ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ նա­խա­գա­հեց Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան։ Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ մեծ ե­ռու­զեռ ստեղ­ծուե­ցաւ պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը, որ տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը, Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կի­սա­սար­կա­ւա­գի աս­տի­ճան շնոր­հեց թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րէն Մու­րատ Կոս­տա­նեա­նին։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի «Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեան» շքան­շա­նը շնոր­հեց Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ե­րի­ցա­գոյն ան­դամ­նե­րէն Նշան Եա­ղու­պեա­նին, որ եր­կար տա­րի­ներ անմ­նա­ցորդ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է թա­ղի ե­կե­ղե­ցիին, վար­ժա­րա­նին եւ սա­նուց միու­թեան։

Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վար­ժա­րա­նի բո­լոր սա­տա­րող­ներն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նին ներ­կայ էին Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ հոծ թի­ւով թա­ղե­ցի­ներ։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Պա­լըք­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, զոր օրհ­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ հա­մախմ­բուած թա­ղե­ցի­ներն ու հիւ­րե­րը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին Նշան Եա­ղու­պեանն ու Մու­րատ Կոս­տա­նեա­նը, ո­րոնց տե­սան­կիւ­նէն բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցան ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի զա­նա­զան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ա­նու­նով ի­րենց յանձ­նուե­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Սի­րոյ սե­ղա­նի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Պիւ­քիւ­ճեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։ Հա­ւա­քոյ­թին մթնո­լոր­տը պայ­մա­նա­ւո­րեց նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեա­նի կող­մէ հե­ղի­նա­կուած Գա­տը­գիւ­ղի յու­շա­մա­տեա­նի բո­լո­րո­վին վեր­ջերս լոյս տե­սած ըլ­լա­լը։ Ար­դա­րեւ, թա­ղե­ցի­նե­րը մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տեն ի­րենց բազ­մա­մեայ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին այս կո­թո­ղա­յին աշ­խա­տան­քը։

Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան օրհ­նու­թեան խօս­քով եւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2016