ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ՎՐԱՅ ԱՂՕԹԵԼ

Մարդ յաճախ կը փորձուի առանց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու աղօթել։ Սակայն պէտք է Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան հիման վրայ աղօթել։ Այս կը նշանակէ՝ որ երբ առանց Աստուծոյ Խօսքը կարդալու եւ հասկնալու կ՚աղօթէ մարդ, այն ատեն բոլորովին իր երեւակայութեան վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ, բան մը՝ որ աստուածային չ՚ըլլար։ Ուստի երբեմն մարդ շատ կ՚աղօթէ, բայց ի՞նչ կ՚աղօթէ չի գիտեր։ Այս ուղղութեամբ շատ կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ է Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ աղօթել։

«Աստուծոյ Խօսք»ին հիման վրայ աղօթող մէկը՝ կրնայ նոյնիսկ Աստուծոյ Խօսքը աղօթքի վերածել եւ այդ կերպով աղօթել։ Ան, այսպէս կ՚աղօթէ ճշմարտութեան։

Արդարեւ, «ծունկի վրայ գալով աղօթել», շատերու կրնայ երեւիլ «արտաքին արտայայտութիւն» մը կամ պարզապէս ձեւակերպութիւն մը, եւ կ՚ըսեն, թէ՝ ներսիդին եղած զգացումը կարելի է արտայայտել որեւէ կերպով կամ ձեւով։ Առաջին ակնարկով կրնայ «բանաւոր» թուիլ այս մտածումը, քանի որ ձեւը չի՛ փոխեր էականը, կերպը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, զգացումը երբ անկեղծ է, փոփոխութիւն չի կրեր։

Բայց կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ թէ՝ շատ անգամ մանրամասնութիւններն են որ ուղղութիւն կու տան էականին, եւ «ձեւ»ն է որ կ՚որոշէ բուն իմաստը եւ նպատակը։ Այս անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, որ «ձեւ»երը եւ մանրամասնութիւնները կը կազմեն, կը կազմաւորեն բովանդակութիւնը։ Զոր օրինակ, անպարկեշտ, անկիրթ վարմունք մը անվստահելի կը դարձնէ ենթական, ան որքան ալ հմուտ, որքան ալ գիտուն ըլլայ։

Աղօթքն ալ այդպէս է. պէտք է ունենայ իր պատշաճութիւնը, պարկեշտութիւնը, քանի որ ի վերջոյ աղօթողը կը խօսի Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ ներկայութեան։

Պօղոս առաքեալ իր ուրախութիւնը, գոհութիւնը կ՚արտայայտէ, երբ Աստուած իրեն նոր բան մը յայտնեց՝ թէ Եկեղեցին ի՛նչ ձեւ պիտի ունենայ։ Ան ուրախացաւ, զգացուեցաւ եւ խոնարհեցաւ Աստուծոյ առջեւ՝ ծունկի եկաւ՝ ծնրադրեց աղօթելու համար։ Արդարեւ, մարդուն համար բնական է կարգ մը զգացումները արտայայտել որոշ ձեւերով, քանի որ ան որքան հոգի, նո՛յնքան ալ մարմին է եւ մարմնաւոր արտայայտութիւններ միայն կարելի է արտայայտել ձեւերով՝ մարմնական որոշ շարժումներով։ Մարդուս զգացումները կ՚արտայայտուին անոր մարմնական որոշ շարժումներով, մկաններու զանազան ձեւերով, ինչպէս՝ խըն-դալ, որ մկաններու որոշ ուղղութեամբ շարժում մը, արտաքին ձե՛ւ մըն է։

Ուրեմն, ծնրադրելով աղօթելն ալ խնդրանքները Աստուծոյ ներկայացնելու համար կարեւոր ձեւ մը, անհրաժեշտ բնական շարժում մըն է։ Յաճախ մարդ կը խորհի, թէ արդեօք կրնա՞յ ընել բան մը, կարելի՞ է որ իրականանայ որեւէ բան, ինչ որ կը մտադրէ։ Ահաւասիկ, Պօղոս առաքեալ կու տայ պատասխանը, նոյնինքն իր կեանքի հոգեւոր փորձառութեամբ, թէ՝ ծնրադրել եւ Աստուծոյ ներկայացնել մեր խնդրանքները եւ խնդրել, որ Ան զօրացնէ մեզ, նորոգէ մեր միտքը եւ արթնցնէ մեր հոգին, որպէսզի կարենանք կատարել մեր պարտականութիւնները, իրականացնենք մեր փափաքները Իր զօրութիւնով, Իր շնորհքով եւ ո՛չ թէ մեր սեփական ուժերով, մեր զօրութիւնով։ Ասիկա կը նշանակէ վստահիլ, ապաւինիլ Անձի մը՝ որ ամենակարող է եւ ամենակալ։ Մարդ երբ կ՚աղօթէ, որ իրականանան իր փափաքները, անշուշտ ասիկա կարելի կ՚ըլլայ, երբ այդ փափաքները համաձայն են Աստուծոյ կամքին։ Ուստի մարդ երբ կ՚աղօթէ, պէտք է անդրադառնայ, թէ կ՚աղօթէ իր երկնային Հօր՝ որ ամէնքին Հայրն է։ Ան բոլոր մարդկութեան Հայրն է այն իմաստով, որ Ան բոլորս ստեղծեց՝ Արարիչ է եւ նաեւ՝ Նախախնամ իր բոլոր արարածներուն։ Ուրեմն Ան երբեք չի լքեր իր արարածները, կը խնամէ զանոնք եւ կը հոգայ անոնց պէտքերը եւ միշտ կ՚ուզէ անոնց բարիքը։

Եւ քանի որ Աստուած է Արարիչը բոլոր արարածներուն եւ ամբողջ մարդկութեան, ուրեմն բոլոր մարդիկ նո՛յնն են եւ հաւասար Աստուծոյ առջեւ, եւ արդէն մարդ երբ կ՚աղօթէ, աղօթած կ՚ըլլայ ո՛չ միայն իրեն համար, այլ բոլոր իր «եղբայր»ներուն համար՝ որոնց Հայրը մէ՛կ է եւ միա՛կն է հոգածութեան մէջ։ Աղօթքը միշտ իրարու համար է եւ ո՛չ թէ միայն իրեն համար, եւ ուրեմն աղօթողներ միշտ կ՚աղօթեն իրարու համար եւ այս կերպով աղօթքի մէջ, խընդ-րանքներու ատեն որեւէ մոռցուած կէտ չի մնար։

Ուստի ճշմարիտ հաւատացեալը երբ կ՚աղօթէ, նախ կը գիտակցի այս ճշմարտութեան, յետոյ, ինչ որ շատ կարեւոր է, գիտակից կ՚ըլլայ Քրիոտոսի կենդանի ներկայութեան եւ ճշմարիտ սիրոյն։

Երբ մէկը կ՚աղօթէ եւ կ՚ընդունի Տէր Յիսուսը որպէս Փրկիչ, Քրիստոս կը բնակի իր ներսիդին Սուրբ Հոգիին միջոցաւ։ Իր աղօթքը այն պէտք է ըլլայ՝ թէ զօրանայ իր «ներքին մարդ»ը։ Որովհետեւ զօրանալու պէտք ունի, որպէսզի կարենայ պարունակել բոլոր այն հոգեւոր օրհնութիւնները՝ որ Աստուած կ՚ուզէ տալ։ Արդարեւ «ներքին մարդ»ը, ամբողջ մարդուն այն մասն է, որ իր կեանքը կը կառավարէ։

Եւ ահաւասիկ կենսական հարցում մը. «ո՞վ է մեր ներքին մարդը՝ որ կը կառավարէ մեր կեանքը»։ Այդ «ներքին մարդ»ը իր «Ես»ը՝ «Ի՞նք»ն է, թէ Քրիստոս։ Ահաւասիկ մարդուս կեանքին ընթացք տուող կարեւոր հարցում մը, որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ատեն ատեն հարցնէ ինքն իրեն, կը փորձէ անկեղծ պատասխան մը ստանալ։ Արդարեւ մարդուս «նկարագիր»ն է իր «ներքին մարդ»ը, այն՝ ի՛նչ որ իր ինքնութիւնը կը կազմէ, այն՝ ի՛նչ որ «ինք»ն է։ Եւ կատարեալ մարդ է ան՝ որուն «ներքին մարդ»ը եւ «արտաքին մարդ»ը, անտեսանելի եւ տեսանելի կողմերը իրարու համապատասխան են եւ երբեք զիրար չեն հակասեր։

Ուրեմն, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, հաւատքը կատարեալ ըլլալու համար պէտք է գիտնալ եւ հաւատալ, եւ ճշմարտութիւնը ամբողջութեամբ գիտնալու համար ալ պէտք է հաւատալ եւ գիտնալ։ Ուստի Աստուած կ՚ըսէ. «Եկո՛ւր, որպէսզի քեզի յիշեցնեմ թէ քեզ ո՜րքան կը սիրեմ»։

Հարցը՝ լսելու Աստուծոյ խօսքը եւ ժամանակ յատկացնելու հա՛րց մըն է զայն գործադրելո՛ւ մտադրութեամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 27, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2019