ՆՈՐ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԸ…
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Որքան որ արհեստագիութեան միջոցները մեզ կը հեռացնեն շատ սիրելի ժանրէ մը՝ նամականիէն, այնքան հարազատ ու փայփայուած կը դառնայ գրական այդ ժանրը, որ դարեր շարունակ եղած է կենսունակ. մեծերուն եւ պարզ մարդոց նամակներուն միջոցաւ մենք կրցած ենք տեսնել անոնց ապրած ժամանակը: Որքան յոյզեր, ապրումներ, սպասում եւ խորհրդաւորութիւն կայ թուղթին վրայ գրուած, պահարանին մէջ դրուած եւ թղթատարութեամբ առաքուած նամակներուն մէջ: