ՃՇՄԱՐՏԱԽՕՍ ԿԱՄ ԽԱԲԵԲԱՅ

Ի՞նչ է ճիշդը եւ ի՞նչ է սուտը։ Կամ ի՞նչ է ուղիղը եւ ի՞նչ է սխալը, ինչո՞ւ որեւէ խօսք կամ գործ շիտակ է եւ ուրիշ մը՝ ծո՛ւռ։ Արդարեւ բոլոր այս հակադրութիւնները մարդկային մտքին նախապաշարումներուն արդի՞ւնքն են, թէ ոչ հիմնուած են անայլայլելի եւ մշտնչենաւոր սկզբունքի մը վրայ։ Ո՞րն է «բարի»ն եւ ո՞րը՝ «չա՛ր»։

Երբ հաստատուած աւանդական սովորութիւններ կը կառավարեն մարդուս կեանքը, ընթացք եւ ուղղութիւն կու տան անոր, ինչո՞ւ միշտ նոյն ուղղութիւնը «ճիշդ» է համարուած եւ միւսը՝ «սխա՛լ»։ Խօսք մը կամ գործ մը, մինչեւ իսկ «մտածում» մը ի՞նչ համեմատութեամբ «ուղիղ» կարելի է համարել եւ ի՞նչ չափանիշով՝ «սխա՛լ»։ Այս անորոշութեան մէջ ինչպէ՞ս պէտք է վարուի մարդ, որ ուղղամիտ եւ ճշմարտախօս ըլլայ, եւ ի՞նչ բան ըսելու չէ, որպէսզի նենգամիտ եւ խաբեբայ, ստախօս կամ կեղծաւոր չանուանուի։ Ուրիշ խօսքով՝ ճիշդը միշտ «ճի՞շդ» է, եւ սխալը՝ միշտ «սխա՞լ»։

Անշուշտ կեանքի զանազան զբաղումներուն մէջ այսպիսի հարցով մը տարուիլ անիմաստ եւ աննպատակ կը թուի շատերու։ «Բան մը ճիշդ է, քանի որ անիկա ա՛յդպէս է աւանդուած, մարդ միշտ ճիշդ է ընդունած անիկա եւ ուրիշ բան մը սխա՛լ, եւ աւելորդ է այդ մասին խորհիլ եւ կեանքի այնքան հոգերուն վրայ հոգ մը եւս աւելցնել…», կ՚ըսեն անոնք, որ կեանքը կ՚ապրին մեքենաբար, առանց մտածելու եւ առանց իմաստասիրելու, չըսելու համար «մարդամեքենայ»ի մը նման…։

Մինչդեռ մարդ բանականութեամբ օժտուած միակ էակը կը համարէ ինքզինք եւ միշտ կը հպարտանայ իր այս յատկութեամբ։ Որեւէ բան, առանց ուսումնասիրելու ընդունիլ, նախապաշարումէ, ինչ որ ներհակ է բանականութեան։ Իմաստը ուսումնասիրել, իմաստին խորը թափանցել մարդուն սկզբնական կոչումը եւ պարտականութի՛ւնն է։ Չէ՞ որ մարդ ո՛չ թէ բնազդով, այլ բանականութեամբ կը շարժի եւ հրամայականոն դրութիւններ հակառակ են իր բնութեան, ներհակ են իր արարչութեան նպատակին եւ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։

Ֆ. Նիչէ (1844-1900) կը մատնանշէ, թէ բազմաթիւ բարոյագէտ իմաստասէրներ այս մասին կը ներկայացնեն՝ «խղճին մաղէն զտուած եւ վերացարկուած՝ անջատուած կիրքեր եւ փափաքներու իրականացում»ը որպէս ճիշդ, որպէս ուղիղ եւ որպէս շիտա՛կ։ Այս կը նշանակէ, թէ սրտին եւ խղճին ճիշդ ընդունածը «ճի՛շդ» պէտք է համարել եւ ընդունիլ։ Բայց այս ալ ի վերջոյ նախապաշարումի մը արդիւնք չէ՞. սիրտը եւ խիղճը որպէս ստուգանիշ ընդունիլ այդ մասին։

Իր լայն առումով «ուղղամտութիւն»ը ո՞րքան ընդունելի եւ գործադրելի է կեանքի մէջ։ Եւ իրապէս ուղղամտութիւնը՝ ճշմարտասիրութիւնը՝ գրաւակա՞նն է մարդկային կեանքին։ Մարդ ի՞նչ կը շահի երբ ուղղամիտ է եւ ճշմարտասէր, եւ ի՞նչ կը կորսնցնէ երբ ուղղամիտ է եւ ճշմարտասէր։

