ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 175-ԱՄԵԱՅ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ - (Բ)
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արդէն տեղեկացուցած էինք, որ այս տարի կը լրանայ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ 175-րդ տարեդարձը: Այս յոբելենական առիթով, բազմաթիւ ձեռնարկներու կարգին, լոյս տեսաւ «Յուշամատեան Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ 175-ամեայ տարեդարձին առթիւ» հատորը, զոր խմբագրած եւ աշխատասիրած է վերապատուելի տքթ. Վահան Յ. Թութիկեան: