ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը տարեմուտի առթիւ համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հայրերու աւանդական հաւաքը տեղի ունեցաւ աղօթական մթնոլորտի մէջ։
Համայն հայութիւնը այս տարեմուտին ալ կը սպասէ իր Ընդհանրական Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ
ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան՝ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց՝ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան նախընթաց օր կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Սուրբ Երկրի Լատին կաթոլիկ պատրիարք Փիէռպաթիստա Փիցապալայի Արքեպիսկոպոսին։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Ս. Յակոբեանց միաբանութենէն ներկայացուցիչներ։