ՑՈՅՑԵՐԸ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ բռնկած ցոյցերուն մեծամասնութիւնը առերեւոյթ առաջնորդ մը չունի, սակայն անշուշտ կայ մղող-համակարգող ուժ մը, որ Հոնկ Քոնկէն մինչեւ Լիբանան առաւելագոյնս կ՚օգտագործէ ընկերային ցանցերը, մանաւանդ՝ երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, իշխանութիւններէն աւելի արագ շարժելու եւ աւելի առաջ անցնելու համար: «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթին կայքը վերջերս յօդուածով մը անդրադարձած է այս երեւոյթին:

*

ԱՌԱՆՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԻՒՆ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՑՈՅՑԵՐՈՒ

«Միայն կայծ մը կրնայ հրկիզել մարգագետին մը», ըսած է Մաօ Ցէ Թունկ 1930-ին, երբ կը փորձէր համոզել իր հետեւորդները, որ Չինաստանի մէջ յեղափոխութիւնը կարելի է:

Գրեթէ դար մը ետք Մաօ Ցէ Թունկի դիտարկութիւնը կը յիշուի, երբ փոքր կայծեր ընթացք կու տան ցոյցերու՝ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերու կայծը WhatsApp-ի տուրքն էր: Չիլիի մէջ՝ մեթրոյի սակերու յաւելումը: Ֆրանսա՝ դեղին բաճկոնաւորներու ցոյցերը, որոնք անցեալ տարի սկսան, հրահրուեցան վառելանիւթի տուրքերու բարձրացումով: Այլ վայրերու մէջ ժողովրդային ըմբոստութեան արմատները աւելի յստակօրէն քաղաքական են: Հոնկ Քոնկի մէջ անիկա փորձն էր Չինաստանի արտայանձնելու ոճրագործութիւններու համար կասկածելիները: Ալճերիոյ մէջ տարիէ մը ի վեր շարունակուող զանգուածային ցոյցերը հրահրուեցան, երբ վատառողջ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքա հինգերորդ նստաշրջանի համար առաջադրեց իր թեկնածութիւնը: Զանգուածային ցոյցերը, որոնք անցեալ տարի սկսան Ասիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ունին հասարակաց յատկանշական, բնորոշ գիծեր: Անոնք ընդհանրապէս առանց առաջնորդի ըմբոստութիւններ են, որոնց կազմակերպումը եւ սկզբունքները չեն հաստատուած կարմիր գրքոյկի մը մէջ, կամ մանրամասն քննարկուած՝ կուսակցական ժողովներու ատեն, բայց փոխարէնը յայտնուած են ընկերային ցանցերու մէջ: Ասոնք ըմբոստութիւններ են, որոնք աւելի գոյացած են սմարթֆոնով եւ ոգեշնչուած՝ հեշթեկով, քան ուղղորդուած՝ կուսակցութեան ղեկավարի մը եւ կեդրոնական խորհուրդներու պատրաստած նշանաբաններով, կարգախօսներով:

Ընկերային ցանցերու գործօն ուժը խթանող առաջնորդ է շարժումներու համար:

Յունիսին, երբ Հոնկ Քոնկի ցոյցերը սկսան, Ճոշուա Ուոնկ՝ շրջանի ամենէն հեղինակաւոր ժողովրդավարական գործիչը, բանտն էր: Մոսկուայի մէջ, ամիս մը ետք, Ռուսաստանի կառավարութիւնը արագ շարժեցաւ՝ ձերբակալելով ընդդիմութեան գլխաւոր գործիչ Ալեքսանտր Նաւալնին, բայց ցոյցերը շարունակուեցան առանց անոր: Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Չիլիի մէջ իշխանութիւնները ի զուր փնտռեցին հրահրողներ:

Ամբողջ աշխարհի մէջ ցուցարարները նոյնանման արհեստագիտութիւններ կ՚օգտագործեն՝ կազմակերպելու եւ տարածելու իրենց պատգամները: Հաղորդագիրներ ղրկելու ծառայութիւնները, որոնք կ՚առաջարկեն ամբողջական ծածկագիր, ինչպիսին է Թելեկրամը, դժուար է լրտեսել եւ շատ տարածուած, ժողովրդական են: Ֆէյսպուքի խումբեր եւ Թուիթըրը թոյլ կու տան, որ անձեւ, անկերպարան բողոքի շարժումները հաւաքեն գաղափարներ, շաղկապեն եւ արտայայտեն դժգոհութիւնները:

Ընկերային ցանցերը նոյնպէս թոյլ կու տան, որ տեղ մը ընթացող շարժումը ոգեշնչուի այլ վայրի մը մէջ տեղի ունեցող ըմբոստութիւններու, ապստամբութիւններու մասին լուրերէն: Անցեալ ամիս Պարսելոնայի մէջ օդակայանի գրաւումը Հոնկ Քոնկէն առնուած մարտավարութիւնն էր: Տեսնուած են հոնկքոնկցի ցուցարարներ, որոնք քաթալոնական դրօշը կը կրեն: Սուտանական եւ ալճերիական այս տարուան ըմբոստութիւնները իրարմէ փոխ առին պատկերներ եւ կարգախօսներ՝ նոյն ոճով, ինչպէս՝ 2011-ի «Արաբական գարուն»ի ապստամբութիւնները:

Յաճախ առանց առաջնորդներու ապստամբութիւնները դժուար է ճնշել կամ բանակցիլ անոնց հետ: Տարբեր զանգուածային շարժումներ, որոնք կը պնդեն, որ կը ներկայացնեն «ժողովուրդին կամքը», կրնան հակասական պահանջներ ունենալ. դեղին բաճկոնաւորներու պահանջը վառելանիւթի աւելի ցած տուրքերու նկատմամբ, կը հակասէ կոչերուն զանգուածային այլ շարժումի ցուցարարներուն, որոնք Արեւմուտքի մէջ փողոցներ իջած են՝ կլիմայի փոփոխութեան դէմ բողոքելու:

Առանց ամուր ղեկավարութեան՝ նոյնպէս գոյութիւն ունի վտանգ, որ ցոյցերը վերածուին ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բռնութիւններու, բախումներու՝ հեռացնելով միջին գետնի կողմնակիցները, եւ կառավարութիւններու համար աւելի դիւրացնելով արդարացնել յետագայ հետապնդումները: Ասիկա էր կաղապարը Ֆրանսայի մէջ, եւ այժմ ՝ Հոնկ Քոնկի եւ Չիլիի մէջ: Բայց միշտ չէ, որ այդպէս է: Ռուսաստանի եւ Ալճերիոյ մէջ ցոյցերը հիմնականին մէջ մնացած են խաղաղ:

Առանց առաջնորդի ապստամբութիւններու ամենէն մեծ վտանգը այն է, որ անոնք պարզապէս պիտի ձախողին: Այս տարուան ապստամբութիւններէն, հաւանաբար, միայն Սուտանի մէջ ապստամբութիւնը հասաւ ակներեւ յաջողութեան՝ Օմար Պեշիրի բռնապետութեան ապրիլին տապալումով:

ՉԻԼԻ. «ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՎՃԱՐԵԼ, ՊԻՏԻ ՉՎՃԱՐԵՆՔ»

Չիլիի պատկերասփիւռի ընկերութեան լրագրող մը, երբ կը փորձէր հարցազրոյցի մը համար մօտենալ Սանթիակոյի մէջ տեղի ունեցող ցոյցի մասնակիցներուն, երիտասարդ աղջիկ մը յանկարծ քաշքշեց զայն եւ անմիջապէս նկարահանող սարքին պոռաց. «Մարեցէ՛ք ձեր հեռատեսիլները, լրատուամիջոցները կը ստեն: Ձեր տեղեկութիւնը ընկերային ցանցերէն ստացէ՛ք»: Ընկերային ցանցերը Չիլիի ցուցարարներուն ոչ միայն կարելիութիւն տուած են աւելի լաւ կազմակերպուելու, քանի որ չկան յստակ առաջնորդներ ցոյցերու, այլեւ այն պատճառով, որ միայն մէկ պահանջ չէ, որուն շուրջը բոլորը միանան: Այն, որ սկսաւ որպէս մեթրոյի սակի յաւելումի դէմ բողոք, յանգեցուց բազմաբնոյթ բողոքներու՝ շարք մը դժգոհութիւններու առընչուած:

«Ցուցարար մը կրնայ աղմուկ բարձրացնել կենսաթոշակներու պատճառով, միւսը՝ ուսանողական պարտքի պատճառով, եւ այլ ցուցարար մը, որովհետեւ այլեւս չի կրնար դիմանալ», կ՚ըսէ Չիլիի համալսարանի քաղաքագէտ Ռոպերթ Ֆանք: «Մենք իւրաքանչիւրս ունինք իսկական բողոքներ: Եթէ դուք ճիշդ հասցէագրէք պատգամը, կրնաք հաւաքել բոլոր այդ բողոքները մէկ պատճառի կամ շարժումի շուրջը: Այն հանգամանքը, որ ցուցարարներու պահանջները տարածուած են, եւ յաճախ՝ խորհրդանշական, ատիկա դժուարութիւն կը պատճառէ նախագահ Սեպասթիան Պիչերայի կառավարութեան, որ առաջարկած է որոշ զիջումներ՝ լուծումներու համար: Աւելի՛ն. նոյնիսկ պարզ չէ, թէ որո՛ւ հետ պէտք է բանակցին», կ՚աւելցնէ ան:

ՔԱԹԱԼՈՆԻԱ. ԿԱՊԵՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ՄԸ ՀԵՏ

Քաթալոնիոյ մէջ ցոյցերը մասամբ կը համակարգուին անանուն առցանց հարթակի մը կողմէ, որ ծանօթ է իբրեւ ցունամի դեմոկրատիք, բայց շրջանային կառավարութեան դերը նոյնպէս շատ վիճայարոյց է: Անկախ Քաթալոնիոյ կողմնակից վարչակազմը զայրացած է այս ամսուան ընթացքին՝ 2017-ի ապօրինի հանրաքուէի եւ անկախութեան հռչակման իրենց մասնակցութեան համար անջատողականներու ինն ղեկավարներու դէմ արձակուած բանտարկութեան վճիռէն:

Այդ պատճառով Քուիմ Թոռա՝ շրջանային կառավարութեան ղեկավարը, կոչ ուղղեց ցուցարարներուն՝ փողոցներուն մէջ տարածուելու եւ ինք անձամբ մասնակցեցաւ մայրուղի մը փակելու քայլին: Թոռա յայտարարեց, որ ինք կը զօրակցի ցունամի դեմոկրատիք-ի, որ Թուիթըրը եւ Թելեկրամը գործածած էր գործիչները ուղղելով դէպի ցուցարարներուն հաւաքուած վայրերը: Ցոյցերուն նոյնպէս մասնակցած են, այսպէս կոչուած, «Հանրապետութեան պաշտպանութեան խորհուրդներ» արմատական անջատողական խումբերու ցանցերը:

Մատրիտի մէջ քաղաքական գործիչները կ՚ենթադրեն, թէ ցունամի դեմոկրատիք-ը ստեղծուած է, որպէսզի քաթալոնական անջատողական առաջնորդները զերծ պահէ բողոքի ցոյցերու օրինական պատասխանատուութենէն: Փապլօ Քասատօ՝ Սպանիոյ կեդրոնամէտ ընդդիմութեան առաջնորդը, կոչ կ՚ընէ դատախազներուն՝ հետաքննելու Թոռայի եւ երկու խումբերու միջեւ գոյութիւն ունեցող որեւէ կապ: Կառավարութեան պաշտօնատարները նոյնպէս կ՚ենթադրեն, թէ ցունամի դեմոկրատիք-ը կրնայ արտաքին օգնութիւն ունենալ, ակնարկելով, որ ատոր յաւելուածը (application), որուն մուտքը Սպանիա իշխանութիւնները այժմ արգիլած են, հնարաւոր է, որ մշակուած է Ռուսաստանի օգնութեամբ:

Քաթալոնիոյ անջատողականները կը մերժեն այնպիսի պնդումները, ինչպիսին է՝ բծախնդրութեան մարտավարութիւնը: «Կեդրոնական կառավարութիւնը մեզ վերածեց անջատողականներու՝ մեզ վիրաւորելով, մեզի հետ լուրջ չվերաբերելով», կ՚ըսէ Ճորտի՝ բողոքի շարժումներուն մասնակցած միջին տարիքի արհեստավարժ մը, որ չուզեց մականունը տալ:

Վերջին օրերուն բռնութիւնները մեղմացան եւ քաթալոնական յարաբերաբար նոր կազմակերպութիւնները՝ հիմնականին մէջ երկու հասարակական կազմակերպութիւններ, Օմնիում եւ Քաթալոնական Ազգային ժողով, յառաջատար դարձած են նախատեսուած ցոյցերու կազմակերպման գործին մէջ:

ՀՈՆԿ ՔՈՆԿ. ԱՆՁԵՒ, ԱՆԿԵՐՊԱՐԱՆՔ ՑՈՅՑԵՐ

«Եղի՛ր անկերպարանք, անձեւ, ջուրի պէս» խօսքը, գրեթէ հինգ ամսուան բողոքի ձայնն էր, որ ցնցեց Հոնկ Քոնկը: Կարգախօսը, որ ի սկզբանէ ստեղծուած է քաղաքի ամենէն յայտնի զաւկին եւ քունկ-ֆու շարժապատկերներու աստղ Պրուս Լիի կողմէ, կը մարմնաւորէ կոկիկ եւ ստեղծագործական ռազմավարութիւնը ցուցարարներու, որոնք չունին առաջնորդ եւ հիմնականին մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են ընկերային ցանցերու միջոցով: Հոնկ Քոնկի տասնամեակներու ամենէն վատ քաղաքական ճգնաժամը, որ հրահրուած է արտայանձնման վիճայարոյց օրինագծով, վերածուած է երիտասարդութեան առաջնորդած շարժումի՝ պահանջելով ընդհանուր ընտրութիւն: Բողոքի ցոյցի մասնակիցներէն շատեր՝ ապրեցան իրենց քաղաքական զարթօնքը 2014 թուականի ժողովրդավարութեան զօրակցող ցոյցերու ատեն, որ այժմ յայտնի է իբրեւ «Ձմեռուան շարժում», որ աւարտեցաւ ձախողութեամբ, քանի մը առաջնորդներու բանտարկութեամբ: Շարժումին մասնակիցները իրենց դասը սորվեցան: Այժմ ցոյցերը հիմնականին մէջ առանց առաջնորդի եւ ապակեդրոնացած են, եւ գործիչները համակարգումի համար ընկերային ցանցը անանուն կ՚օգտագործեն եւ զօրաշարժի կ՚ենթարկուին Չինաստանի արագ վերահսկող պետութեան շուքին տակ:

Երբ գաղափարը առցանց հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, փոքր խումբերը աշխատանքի կը լծուին յատուկ գործողութիւնները համակարգելու համար: Պաստառներ կը փոխանակուին Թելեկրամի զրոյցի խումբերուն մէջ, հազարաւոր հետեւորդներու, որոնք կը տպեն ատոնք եւ կը փակցնեն քաղաքին մէջ: Բազմութեան համար գումար գոյացնելու (Crowdfunding) արշաւները հաւաքած են աւելի քան 15 միլիոն տոլար՝ միջազգային փաստաթուղթերու մէջ բժշկական վճարումներու, օրինական վճարումներու եւ գովազդներու վճարման համար: Եւ քաղաքին մէջ, ուր ԱյՖոն-ը համատարած է, Էփփըլ-ի Էյրտրոփ գործառոյթը թոյլ կու տայ տեղեկատուութիւնը արագ տարածելու բողոքի ցոյցերու ատեն, ուր մարդիկ կը հետեւին ոստիկանութեան շարժումներուն՝ պարբերաբար թարմացուող ուղղակի սփռուող քարտէսներով: Տուներու մէջ մնացողներուն համար GitHub-ի էջերը կը սփռեն տեսանիւթերու հոսքերը լրատուամիջոցներու հաղորդումներէն: Շարժումի եղափոխութեան հետ ծայրայեղական ցուցարարները նոյնպէս կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը՝ հասարակական կարծիքը չափելու համար, յարմարեցնելով եւ բացատրելով իրենց բռնութիւններու սաստկութիւնը՝ խուսափելու համար չափաւոր աջակիցներէ:

ԼԻԲԱՆԱՆ. ՑՈՅՑ WHATSAPP-Ի ՀԱՐՑՈՎ

Լիբանանի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը հրահրուեցան WhatsApp-ի վրայ տուրք հաստատելու կառավարութեան ծրագիրով, սակայն արագօրէն վերածուեցան ըմբոստութեան՝ երկրի ղեկավարներու դէմ, զանոնք մեղադրելով երկիրը տնտեսական անկման եզրին հասցնելու յանցանքին համար: Ամբողջ երկրի բոլոր քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ քրիստոնեաները, սիւննիները, շիիները եւ տիւրզիները կ՚ըմբոստանան՝ առանց առաջնորդի, պահանջելով, առանց բացառութեան, բոլոր առաջնորդներու հեռացումը: «Բոլորը՝ կը նշանակէ բոլորը» լոզունգը պաստառներուն վրայ պատկերուած կարգախօսներէն մէկն է: Թուիթըր հաշթակ-երը, ինչպէս՝ #LebanonProtests-ը օգնեցին զօրաշարժի ենթարկելու ցուցարարները, տարածելու լուրեր, նորութիւններ, նոյնպէս՝ կարծիքներ, ծաղրական բառեր, խօսքեր, տեսանիւթեր՝ թիրախ ընտրելով քաղաքական գործիչները, որոնք կը նկատուին աւազակապետական, ամբարտաւան եւ անատակ: Առաջին շաբթուան ցոյցերէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրի ներկայացուց տնտեսական միջոցառումներու ծրար մը, որ կը խոստանայ որոշ բարեփոխումներ եւ նոր տուրքեր չի ներառեր: Բայց ատիկա շարժումի մասնակիցներուն կողմէ անբաւարար նկատուեցաւ:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019