ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Յոյսը աստուածաբանական այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ երանաւէտ եւ հաճոյալի կեանք մը. «Պահե՛նք անսասան մեր դաւանութիւնը յոյսին հանդէպ, որովհետեւ ան որ խոստացաւ՝ հաւատարիմ է». (ԵԲՐ. Ժ 23)։

Առակը կը պատմէ, թէ շա՜տ տարիներ առաջ Սատանան որոշեց պարծենալ եւ ցոյց տալ իր զինանոցի բոլոր զէնքերը։ Անոնք զգուշութեամբ տեղաւորեց եւ անոնց վրայ դրաւ պիտակներ՝ նշելով թէ որ մէկը ի՛նչ է եւ ի՛նչ կ՚արժէ։

Ի՜նչ ճոխ հաւաքածոյ էր ան։ Այնտեղ կը գտնուէր «նախանձ»ի ոսկեայ դանակը, «չարութեան» մուրճը, «ժլատութեան» թակարդը։

Փայտիկներու վրայ գեղեցիկ կերպով շարուած էին նաեւ «վախ»ի, «գոռոզութեան», «մեծամտութեան», «ինքնահաւանութեան» եւ «ատելութեան» բոլոր զէնքերը։ Անոնք բոլորը զետեղուած էին գեղեցիկ բարձերու վրայ եւ հիացում կը պատճառէին դժոխքի բոլոր այցելուներուն։ Իսկ ամենահեռու դարակի վրայ դրուած էր փոքրիկ, ուշադրութիւն չգրաւող եւ բաւականաչափ մաշած փայտէ սեպ, որու վրայ ամրացուցած էր «յուսահատութիւն» պիտակը։ Բոլորին զարմանքը մեծ էր. անոր արժէքը աւելի մեծ էր, քան բոլոր մնացած զէնքերու արժէքը, բոլորը միասին։

Երբ հարցուցին սատանային, թէ ինչո՞ւ զէնքը մնացածներէն աւելի աննշան կ՚երեւի, քանի որ այդ զէնքը մնացած զէնքերէն աւելի գնահատելի է։

Սատանան պատասխանեց.

«Սա միակ զէնքն է իմ զինանոցիս մէջ, որու վրայ ես կարող ե՛մ յոյս դնել, եթէ մնացած զէնքերը իրենք իրենց չարդարացեն եւ չյաջողին իրենց գործին մէջ»։

Ան քնքուշօրէն շոյեց փայտէ սեպը եւ շարունակեց. «Եթէ յաջողիմ զայն մտցնել մարդու գլխին մէջ, կը բացուի դռները բոլոր զէնքերու առջեւ»։

Այսպէս ուրեմն սիրելի՜ բարեկամներ, երբե՛ք, երբե՛ք, երբե՛ք չյուսահատինք, որովհետեւ մեր կեանքի ճանապարհին վրայ միշտ լուսաւոր կէտ մը կայ, որ դառնալու է մեր կեանքին անբաժան մէկ մասը։ Ուստի չկա՛յ խաւար, որուն մէջ չգտնուի լոյսի շող մը, եւ ո՛չ մէկ խաւար այնքան մութ, այնքան թանձրամած է՝ ինչպէս կը կարծեն շատեր՝ որոնք «յուսալքուած»ներ են։

Մենք կրնանք ուրեմն «յուսալ», շարունակել յուսալ երկինքի փառքը՝ որ Աստուծմէ խոստացուած է անոնց՝ որոնք կը սիրեն զԻնք. (ՀՌՈՄ. Ը 28-30), եւ կը կատարեն Իր կամքը ամենայն յօժարութեամբ եւ հաւատարմութեամբ. (ՄԱՏԹ. Է 21)։

Արդարեւ, բոլոր պարագաներու եւ պայմաններու տակ, բոլոր նեղութիւններու մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի յուսալ, միշտ վառ պահել յոյսը, Աստուծոյ շնորհքով, յարատեւել մինչեւ վերջ. (ՄԱՏԹ. Ժ 22) եւ ընդունիլ ուրախութիւնը երկինքի, իբրեւ յաւիտենական վարձատրութիւնը Աստուծոյ այն բարի գործերուն համար, որոնք կատարուած են եւ կը շարունակեն կատարուիլ Քրիստոսի շնորհքով։

