Ծնողներուն Կոչ՝ Պոյքոթի Ենթարկել «Վիթեք» Խաղալիքները
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ առաջին մարդն իսկ իր նորածինը զբաղեցնելիք առարկայ մը փորձած է ստեղծել, մանուկին համար խաղալիք մը հնարել, բնազդաբար զգալով, որ երախաներուն համար կենսական է խաղալը: Յաճախ նշմարած էք, որ նուէրը երբ տրուած է մանուկին, ան սկիզբը աւելի ժամանակ յատկացուցած է տուփին եւ ժապաւէնին, քան՝ մէջի խաղալիքին: