Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԸՃԸՕՂԼՈՒԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Հալըճըօղլուի գերեզմանատան մատրան մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Ստեփանոսի տօնին առթիւ։ Պատարագիչն էր Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, երէկ երեկոյեան, Ս. Ստեփանոսի տօնի նախատօնակը կատարուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները, որոնց շարքին էին յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ գահակալներէն Տ. Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Քաքմաճեան, որ գաւազանագիրքին մէջ կ՚առանձնանայ՝ միայն տասներկու օր գահակալած ըլլալով։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Վարշաւիոյ նորանշանակ մետրապոլիտ Ատրիան Ժոզէֆ Կալպասի գահակալութեան արարողութեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց՝ պաշտամունքի վերաբացման յաջորդած անդրանիկ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։
Մինչ շաբաթավերջին Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակի տօնը կատարուեցաւ, երէկ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր մասունքներու աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ մասնակցութեամբ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմի անդամներուն։