ՄԱՍՏՐԻԽՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին այցելեց Հոլանտա, ուր նշուեցաւ Մաստրիխտ քաղաքի Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ օծման 12-րդ տարեդարձը՝ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին, որու ընթացքին ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութեան նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը այս օրերուն կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր երիտասարդ միաբաններէն Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանին, որ վերջին օրերուն ցաւալի ոճիրի մը զոհ գացած էր՝ իր հովուական պաշտօնին գլուխը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից քահանաներու հերթական խումբը։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի գլխաւորութեամբ աշխատանքները անընդհատ կը շարունակուին՝ մասնաւորապէս կազմակերպչական եւ կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։
Երուսաղէմի հայոց վանքի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի երդիքին տակ էքիւմենիք հանդիսաւոր աղօթք:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ խաղաղութեան աղօթք:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի պապական նուիրակ Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանա արքեպիսկոպոսը, որ փութացած էր հայոց Սուրբ Ծնունդը շնորհաւորելու։