ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՃԱՇԱՐԱՆ

Բանկալթիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ նոր ճաշարան մը։ Այսպէս, «Զաֆէր» փողոցի մէջ հաստատուած է Գոց շուկայի նշանաւոր «Önder Köftecisi»ի մասնաճիւղը։ 1958 թուականէն ի վեր Գոց շուկայի մէջ կը գործէ այդ ճաշարանը, որ համբաւ ձեռքբերած է իր մատուցած սնունդի որակով։ Հիմա ան Շիշլիի շրջանէն ներս ալ սպասարկութիւն պիտի մատուցէ յաճախորդներու համար։

Նոր ճաշարանի սեփականատէրն է Արաս Ռիւսթեմօղլու, որ համայնքային շրջանակներուն ծանօթ է նաեւ իր տարած գեղարուեստական աշխատանքով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020