ՍԻՐԵՑԷ՛Ք

Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք, որ Նոր տարուան առաջին օրերուն մեր յօդուածները սկիզբ առնէր դրական ապրումներով, սակայն կեանքը այդ բախտը չվիճակեց մեզի: Սակայն, Նոր տարուան շեմին կ՚ուզենք ամբողջացնել այդ պակասը եւ հեռու ամէ՛ն տեսակ քաղաքական ու ազգային խնդիրներէ կ՚ուզենք խօսիլ համամարդկային պակասի մը մասին՝ որն է սէրը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ քննադատել բոլո՛ր երեւոյթները սիրոյ բացակայութեան պտուղն են եւ ամէն ժամանակէ աւելի այսօր սիրոյ քարոզխօսութեան կարիքը ունինք:

Աւելի քան երկու հազարամեակ առաջ Յիսուս Քրիստոս թշնամիները անգամ սիրել կը պատուիրէր. մենք այսօր այդ մէկը չենք պահանջեր, որովհետեւ մենք այսօր մեր արիւնակիցը անգամ չենք սիրեր, ո՜ւր մնաց սիրենք թշնամիները (թէեւ մեր ազգին մէջ դիւրութեամբ կարելի է գտնել թշնամի սիրող, սակայն իր արիւնակիցը ատող բազմաթի՜ւ այլանդակ հայեր):

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր սիրոյ կարիքը ունինք, որովհետեւ Առաքեալի խօսքերուն համաձայն, սէրը երկայնամիտ է եւ այդ երկայնամտութեան որպէս արդիւնք «սէրը չի նախանձիր». եթէ սէրը իրապէս չի՛ նախանձիր, կը նշանակէ մեր ազգին մէջ սէրը սատկած է, որովհետեւ նախանձը բոյն դրած է մեր մէջ: Մեր ազգին մէջ արձանագրուած իւրաքանչիւր յաջողութիւն գնահատանքի փոխարէն կ՚ընդունուի նախանձով եւ քննադատութեամբ. ուրիշին յաջողութիւնը սեփական ձախողութեան տագնապ մը կը ստեղծէ մեր ընկերութենէն ներս: Երանի՜ թէ սէրը յաջողէր մեր մէջէն դուրս վռնտէր նախանձը. Հին կտակարանի մէջ մահը աշխարհ մուտք գործեց նախանձի պատճառով եւ նոյն այդ նախանձի պատճառով մահը մուտք գործած է այսօր մեր ազգին մէջ՝ սպաննելով բոլոր դրական երեւոյթները:

Առաքեալի խօսքերով՝ «Սէր ունեցողը չի գոռոզանար»։ Դիտելով մեր շուրջ կը տեսնեմ մեր ազգի մէջ գոռոզացողները՝ սկսեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութենէն, որ հակառակ ամօթալի պարտութեան իրենց մէջ անբացատրելի գոռոզութիւն մը գոյութիւն ունի: Մեծանուն գրող Գարեգին Սրուանձտեանց իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Գոռոզութիւն տգիտութեան անդրանիկ ծնունդ». իսկ հայ արձակագիր ու բանաստեղծ Գեղամ Բասեղեան իր «Ֆրանչիսկօ Ֆէրրէր» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ. «Տգիտութիւն, գոռոզութիւն, չարութիւն եւ կեղծաւորութիւն, որոնք տակաւին արգելք մըն են տիեզերական ներդաշնակութեան գալուստին»:

Առաքեալը կ՚ըսէ, թէ «սէր ունեցողը չի՛ հպարտանար». մէյ մը աչքէ անցուցէք մեր ազգը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ. անտեղի հպարտութիւն մը պիտի գտնէք այդտեղ. նոյնիսկ սփիւռքի գաղութներու մէջ՝ ուր հայ մշակոյթը, լեզուն ու աւանդութիւնները օրէ օր աւելիով կը կորսուին, կայ հպարտութիւն մը (պարտութեա՞ն ու կորուստի՞ հպարտութիւն): Սիրոյ պակասով պայմանաւորուած հպարտութիւնն է, որ մեր մէջ անտեղի հակառակութիւն մը կը ստեղծէ, նոյն գաղափարին համար աշխատելով հանդերձ բոլորս թշնամիներ դարձնելով:

«Սէր ունեցողը չի՛ լրբանար». մեր ազգի լրբութիւնները լաւապէս տեսնելու համար բաւարար է աչքէ անցընել մեր «ազգային ժողով»ը, ուր հայ ազգի խնդիրները լուծելու համար հաւաքուածները զիրար քարկոծելով զբաղուած են:

Առաքեալը կը շարունակէ թուել այն բոլորը՝ որ մեր ազգէն հեռու է. սէր ունեցողը չի գրգռուիր, չարը չի մտածեր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, ամէն բանի կը հաւատայ, յոյս կ՚ունենայ, կը համբերէ (հմմտ. Ա. Կորնթացիս 13.4-7):

Յաճախ յիշած ենք, թէ ինչպէս մեր մեծերը ամբողջ կեանք մը միութեան կարեւոութիւնը շեշտած են. այդ միութիւնը մեր մէջ խախտած է սիրոյ պակասի պատճառով. գրեթէ ամէ՛ն հին գրող այդ սիրոյ կարեւորութիւնն է, որ կը շեշտէր։ Կարդացէ՛ք Պետրոս Դուրեան, որ 155 տարիներ առաջ՝ 1869 թուականին իր գրած բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ «Բարբառն վըսեմ, թէ «ըզմիմեանս սիրեցէ՛ք» կ՚ըսէր. կարդացէ՛ք Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, որ գրեթէ նոյն թուականներուն «Ի բաց սրտից ձեր, եղբա՛յրք, Ատելութիւն, հեռ, նախանձ» կ՚ըսէր: Զիրար սիրելու եւ աւելին, երկիրն ու հողը սիրելու կոչ մը կ՚ընէր Խրիմեան Հայրիկ, որովհետեւ ան կը հաւատար, թէ ամէն սուրբ ու մաքուր զգացում սիրոյ մէջ ծնունդ կ՚առնէ: Ան կը յորդորէր սիրել Մասիսը, իր յայտնի հետեւեալ խօսքերով. «Իսկ դուք, ո՛վ որդիք Հայոց, որ մեր հին Նահապետական տան ժառանգորդ զաւակներն էք. հոն հայրենի տունը կացէք, մի՛ հեռանայք, սիրեցէք Մասիսը, իւր տապան եւ Սուրբ Գրիգորի Կաթուղիկէն. մշակեցէք Նոյայ ձեռատունկ այգին՝ Արարատայ դաշտը, մի՛ թողուք յաւիտեան Նահապետական տուն ընտանիքը»: Մեր մէջ այսօր Մասիսը սիրողները քի՛չ են, որովհետեւ ժամանակաւոր արժէքներ մեր մէջ խլացուցած է անժամանակ արժէքները:

Պետրոս Դուրեանէն, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն եւ Խրիմեան Հայրիկէն շատ աւելի առաջ, Ղեւոնդ Ալիշան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէր. «եւ այլուր միով բանիւ, «Զեղբայրսիրութիւն սիրեցէք»: Տակաւին գրականութեան մէջէն կարելի է գտնել բազմահարիւր յորդորներ զիրար սիրելու։ Նոյն այդ սիրոյ կարեւորութիւնը այսօր կը շեշտենք եւ վստահ ենք, որ ցաւ ի սիրտ, վաղը եւս այդ մէկը պիտի շեշտուի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր եւս ի գործ պիտի չդրուի եւ նոյն ատելութեամբ պիտի փորձենք «պահել» այն բոլորը՝ որ միայն սիրով կարելի է պահել:

Քրիստոսի յորդորի հիման նման թշնամին սիրել չէ՛ որ կը պահանջենք. պարզապէս սիրեցէ՛ք ձեր նմանը, ձեր արիւնակիցը, սիրեցէ՛ք հայն ու հայկականը, սիրեցէ՛ք այն ամէնը՝ որ մերն է եւ մեր պաշտպանութեան կարօտը ունի, որովհետեւ սէրը միայն կրնայ ազգի մը լեզուն, մշակոյթը արթուն պահել եւ օտարութեան մէջ ապրող մեր հայերու օտարացումը ո՛չ թէ հայրենիքէն հեռու ըլլալը, այլ հայկականի հանդէպ սիրոյ պակասն է:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ե՞րբ պատահած է աշխարհի ամենէն զօրաւոր երկրաշարժը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն զօրաւոր երկրաշարժը տեղի ունեցած է 22 մայիս 1960 թուականին, Չիլիի Վալտիվա քաղաքին մէջ: Երկրաշարժի սաստկութիւնը եղած է 9.5 ուժգնութեամբ: Սոյն երկրաշարժը պատճառած է աղէտներ, որուն ազդեցութիւնը զգացուած է շրջակայ երկիրներու մէջ. այս երկրաշարժը պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս Չիլիի մեծ երկրաշարժ անունով: (Յայտնենք, որ սոյն երկրաշարժին շատ աւելի քիչ մարդ մահացած է, քան 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դժբախտ երկրաշարժի ընթացքին, որ ունէր 6.8 ուժգնութիւն):

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունուար 8, 2024