ՀԱՐԱԶԱՏՆԵ՞ՐԸ, ԹԷ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քիչ մը տարօրինակ է խօսիլ բարեկամութեան մը մասին, որ կրնայ վնաս պատճառել: Եթէ վնասակար է, ուրեմն բարեկամութիւն չէ: Մարդիկ արդէն իսկ սկսած են վարժուիլ նոր տեսակի եւ որակի բարեկամութիւններու: