառակ ամէն բան ընելու իրաւունքն ու շնորհը ունէր։ Մարդոց հազիւ նստիլ կրցած բազկաթոռներուն վրայ բարձրանալու եւ մինչեւ իսկ զանոնք ճանկռելու ազատութիւնը ունէր։ Մեծահարուստը յատկացուցած էր յատուկ սպասաւոր մը, որուն գործն էր շունը դուրս տանիլ, անոր պէտքերը հոգալ... մարդը շունին ծառայ դարձած էր։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2022