ԺԸՆԵՒԻ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԷՔԻՒՄԵՆԻՔ ԱՂՕԹՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմը շաբաթավերջին հիւրընկալեց միջեկեղեցական աղօթք մը։ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Թեմակալ առաջնորդի տեղապահ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուեցաւ աղօթք՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ պատանդներու եւ գերիներու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Պաքուի մէջ սկսան՝ մանաւանդ Արցախի գերեվարեալ նախկին ղեկավարներու դատավարութիւնները, որոնք բողոքի լուրջ ալիք մը յառաջացուցին հայկական հանրային կարծիքին մօտ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասու արժէքաւոր եւ համակրելի անուններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան կը թեւակոխէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Յոբելեար սրբազանի ծննդեան տարեդարձի օրն է վաղը. ան կը դառնայ 70 տարեկան։
Հայ Երուսաղէմը այս օրերուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը կ՚ապրի։ Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ, տարեմուտի այս փուլին ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտը առիթ կը դառնայ, որ սաղիմահայութիւնը տոգորուի լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, նաեւ ամրապնդուի վճռականութեան մէջ։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը մասնակցի ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները երէկ հիւրընկալուեցան Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոքի կողմէ՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Չինաստանի «Պոյա» գիտահետազօտական կեդրոնի պատուոյ նախագահ Ռուի-Ցի Լիյուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին՝ Փեքինի մէջ տեղակայուած կեդրոնի գործունէութիւնն ու ծրագրերը։
Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Եփրեմ Բ. Պատրիարքը անդրադարձան Սուրիայէ ներս ստեղծուած կացութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի համար այսօր յոբելենական օր է։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գահակալութեան հնգամեակն է այսօր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներէ ներս պաշտօնավարող աշխարհական աշխատակիցներու հետ համախմբուեցաւ՝ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ լուսարարապետի պաշտօնակատար Տ. Յարութիւն Վրդ Կիրակոսեան։