Եկեղեցական

ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՐԳԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 17-րդ օրն է:
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը, երբ նիւթը ա՛յնքան սկսած է իշխել մարդուն վրայ, որ վերջինս յանուն այդ նիւթին կ՚անտեսէ ու կ՚ոտնակոխէ ամէն տեսակի սրբութիւն, նուիրականութիւն, եւ այլն:

ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 16-րդ օրն է:
Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին 11-րդ գլուխին մէջ կը խօսի հաւատքի մասին՝ թուարկելով հաւատքի անցեալ ախոյեանները:

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿՈՆԴԱԿ

Երախտիքի նուիրական զգացումով այս տարի կ՚ոգեկոչենք Հայոց առաքելապատիւ Հայրապետ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը հայոց նշանաւոր ու մեծագործ կաթողիկոսներէն է, փայլուն աստուածաբան, հզօր քարոզիչ, բանաստեղծ եւ երգահան, պատմիչ ու մանկավարժ: Ներսէս Դ. Հայրապետը, որպէս քաջ հովիւ, որ «զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յովհ. 10.11), եղաւ առաքինազարդ առաջնորդ, լուսապայծառ փարոս մեր ժողովուրդի համար եւ Տիրոջ անխոնջ մշակ:

ԵՐԿՆԱՒՈՐ ԲԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀԻՆՔ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պօղոս առաքեալի Կողոսացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը կարդանք. «Քանի որ յարութիւն առիք Քրիստոսի հետ, այսուհետեւ ձեր ուշադրութիւնը երկինք դարձուցէք, որովհետեւ հո՛ն է Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ աջ կողմը նստած:

ԱՌԱՔԵԼԱՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին բազմակողմանիօրէն կ՚արժեւորէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Երանեալ կաթողիկոսի բեղուն գրչի արգասիքները բարեզարդեցին ծիսակարգերը, արթուն պահեցին մեր ժողովուրդի քրիստոնէական հոգին ու միտքը եւ լուսաւորեցին անոր քարքարոտ ուղին դէպի հոգեւոր եւ ազգային զարթօնքի նոր հորիզոններ»:

ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

ԳՀԽ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի կացութեան եւ մանրամասնօրէն արժեւորեց առկայ մարտահրաւէրները:
Աշխարհաքաղաքական իրադրութեան լոյսին տակ շեշտուեցաւ համազգային համընդհանուր ջանքերու միաւորումը եւ միջազգային աջակցութեան ապահովումը:

ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ Պահքի 12-րդ օրն է:
Անոնք, որոնք ի վիճակի չեն կերակուրի պահեցողութիւն ընելու կամ հոգեկան որեւէ շահ չեն գտներ ատոնց մէջ, անոնց համար կը յանձնարարուին հետեւեալ բարոյական պահեցողութիւնները.

ԱՄՆ-Ի ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Քրիստինա Քըվինը։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր շնորհաւորութիւններն ու արդիւնաւոր առաքելութեան մաղթանքները յղեց նորանշանակ դեսպանին։

Էջեր