Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԹԵՒԱԿՈԽԱԾ ԾՆՆԴԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓՈՒԼԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազաններու դասի վաստակաշատ ու երախտաշատ անդամներէն՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայիս թեւակոխած է իր ծննդեան 70-ամեակի յոբելենական փուլը։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ յուլիսի 4-ին դարձած է 70 տարեկան։ Այս շրջանին ան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ աշխարհի չորս ծագերու հաւատացեալներէն շնորհաւորականներ եւ բարեմաղթութիւններ կը ստանայ։ Երկար տարիներ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդի պաշտօնը վարելէ վերջ, Նորին Սրբազնութիւնը վերջին շրջաններուն հաստատուած է Վատիկան, ուր նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչն է։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կեանքի ոդիսականը 1951 թուականին սկսած է Արաբկիրի մէջ։ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ ուսման սկսելէ վերջ ան մեկնած է Երուսաղէմ, ուր աւարտած է Սրբոց Յակոբեանց ընծայարանը։ Երջանկայիշատակ պատրիարքներէն Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի կողմէ 1971 թուականին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Այսինքն, իր ներկայ 70-ամեակին առընթեր, ներկայ տարին կը զուգադիպի նաեւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակին։ Երուսաղէմէ վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարձրագոյն ուսում ստացած եւ այդ մէկը կատարելագործած է աշխարհի բազմաթիւ հեղինակաւոր համալսարաններէն ներս։ Այսպէս, ան աւարտած է Նիւ Եորքի Ընդհանուր հոգեւոր ճեմարանը, Մինէափոլիսի Ս. Ժան համալսարանը, Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը եւ ի վերջոյ Օքսֆորտի Արեւելեան կաճառը։

Որպէս առաջնորդ՝ իր վարչական կարողութիւնները լաւագոյնս դրսեւորելու առընթեր, հոգեւոր ասպարէզէ ներս աւելի քան հինգ տասնամեակներու տեւողութեան Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հաւասարապէս եղած է նաեւ գիտութեան մարդ։ Այդ երկուքը համատեղելով ան եղած է նաեւ երկխօսութեան մեծ ջատագով մը բոլոր մարզերէ ներս։ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս էքիւմենիք շարժման մէջ դարձած է կարեւոր դէմք մը։ Նոյնպէս յարիր իր եկեղեցական կոչման՝ միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է բարեսիրական ոլորտը։ Հայաստանը եւ Արցախը անմիջական զօրակցութեան առարկայ դարձնելու նպատակով ջանք ու եռանդ չէ խնայած։ Այս բոլորի վառ օրինակը կը հանդիսանայ Հայ օգնութեան ֆոնտը, որու բարեսիրական բնոյթով յաջող նախաձեռնութիւնները ծանօթ են ամբողջ հայաշխարհին։

Նորին Սրբազնութիւնը՝ որպէս հոգեւորական ու որպէս մարդ տասնամեակներու տեւողութեան ամբարած ամբողջ պաշարը փորձած է ծառայեցնել նաեւ սփիւռքի հայապահպանութեան նպատակներուն։ Հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագծի պահպանման ուղղեալ քայլերուն մէջ ան միշտ մեծ հաւատք տածած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձգողականութեան նկատմամբ՝ որպէս համազգային համախմբման առանցք, արժեհամակարգի հասարակաց յայտարար։

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի 70-ամեակին անդրադարձ մը կատարուած է նաեւ Արարատեան հայրապետական թեմի «Շողակն» լրատուականին մէջ։ Այս առթիւ Նորին Սրբազնութիւնը որակուած է հայոց ազգային երազանքները նոր ռազմավարութիւնով մը կերտող հոգեւորական։ Յօդուածին մէջ մասնաւորապէս մէջբերուած են Նորին Սրբազնութեան խօսքերը, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է ուղիներ գտնէ՝ զոհի հոգեբանութենէն ձերբազատուելու համար։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ծննդեան 70-ամեակի եւ քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակի կրկնակ յոբելեանները, որոնց առթիւ իրեն կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան երկար տարիներ։ Պոլսահայութեան համար Նորին Սրբազնութիւնը միշտ կը դասուի հարազատներու շարքին։ Ան վերջին տասնամեակներուն թրքահայութեան ծոցէն հասած եւ անոր հպարտութիւն պատճառած զաւակներէն մին է, որու ծառայութիւնը բարձր գնահատուած է ամբողջ հայաշխարհին կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021