ԶԳՈ՛ՒՇԱՑԻՐ ՍՏԱՊԱՏԻՐ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐԷՆ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Աղանդաւորական շարժումները քրիստոսահաստատ Եկեղեցւոյ սկբզնաւորման շրջանէն սկսեալ քամիի նման դէսուդէն կը փչեն, քրիստոնէական Եկեղեցիէն աւելի՛ բան մը ըրած ըլլալու յաւակնոտութեամբ։ Լորձնաշուրթն աղանդաւորները կը փորձեն «թերահաւատները Աստուծոյ ճամբուն առաջնորդել, խաւարի մէջ խարխափող մարդիկը լուսաւորել, մեղքի թմբիրի մէջ եղողները զգաստացնել եւ մոլորածները ճամբու բերել»՝ զանոնք առաջնորդելով իրենց նախասիրած ուղղութեամբ։
Երեւանի ճազի փառատօնը անմոռանալի պահեր կը պարգեւէ երաժշտասէրներուն՝ որակով, մակարդակով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արամեան սանուց միութեան մէջ անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցած «Գատըգիւղի Յուշամատեանի» շնորհանդէսին ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական 17-րդ հանրապետական փառատօնի նպատակներէն մէկն է տաղանդաւոր եւ գործունեայ թատերախումբերը բացայայտելն ու անոնց համար փորձի փոխանակման հարթակ ստեղծելը։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Արեւը բոլորինն է» խորագիրը։ Ան տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբեր 30-Նոյեմբեր 4 թուականներու միջեւ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Հոկտեմբերի 20-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ կատարուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Կիրակնօրեայի աշակերտներ, անոնց ծնողները ու մեծ թիւով հաւատացեալներ: