Եկեղեցական

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Խոր անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճան «հակաահաբեկչական գործողութեան» իրականացման կեղծ պատճառաբանութիւններով ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսած է Արցախի դէմ, հրետակոծութիւններու ենթարկելով խաղաղ բնակավայրերը, թիրախաւորելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Խաչվերացի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան խրատականը։

ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ 

ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՍԿՈՒՄ ԵՒ ԽԱՉԱՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տաղաւարին նախորդած երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկում եւ բժշկութեան աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան։

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍԻ «ՄԱՐԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։

ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ Կ՚ԱՂՕԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռին մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի շաբաթական ընդհանուր ունկնդրութեան։

ՌՈՄԱՆՕ ՓՐՈՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Իտալիոյ նախկին վարչապետ, Եւրոյանձնաժողովի նախկին նախագահ Ռոմանօ Փրոտի, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստանի մէջ, ուր Երեւանի Պետական համալսարանին կողմէ պատուոյ տոքթորի կոչման արժանացած է, վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին բարեմաղթութիւններ ըրաւ, որպէսզի արդիւնաւոր առաքելութիւն ունենայ Հայաստանի մէջ։

Էջեր