Արդարեւ հեգնական մօտեցումով կը դիմաւորուին ուղղամիտ եւ ճշմարտասէր մարդիկ՝ որոնք տարօրինակ եւ անբնական էակներ կը համարուին ընդհանրապէս։ Եւ մինչեւ իսկ ոմանց համար ուղղամտութիւնը, ճշմարտասիրութիւնը արգելքներ են կեանքի մէջ յաջողութեան։ Անշուշտ պէտք է հարցնել, թէ այդպէս մտածողներու համար ի՞նչ կը նշանակէ «յաջողութիւն»ը։

Եթէ յաջողութեան իմաստը միայն «շահիլ» է, ապա ուրեմն «շահել»ու իմաստը ի՞նչ է, եւ թէ՝ շահիլը միշտ նպաստաւո՞ր է, քանի որ երբեմն մարդ ինքզինք շահած կը նկատէ, մինչդեռ իր շահածին փոխարէն ինչե՜ր կորսնցուցած է, եւ եթէ հաշուի առնուի՝ երբեք չէ շահած այլ՝ կորսնցուցա՛ծ։ Պարզ օրինակ մը. մարդ երբ չափազանց եւ իր տարողութենէն վեր աշխատի եւ շատ դրամ շահի, բայց այդ չափազանց եւ տարողութենէն վեր աշխատանքին պատճառով առողջութիւնը եւ մինչեւ իսկ կեանքը կորսնցնէ, այդ մէկը շահա՞ծ է, թէ՞ կորսնցուցած։

Ուրեմն ինչպէս շահը եւ վնասը, նոյնպէս ալ ճիշդը եւ սխալը, շիտակը եւ ծուռը, ուղիղը եւ սխալը, բոլորն ալ յարաբերական են եւ համեմատութեա՛ն հարց։ Մարդ երբ կրնայ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել հակադիր արժէքները, ահաւասիկ, այն ատեն կրնայ յստակ կերպով որոշել ճիշդը եւ սխալը։ Արդարեւ «ուղիղ»ն ալ յարաբերական արժէք մըն է՝ մէկուն համար ուղիղը կրնայ ծուռ ըլլալ, ժամանակաշրջանի մը մէջ այն որ ուղիղ է, տարբեր  ժամանակամիջոցի մը մէջ՝ ծուռ եւ սխա՛լ։

«Պատիւ» կ՚ըսենք։ Բայց ի՞նչ է պատիւը։

Ի՞նչ բաներու գոյութիւնը  մարդս «պատուաւոր» կը հռչակեն եւ ի՞նչ բաներու պակասը «անպատիւ» նկատուելու պատճառ կ՚ըլլան։

Թէ՛ պատուաւոր, թէ՛ չար, եւ կամ թէ՛ անպատիւ, թէ՛ բարի կարելի՞ է ըլլալ։ Ամէն պատուաւոր բարի՞ է, եւ ամէն անպատիւ՝ չա՛ր։ Եւ եթէ «պատիւ» ըսուածը որոշ չափանիշ մը ունի, ապա ուրեմն մէկը երբ կորսնցնէ իր «պատիւ»ը որեւէ պատճառով, անիկա կրնա՞յ վերստանալ երբ կորսնցնելու պատճառը վերնայ, այլեւս չգործէ։

Խորամանկ խաբէութիւնը ներելի՞ է, երբ նպատակը ըստ էութեան բարի է։ Խաբեբայ ըլլալ՝ պէ՞տք է թարգմանել որպէս ճարպիկութիւն, ինչպէս ոմանք կը կարծեն եւ կը սխալի՛ն։

Ուղղամտութիւնը, համընթաց ճշմարտասիրութեան, առանց նկատելու անոր բարոյական հայեցակէտը, պայմա՛ն մըն է ճշմարիտ եւ արդար յաջողութեան, բաւական է, որ մարդ քաջաբար եւ յարատեւօրէն զայն կիրարկելու կորովը եւ հաստատամտութիւնը ունենայ։

Անգլիացիներ առած մը ունին, որ կ՚ըսեն.

«Honesty is the best policy», այսինքն՝ «ուղղամտութիւնը լաւագոյն աշխարհավարութիւնն է»։ Ուղղամտութեամբ մարդ ո՛չինչ կը կորսնցնէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 3 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018