Յոյսին մէջ՝ Եկեղեցին կ՚աղօթէ, որ «բոլոր մարդիկը փրկուին». (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։ Եկեղեցի կը բաղձայ երկինքի փառքին մէջ միանալ Քրիստոսի՝ իր Փեսային։

«Յուսա՛, ով հոգի իմ, յուսա՛։ Դուն կ՚անգիտանաս օրը եւ ժամը։ Հսկէ՛ խնամքով, ամէն ինչ շուտով կ՚անցնի, նոյնիսկ եթէ անհամբերութիւնդ ստոյգը տարակուսելի կ՚ընէ եւ երկար ժամանակը՝ շատ կարճ։ Խորհէ՛, թէ որքան աւելի պայքարիս, այնքան աւելի պիտի փաստես Աստուծոյ հանդէպ սէրդ եւ ապա օր մը նոյնքան աւելի պիտի հրճուիս քու Ամենասիրելիիդ հետ, երանութեան մը եւ յափշտակութեան մը մէջ, որոնք երբե՛ք պիտի չվերջանան», կ՚ըսէ Ս. Թերեզա Աւիլացի։

Քրիստոնեայ յոյսը ծաւալ կ՚առնէ Յիսուսի քարոզութեան սկիզբէն իսկ՝ երանութիւններուն հռչակումին մէջ։ «Երանութիւններ»ը կը բարձրացնեն մեր յոյսը դէպի Երկինք իբրեւ դէպի խոստացուած «Նոր Երկիր»ը։ Յիսուս Քրիստոս իր արժանիքներով եւ չարչարանքներով, Աստուած կը պահէ մեզ «յոյսին մէջ, որ յուսախաբ չ՚ըներ». (ՀՌՈՄ. Ե 5)։

Յոյսը ապահով եւ հաստատ «հոգիին խարիսխն» է, «յոյսը կը մտնէ հոն ուր մտաւ Յիսուս մեզմէ առաջ մեզի համար՝ իբր կարապետ». (ԵԲՐ. Զ 19-20)։

Յոյսը նաեւ հոգեւոր զէնքն է, որ կը պաշտպանէ մեզ փրկութեան անվերջ պայքարին մէջ. «Զգեստաւորուինք զրահով հաւատքին եւ սիրոյ, դնենք սաղաւարտը փրկութեան յոյսին». (Ա ԹԵՍ. Ե 8)։

Յոյսը մեզի ուրախութիւնը կու տայ նոյնիսկ նեղութեան մէջ. «ուրախ եղէ՛ք յոյսին մէջ, համբերող՝ նեղութեան մէջ». (ՀՌՈՄ. ԺԲ 12)։ Ան կ՚արտայայտուի եւ կը սնանի աղօթքին մէջ, յատկապէս. «Հայր մեր»ին մէջ, որ համառօտութիւնն է ամէն բանի, որ յոյսը մեզի սիրելի եւ բաղձալի կը դարձնէ։

«Հայրը՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, առատօրէն զեղուց այս Հոգին մեր սրտերուն մէջ, որպէսզի արդարացած շնորհքովն Քրիստոսի, յոյսով ընդունինք ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքին». (ՏԻՏ. Գ 6-7)։

Յոյսը, արդարեւ, մարդը կը պաշտպանէ վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան։ Յոյսին տուած թափը մարդս զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն», եւ կ՚առաջնորդէ դէպի սիրոյ երանութիւն։

Յոյսը կ՚ամրապնդուի, կը զօրանայ եւ կ՚աճի հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։ Ուստի, հոն ուր ճշմարիտ հաւատ եւ անկեղծ սէր կայ, հոն չի պակսիր յոյսը։ Եւ փոխադարձաբար, յոյսը կը գօտեպնդէ, կը խրախուսէ հաւատը եւ սէրը՝ որոնք կը կատարելագործեն «մարդ»ը իր թերութիւններուն եւ իր տկարութիւններուն մէջ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 25 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2022