ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԻՆ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի ծովուն մօտ գտնուող Պուրճ Համուտը Արա Մածունեանի ծննդավայրն է: Անոր խոնաւ ամառներով ու անձրեւոտ ձմեռներով հասակ առած քանի-քանի սերունդներ արդէն կը վկայեն այս հայկական աւանին մասին:


