ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՐԶԵԼ ԱՄԷՆ ԻՆՉ

Աստուծոյ եւ մարդու յարաբերութիւնը, քանի որ «հօր եւ որդիի մտերիմ յարաբերութիւն» մըն է, ապա ուրեմն մարդ, Աստուծոյ առջեւ պարզելու է իր ամբողջ պիտոյքները, կարօտութիւնները, ինչպէս նաեւ ուրախութիւնները, տխրութիւնները, նեղութիւնները, հնհնուքները՝ մտատանջութիւնները եւ վա՛խերը։ Ասիկա բնական է, որովհետեւ հօր մը իր որդիին եւ փոխադարձաբար՝ զաւկի մը իր հօր հետ ունեցած յարաբերութիւնը անկե՛ղծ է՝ մտերիմ է եւ սիրոյ վրայ հաստատուած է։ Եւ ծածուկ որեւէ բան պէտք չէ՛ գտնուի հօր եւ զաւկի յարաբերութեանը մէջ։

Ինչպէս ո՛չ մէկ հայր, առաւելապէս՝ Հայր Աստուած երբեք չի՛ յոգնիր իր զաւկին օգնելէ, ո՛չ մէկ զաւակ կրնայ զԻնք յոգնեցնել, ինչպէս ո՛չ մէկ պարագայի կարելի է զԱյն թուլցնել։ Ան՝ որ մարդուս գլխուն բոլոր մազերուն թելերը կը համրէ, անտարբեր չի կրնար ըլլալ իր զաւակներուն կարօտութիւններուն, պէտքերուն նկատմամբ։

Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր «Ընդհանրական նամակ»ին մէջ կ՚ըսէ. «Տէրը գթառատ է եւ ողորմած» (ՅԱԿ. Ե 11)։ Ուստի Իր սիրալիր սիրտը կը կարեկցի իր որդիներուն ցաւերուն եւ անոնց մասին անոնց ըսածներուն։ Ուստի Անոր պէ՛տք է տանիլ ամէն ինչ որ մարդուս միտքը կը տագնապեցնէ։ Ամէն մտատանջութեան դարմանը Աստուած է, քանի որ Ան Հայր է եւ Ամենակարո՛ղ։ Արդարեւ ոչինչ ծանր է՝ որ Ան չկարենայ վերցնել, քանի որ Ան տիեզերքը, աշխարհները կը բռնէ եւ անոնց բոլոր ընթացքը կ՚որոշէ, գործերը անթերի կը կատարէ։

Յիսուսի նկատմամբ, որպէս Աստուածորդի, աւելի՛ յստակ հայեացքներ ունենալ կը կարօտի մարդ, եւ աւելի «կատարեալ ըմբռնում» մը՝ յաւիտենական իրողութիւններու արժէքին վրայ։ Սրբութեան գեղեցկութիւնը պէտք է համակէ Աստուծոյ զաւակներուն իւրաքանչիւրին սիրտը, եւ որպէսզի իրականանայ ասիկա, պէ՛տք է Ամենատես-Ամենակարողէն խնդրել, որ պարզէ իրենց երկնաւոր գաղտնիքները։

Ուստի մարդուս հոգին թո՛ղ դէպի վեր ձգտի, որպէսզի Աստուած՝ Երկնաւոր Հայրը շնորհէ իրենց շնչել երկնային մթնոլորտը եւ լիանալ անոր շնորհներով, բարիքներով։ Ուրեմն կարելի է ա՜յնքան մօտ ու մտերիմ ապրիլ Աստուծոյ՝ որ ամէն անակնկալ եւ անբաղձալի փորձութիւններու մէջ մարդուս մտածումները եւ մտահոգութիւնները Անոր դառնան ա՜յնքան բնականօրէն՝ ո՛րքան ծաղիկը արեւուն կը դառնայ։

Մարդուս խաղաղութեան վերաբերեալ ո՛չինչ այնքան փոքր է, որ անկարեւոր ըլլայ Աստուծոյ։ Մարդուս փորձառութեան մէջ չկա՛յ գլուխ մը այնքան մթին ու խաւար, որ Ան չկարենայ տեսնել եւ կարդալ. չկա՛յ անձկութիւն մը ա՜յնքան կնճռոտ, որ կարող չըլլայ լուծել, չկա՛յ վէրք՝ որ չկարենայ դարմանել։

