ԳՈՒՆԱԳԵՂ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Լեփլենտը այլեւս հեռաւոր երազ մը չէ հայ մանուկներուն, ինչու չէ նաեւ մեծերուն համար: Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնները հոգացած են ձմեռնային զուարճանքներու սիրահարներու նախասիրութիւնները եւ Կաղանդէն երկու շաբաթ առաջ Թիֆլիզի խճուղիին վրայ գտնուող «Երազ» այգիի տարածքին Լեփլենտի կրկնօրինակը բացուած է, որ նաեւ Անդրկովկասի մէջ նմանատիպ առաջին վայրն է:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գուրուչէշմէի «Սուատա»ին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական երեկոյթ մը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարեվերջին մեր համայնքը ունեցաւ շատ ցաւալի կորուստ մը։ Ոչ եւս է երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Վարդան Մելիքեան։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ, չարթննալով գիշերուան քունէն։