ԴՈՒՆ ՔԵԶ ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ՝ ՈՒԺԵՐՈՒԴ ՀԱՒԱՏԱ՛
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ինքզինք թերագնահատելը եւ անկարող համարելու թերարժէքութեան բարդոյթը որքան արտաքուստ աշխարհին հետ կապուած ըլլան, այնքան ալ ի ներքուստ արմատաւորուած համոզումներ են։ Արտաքին աշխարհի մէջ է, որ դուն քեզ կը դրսեւորես, սակայն նախքան դրսեւորելդ՝ այդ համոզումը քու ներսիդիդ հաստատուած պէտք է ըլլայ։