Եւ չկա՛յ փորձանք՝ որ կարենայ գալ Իր զաւակներուն ամենէ՛ն պզտիկին գլխուն, չկա՛յ նեղութիւն կամ դժուարութիւն՝ որ կարենայ ճնշել հոգին, չկա՛յ ուրախութիւն, հրճուանք՝ որով համակուի սիրտը, չկա՛յ անկեղծ, սրտաբուխ աղերս՝ որ թռչի շրթներէն, որուն մարդուս երկնաւոր Հայրը անտարբեր եւ անուշադիր մնայ, եւ կամ որուն չշահագրգռուի անմիջապէ՛ս։

Աստուած, ինչպէս կ՚երգէ Սաղմոսերգուն. «Սրտով կոտրածները կը բժշկէ, եւ անոնց խոցերը կը փաթթէ» (ՍԱՂՄ. ՃԽԷ 3)։

Աստուծոյ եւ իւրաքանչիւր հոգիի միջեւ եղած յարաբերութիւնները ա՜յնքան որոշ եւ կատարեալ են՝ իբր թէ միա՛յն այն մէկ հոգիին համար Ան Իր սիրելի միածին Որդին տուաւ։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Այդ օրը իմ անունովս դո՛ւք պիտի խնդրէք իրմէ. ես պէտք պիտի չունենամ ձեզի համար Հօրս աղաչելու, որովհետեւ Հայրս ինք ձեզ կը սիրէ, քանի դուք զիս սիրեցիք եւ հաւատացիք թէ Աստուծմէ ելայ…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 26-27), «…որպէսզի Հայրս տայ ձեզի ինչ որ իմ անունովս խնդրէք։ Դարձեալ կը պատուիրեմ ձեզի, սիրեցէ՛ք զիրար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 16-17)։

Բայց Յիսուսի անունով աղօթել՝ այդ Անունը աղօթքի մը սկիզբը եւ վերջաւորութեանը պարզապէս յիշելէ աւելի՛ բան մըն է։ Աղօթել է՝ Յիսուսի «միտք»ովը եւ ոգիովը, հաւատալով հանդերձ Իր իմաստութեան, Իր խոստումներուն, ապաւինելով Իր շնորհքին, վստահելով ամբողջութեամբ Իրեն, եւ գործելով Իր գործը, գործերը։

Աստուած չ՚ուզեր որ ոեւէ մէկը քաշուի եւ հեռանայ աշխարհէն՝ ինքզինք միայն եւ առանձին պաշտամունքի նուիրելու համար։ Ուստի մարդուն կեանքը պէ՛տք է նմանը ըլլայ Քրիստոսի կեանքին՝ թէ՛ լերան եւ թէ ժողովուրդին մէջ։

Բոլորովին քաշուիլ եւ հեռանալ բարեպաշտութեան նշան չի՛ կրնար ըլլալ. քանի որ, բնականօրէն, ան որ աղօթելէ զատ ուրիշ բան չ՚ըներ, շուտով պիտի դադրի աղօթելէ, եւ կամ եթէ շարունակէ, իր աղօթքները «ձեւական կրկնութիւն»ներ պիտի ըլլան միայն։ Երբ մարդիկ բոլորովին քաշուին ընկերական կեանքէն, Քրիստոնէական պարտականութիւններէ եւ «խաչը կրել»է, երբ դադրին եռանդով գործելէ իրենց Տիրոջ համար՝ որ այնքան եռանդով գործեց իրենց համար, կը կորսնցնեն աղօթքի նիւթը, եւ այլեւս ո՛չինչ կ՚ունենան՝ զիրենք աստուածպաշտութեան մղող։ Այլապէս իրենց աղօթքները անձնական եւ եսամոլ կը դառնան։

Ուրեմն կատարեա՛լ է այն մարդը՝ որ գիտէ՛ ներդաշնակել մարմնականը եւ հոգեւորը, որոնք համընթաց պէտք է ըլլան կեանքի մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 28, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 9, 2018