Եկեղեցական

ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը Վատիկանի հետ կապի մէջ է Սրբազան Պապի այցի կազմակերպման համար:
Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարուիլը կը նախատեսուի 2017 թուականին, իսկ այս տարուան Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրները հրապարակուած:

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Վրաս­տա­նի դես­պան Թեն­կիզ Շար­մա­նաշ­վի­լին, որ այս շրջա­նին կ՚ա­ւար­տէ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նէ ներս։ Վրա­ցի դես­պա­նը հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին մօտ։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԸ

Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին շա­բա­թա­վեր­ջին ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը։ Քա­ռաս­նօ­րեայ Մա­նուկ Յի­սու­սի՝ տա­ճար ըն­ծայ­ման տօնն է այս մէ­կը, ո­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ նա­խա­տօ­նա­կով՝ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան։ Իսկ ե­րէկ ար­դէն Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօնն էր։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիոյ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Մա­յա Կոյ­քո­վի­չը, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան։

ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հնդկաս­տա­նի դես­պան Սու­րէշ Պա­պու Թա­տի­փա­նե­նին։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հնդիկ դես­պա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ժամ­կէ­տը կը լրա­նայ, ան հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

ՊԸՐՊ­ԵՆՔԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

​Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ կարեւոր ծրագիր մը:
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կանգ առաւ հովուական աշխատանքներուն առաւել եւս թափ տալու անհրաժեշտութեան վրայ: 

Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից տօ­նին առ­թիւ նա­խըն­թաց օր ա­ւան­դա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

Էջեր