ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հասած ենք տարւոյն երրորդ տաղաւարի տօնակատարութեան։ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցը այս տաղաւարը կը ներկայացնէ «Կանոն Պայծառակերպութեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ ի Թաբոր Լեռինն» խորագրով, որմէ անմիջապէս յետոյ կը գործածէ «Վարդավառի կիւրակէ» բառերը։