ՄՈՆՐՈՅԻ ԻՐԵՐՈՒՆ ԱՃՈՒՐԴԸ
20-րդ դարու ամենայայտնի կիներէն մէկուն՝ Հոլիվուտի դերասանուհի, երգչուհի Մերլին Մոնրոյին պատկանած իրերու մեծ հաւաքածոն այս տարի Լոս Անճելըսի մէջ կը հանուի աճուրդի։ Կ՚ենթադրուի, որ հաւաքածոյին մէջ ներառուած ուշագրաւ նմոյշները պիտի վաճառուին շուրջ 4 միլիոն ամերիկեան տոլարով։