ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐՆ ՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂՂԵՑԻՆ ԵԱՀԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի երկիրներու հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդները հանդիպում մը ունեցան ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի հետ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Գաւիթ» հարթակին հանդիպումը, որ կազմակերպուած էր «Հայաստան եւ Արցախ. գոյաբանական մարտահրաւէրներ եւ յաղթահարման ուղիներ» նիւթով։ Այս հարթակը կը համախմբէ հոգեւորականներ, հասարակական գործիչներ, մասնագիտական ու փորձագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ։
Վատիկանէ ներս ընթացքի մէջ է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սինոդի ժողովը։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին՝ իր տեսակին մէջ 16-րդ այս վեհաժողովը կը համախմբէ կաթողիկէ կարտինալներն ու եպիսկոպոսները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ աղքատախնամ մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Իրանի դեսպանութեան մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Ասատի Մովահետին։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի ցաւալի իրադարձութիւններուն։
Ամսթերտամի Ս. Հոգի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ շաբաթավերջին զետեղուեցաւ խաչքար մը, որ ձօնուած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներու յիշատակին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը աղօթեն միասնութեան համար։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Եգիպտոսի դեսպան Սերենատ Մուհամմէտ Սոլիման Կամիլին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն Հայր Իլարիոն, որ իր աստուածաբանական կրթութիւնը կը շարունակէ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին մէջ։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան յորդորեց հայեացքը մշտապէս ուղղել դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հունգարիայէն՝ «Հալածեալ քրիստոնեաներու օգնութեան եւ հունգարական աջակցութեան ծրագրի» պետական քարտուղար Թրիսթան Ազպէյը։ Ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Աննա Մարիա Շիքօ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին Սրբոց Աւետարանչաց տօնին առթիւ նախագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։