ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Ամենայն Սրբոց տօնակատարութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Համայն հայութիւնը այս շաբաթավերջին կ՚աղօթէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, երէկ այցելեց Հայաստանի Գուգարաց թեմը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Վանաձոր ուղեւորուեցաւ՝ ընկերակցութեամբ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի եւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի, որ այս օրերուն իրեն հետ է՝ իբրեւ գաւազանակիր։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հ. Թոմաս Շվարցը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին արտայայտեց իր գնահատանքը՝ այս կազմակերպութեան կողմէ իրականացուած բարեգործական եւ ընկերային աջակցութեան ծրագրերուն համար, որոնք ուղղուած են Արցախէն բռնի տեղահանեալ հայերուն, պատերազմէն տուժած ու կարիքաւոր ընտանիքներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանը, որ կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Մայր Տաճարին մէջ Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ժամանման առթիւ։
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) նոյեմբերի 10-ին, Ժընեւի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ, տեղական ժամով 17.00-ին, կազմակերպած է մասնաւոր աղօթքի արարողութիւն մը՝ համագործակցաբար Զուիզերիոյ հայ համայնքին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը այս շաբաթավերջին պիտի համալրուի վեց նոր անդամով։ Այսպէս, Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն՝ ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Երեկոյեան ժամերուն Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով կը ճամբորդէ դէպի Հայաստան, ուր իր կեցութիւնը կը տեւէ շուրջ շաբաթ մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ այս օրերուն կը գտնուի Պոլիս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Կրետէի հոգեւոր տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորները ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան, որու կողքին էր Պատրիարքարանի Հրատարակչական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու տեսուչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։