Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, պատարագեց եւ քարոզեց՝ ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներու։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, պատարագեց եւ քարոզեց՝ ներկայութեամբ ուխտաւոր հաւատացեալներու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ) գումարեց ժողով մը, որմէ վերջ յայտարարուեցաւ, թէ յառաջիկայ հոկտեմբերի 1-ին նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը յետաձգուած է։
Հայաստանի անկախութեան 32-րդ տարեդարձին առթիւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ հանդիսապետութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ս. Գայիանէ վանքի երդիքին տակ։ Հոգեւորականաց դասը եւ հաւատացեալները այս առթիւ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով եւ անվտանգ կեանքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը խորանին վրայ ծնրադիր աղօթեց վասն անսասանութեան հայոց պետականութեան։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Վասիլիս Մարակոսին։
Խոր անհանգստութեամբ տեղեկացանք, որ Ատրպէյճան «հակաահաբեկչական գործողութեան» իրականացման կեղծ պատճառաբանութիւններով ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու սկսած է Արցախի դէմ, հրետակոծութիւններու ենթարկելով խաղաղ բնակավայրերը, թիրախաւորելով մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս ամրան շրջանը եզրափակուեցաւ։ Եղանակի վերջին Ս. Պատարագը զուգադիպեցաւ Խաչվերացի տօնին։
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան Խաչվերացի աւանդական տօնակատարութիւններ։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ օրուան խրատականը։
Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տաղաւարին նախորդած երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկում եւ բժշկութեան աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Սայաթ Սրկ. Չընարեան։
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Պուէնոս Այրէսի «Մարի Մանուկեան» վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները։