ԺԱՊԱՒԷՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր ազգը համեմատած այլ երկիրներու, ժապաւէնի ցուցադրութեան մէջ «քիչ» մը յետամնաց է, այնուամենայնիւ այսօր Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար, գոյութիւն ունին այնպիսի ժապաւէններ, որոնք անմակարդակ ըլլալով հանդերձ կը գրաւեն մանուկներու եւ պատանիներու ուշադրութիւնը: Գրեթէ բոլոր մանուկները կը սիրեն, կը դիտեն եւ, ցաւ ի սիրտ, անոնցմէ մէկն է նաեւ եղբօրս դուստրը:

Հետաքրքրութեան համար մի քանի այլ մայրերու հարցուցի. բոլոր մանուկները գրեթէ անխտիր կը դիտեն այդ ապուշութիւնները: Իրենց մօտ գտնուած ժամանակ յաճախ ականջալուր կ՚ըլլամ անոր բովանդակութեան, ինչ որ մտածելու շա՜տ բան ունի իր մէջ:

Ա.- Ննջարանի մէջ են ժապաւէնի հերոսն ու հերոսուհին՝ ընտանիքի մը հայրն ու մայրը. տան հայրը քիչ մը խմած մօրը կ՚ըսէ. «Արի՛ ականջիդ բան ասեմ»: Գրեթէ կիսամերկ կինը կը պատասխանէ. «Վերջին անգամ որ ականջիս բան ասեցիր... յղի մնացի»: Հազարաւոր մանուկներ կը դիտեն այդ տեսարանը, կը լսեն այդ բոլորը, սակայն ի՞նչ կը հասկնան՝ անյստակ է մեզի համար, սակայն յստակ է, որ օր ցերեկով մեր մանուկները կը սորվին ու կը լսեն բաներ՝ որոնց համար տակաւին շա՜տ փոքր են: Այս մէկը պարզապէս մէկ օրինակն է հազարաւոր արտառոց բաներէն, որ մեր մանուկներն ու պատանիները օրական դրութեամբ կը լսեն եւ գուցէ նաեւ կը սորվին:

Բ.- Ժապաւէնին մէջ երկու մեծահասակ մարդիկ կը խօսակցին. անոնցմէ մին կը յայտնէ, թէ վախի մէջ է. խօսակիցը զարմացած հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ կը վախնայ. այդ հարցին դիմաց միւսը կը պատասխանէ. «Վախենում եմ խելացի դառնամ»:

Վերոյիշեալ երկու արտառոց երեւոյթները նշեցի, որպէսզի խորհրդածենք հետեւեալ հարցին շուրջ. ժապաւէնները պարզապէս ժամանցի՞ համար են:

Ցաւ ի սիրտ, շատ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն չարութիւնները չտեսնելու համար զանազան ժապաւէններ կը դնեն, որպէսզի մանուկը նայի, սակայն չեն անդրադառնար, որ իրենց համար ժամանց նկատուող այդ մէկը իրենց մանուկին դաստիարակութեան վրայ եւ մանաւա՛նդ երեւակայութեան վրայ կրնայ մեծ դեր ունենալ: Այդ մէկը կարելի է փաստել հետեւեալով.- քաղաքի մէջ ապրող մանուկէ մը խնդրեցէք, որպէսզի տուն նկարէ եւ պիտի տեսնէք, որ հակառակ իր տեսած հսկայական շէնքերուն ան պիտի նկարէ փոքր տուն մը՝ կղմինտրով, ծխնելոյզով ու մէկ պատուհանով. այս մէկը պարզապէս հայելին եւ արդիւնքն է մանկական ժապաւէններուն, ուր տուները գրեթէ այդպէս կը ներկայացուին: Մանուկը սկզբնական շրջանին շունը, կատուն, նապաստակը, նաւը եւ գրեթէ ամէն բան կը նկարէ այնպէս՝ ինչպէս կը տեսնէ մանկական ժապաւէններու ճամբով եւ այդ բոլորը իր երեւակայութեան աշխարհը կը կազմեն:

Ես կը հաւատամ, որ մանուկներ իրենց երազները նոյնիսկ կը տեսնեն ժապաւէններու հերոսներու նմանութեամբ, որովհետեւ այդ բոլոր տեսարանները, ձայները, խօսքերն ու բառերը՝ որոնք կը փոխանցուին  պաստառի ճամբով, կը դրոշմուի իրենց միտքը եւ վերոյիշեալ արտառոցութիւնները եւս տեղ ու դաշտ կը գտնեն մանուկի ջինջ ու պայծառ մտայնութեան մէջ:

Այսօրուան մանուկը տակաւին պատանի չեղած գրեթէ ամէն բան ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կը սորվի. ան այսօր գիտէ գրեթէ բոլոր հայհոյանքները, որովհետեւ ծնողներու բերնէն բացի կը լսէ նաեւ ժապաւէններու ճամբով: Ժապաւէններու մէջ կը տեսնէ պատանիներ, որոնք համարձակութեամբ պատասխան կու տան իրենց ծնողներուն եւ ժապաւէններու մէջ ծնողներ չես գիտեր ինչո՞ւ, չեն սաստեր իրենց մանուկները նման արտայայտութիւններու նկատմամբ:

Եթէ անցեալին միայն դպրոցն ու ծնողը կը նկատուէր կրթութեան աղբիւր, այսօր համացանցն ու ժապաւէնները կու գան անոնց վրայ աւելնալու, որովհետեւ մանկական տրամաբանութեամբ ճիշդ կը նկատէ այն բոլորը, որ կը տեսնէ պաստառին վրայ:

Անհատականէ աւելի, կը կարծենք, պետական պարտաւորութիւն պէտք է նկատուիլ հսկել եւ որակեալ ժապաւէններ ստեղծել թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ պատանիներուն եւ թէ՛ երիտասարդներուն համար. պէտք է մանկավարժներու կողմէ քննել, թէ տուեալ ժապաւէնը ո՞ր տարիքի մանուկներուն համար յարմար է։ Ամերիկայի մէջ ծնողներ ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց մանուկները կռիւի կամ արեան տեսարաններ չտեսնեն, մինչ մեր մանուկները օրական դրութեամբ սովորական երեւոյթ մը տեսնելու հոգեբանութեամբ կը դիտեն, կը տեսնեն ու կը սորվին այդ ամէնը:

Այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ, որ կամաց-կամաց մեր մանուկներուն ձեռքէն առնուի մանկութիւնը  եւ այդ անմեղութեան տեղ տրուի այլափոխուած ուրիշ մը՝ որ խոտոր է մեր հասարակութեան, խոտոր է մեր ինքնութեան ու կրթութեան:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -188-

Աշակերտութեանս տարիներուն ունէին մայրենի լեզուի ուսուցիչ մը, որ հակառակ մասնագէտ ու լաւ մտաւորական մը ըլլալուն, դասաւանդութեան մէջ անյաջող մըն էր: Սակայն առանց զգալու դասաւանդելու իր անկարողութիւնը՝ կը շարունակէր մտաւորականներու կեանք ներկայացնել:

Տարիքի բերումով ունէր մոռացութիւն եւ գրեթէ բոլոր գրողներուն համար կը գործածէր նոյն եզրը. «Ան իր կեանքը որպէս զոհ եւ ընծայ նուիրաբերած է հայ գրականութեան զոհասեղանին». այս խօսքը կը վերաբերէր գրեթէ բոլոր գրողներուն:

Ժամանակ մը ետք սկսանք նկատել, որ բոլորը «զոհ եւ ընծայ» եղած են: Ամէն անգամ որ նոր գրագէտի մը կեանքը կ՚ուզէր պատմել, ձեռքս կը բարձրաձնէի եւ  նախքան իր ըսելը հարց կու տայի. «Ճի՞շդ է որ ան իր կեանքը որպէս զոհ եւ ընծայ նուիրաբերած է գրականութեան զոհասեղանին». բաւարարուած ժպիտով մը այո՛, կ՚ըսէր. իրեն բացի զոհ եւ ընծայ ըլլալէն, գրեթէ ամէն գրողի գրպանէն դուրս եկած էր սոխ ու պանիր՝ բոլորն ալ թշուառներ պարզապէս:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023