ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ, ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԻՆ, ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԵՐԷԿ ՅԻՇԵՑ ԱՐՑԱԽԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Վատիկանի մէջ այս օրերուն շատ կարեւոր ու պատմական իրադարձութիւն մը տեղի կ՚ունենայ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Այսպէս, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին նախագահութեամբ գումարուած է Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մեծ Սինոդը, որ կը համախմբէ աշխարհի բոլոր կողմերէն կարտինալները եւ եպիսկոպոսներ։
Մինչ Արցախի տարհանեալ հայութիւնը աննկարագրելի ողբերգութեան մը ենթարկուած է, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ալ այս շրջանին շարժման անցուցած է իր բոլոր լծակները՝ գաղթական հայորդիներու կարիքներու հոգածութեան նպատակով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ նահանգային խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Քիմ Ճէյմսի եւ Հակ Մըքտերմոթի։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ միաբաններէն Տ. Շահան Արք. Սվաճեան՝ վախճանման 10-րդ տարելիցին առթիւ։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի մէջ նախատեսուած էքիւմենիք ձեռնարկներու ժամանակացոյցը երէկ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ՝ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով նահատակուած հայորդիներուն համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, պատարագեց եւ քարոզեց՝ ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներու։
Հայաստանի անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ։ Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալները այս առթիւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին վրայ ծնրադիր աղօթեց վասն անսասանութեան հայոց պետականութեան։