Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ մատուցուած տաղաւարի Ս. Պատարագին մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին նաեւ իր պատգամին։ Յաւարտ Ս. Պատարագի, բոլոր ներկաներուն տեսակէտէ հոգեւոր բացառիկ ուրախութեան առիթ հանդիսացաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը։
Գնալըի բարձունքին երէկ մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շաբաթ առաւօտ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին առթիւ պատարագեց Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, սա վերջին տարիներուն ձեւաւորուած դրական աւանդութիւն մըն է, որու շնորհիւ մեր համայնքի կղզեբնակ անդամները հնարաւորութիւն կ՚ունենան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն զատ՝ իրենց գտնուած կղզիներուն մէջ հայածէս Ս. Պատարագին մասնակցելու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի։
Հրեայ ծայրայեղականներու ոտնձգութիւններն ու անարգական արարքները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի Մատենադարանի նորընտիր տնօրէն Արա Խզմալեանը, որուն ընկերացաւ գիտական գծով փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Իրանի նորանշանակ դեսպան Մեհտի Սոպհանին։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ եւ մաղթեց արդիւնաշատ ծառայութիւն։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հիւրընկալեց Լիբանանի պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիքա Եպիսկոպոսը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի վանքին մէջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ «Դերձակեան» դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտները։